Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Կէսօրին Տեղի Կ՛ունենայ 2026-ի Մոնտիալի Վիճակաձգութիւնը

December 13, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր, ժամը 13:00-ին, 2026-ի մոնտիալի զտումի մրցումներու վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունեայ:

Եւրոպական խումբերը պիտի բաժնուին 12 խմբակներու մէջ, որոնց առաջին 6 խմբակները պիտի բաղկանան 4 խումբերէ, իսկ 7-րդէն 12-րդ խմբակները` 5 խումբերէ:

Առաջին դիրքը գրաւող խումբերը ուղղակիօրէն պիտի հասնին Մոնտիալ, մինչ մնացեալ 4 դիրքերուն համար 16 խումբեր փլէյ օֆ պիտի խաղան: 12 խմբակներու 2-րդ դիրքը գրաւող խումբերը եւ 4 լաւագոյն 3-րդ դիրքը գրաւող խումբերը, որոնք լաւագոյն արդիւնքները ձեռք բերած են Ազգերու լիկայի մրցաշարքին, պիտի մասնակցին փլէյ-օֆի մրցումներուն:

Զտումի մրցումները պիտի սկսին մարտին եւ կ՛աւարտին նոյեմբերին, մինչ փլէյ-օֆի մրցումները տեղի կ՛ունենան մարտ 2026-ին:

5 խումբեր ունեցող խմբակները կը սկսին մարտին, մինչ 4 խումբ ունեցող խմբակներու զտումի մրցումները կը սկսին սեպտեմբերին` նկատի ունենալով Ազգերու լիկայի քառորդ աւարտական (մարտ) եւ կիսաւարտական (յունիս) հանգրուանները: Կարգ մը մրցումներու դաշտը կրնայ փոխուիլ ճամբորդելու, կլիմայական կամ քաղաքական պատճառներով: Ազրպէյճան, Ղազախստան եւ Իսլանտա այդ երկիրներուն մաս կը կազմեն: Շատ ցուրտ ձմեռ ունեցող 7 երկիրներու նոյն խմբակին մէջ գտնուիլը վերատեսութեան կ՛ենթարկուի Ֆինլանտայի եւ Նորվեկիոյ նման: Մինչ յիշեալ զոյգ խումբերը չեն կրնար նոյն խմբակին մաս կազմել` Սպանիա – Ճիպրալթար, Ուքրանիա – Պիելոռուսիա, Քոսովօ – Պոսնիա, Քոսովօ – Սերպիա:

Նկատի ունենալով Ազգերու լիկայի քառորդ աւարտականի մրցումները, խմբակի գլուխները կրնան փոխուիլ: Օրինակ, եթէ Գերմանիա Ազգերու լիկայի քառորդ աւարտականին դուրս ձգէ Իտալիան, Գերմանիա մաս պիտի կազմէ 4 խումբէ կազմուած խմբակի, իսկ Իտալիա` 5:

Նշենք, որ Եւրոպայի 54 խումբերը դասուած են 5 կարգերու: Ա. կարգի խումբերուն մաս կը կազմեն Գերմանիա, Ֆրանսա, Սպանիա, Անգլիա, Փորթուգալ, Նետերլանտներ, Պելճիքա, Իտալիա, Խրուաթիա, Զուիցերիա, Դանիա եւ Աւստրիա:

Հայաստան մաս կը կազմէ 4-րդ կարգի խումբերուն: Առաջին 4 կարգերուն մաս կը կազմեն 12-ական խումբեր, մինչ 5-րդ կարգին մաս կը կազմեն 6 խումբեր:

Նախորդը

Ճատրակ. Կուքիշ Տի` Աշխարհի Ամէնէն Երիտասարդ Ախոյեանը

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Եուվենթուս Յաղթեց Մանչեսթըր Սիթիին. Պարսելոնա Յաղթեց Տորթմունտին

RelatedPosts

Նշմար.  Արգիշտի Պետրոսեան` Օրինակելի Մարզիկը
Մարզական

Նշմար. Արգիշտի Պետրոսեան` Օրինակելի Մարզիկը

October 2, 2026
Դ. Դասակարգի Տիտղոսին Համար.  Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսին Համար. Այս Կիրակի` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 2, 2026
Ուասլ.  Ռիատի Իր 3-րդ Մրցումն Ալ Յաղթեց
Մարզական

Ուասլ. Ռիատի Իր 3-րդ Մրցումն Ալ Յաղթեց

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.