Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Արցախցիներուն Հարցերը, Չեն Հետաքրքրեր Իշխանութիւնները, Այլ Կը Հետաքրքրեն Իրենց Աթոռի Անվտանգութիւնն Ու Երկարաձգումը
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Թադէոս Աւետիսեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին անդրադրաձաւ Հայաստանի կառավարութեան որոշումին, ըստ որուն, մարտէն ետք Արցախէն բռնի տեղահանուած անձինք պիտի զրկուին 50 հազարական դրամ աջակցութեան ծրագիրէն: Կառավարութիւնը իր նիստի ընթացքին հաստատեց որոշումը, ըստ որուն, յունուարէն աջակցութեան ծրագիրը փոփոխութեան պիտի ենթարկուի, իսկ արդէն յաջորդ տարուան ապրիլէն աջակցութեան ծրագիրէն օգտուելու կարելիութիւն պիտի ունենան միայն յատուկ խումբերու անձինք: Կառավարութեան անդամները այս կը բացատրեն անով, որ արցախցիները արդէն ներգրաւուած են Հայաստանի մէջ, կրնան աշխատիլ, բացի այդ` կ՛իրականացուի կառավարութեան բնակապահովման ծրագիրը:
Հարցումին, թէ արդե՞օք արցախցիներուն ընկերային վիճակը բարելաւուած է, մարդիկ աշխատանք ունի՞ն, Թադէոս Աւետիսեան պատասխանեց. «Իրականութեան մէջ որեւէ հարց ալ չեն լուծեր, այդ ծրագիրները իրենք սկսան իրականացնել այն ժամանակ, երբ արցախցիներու շրջանի մէջ մեծ բողոքի ալիք կար, ի վերջոյ, տնաւեր ու հայրենազուրկ դարձուցին մարդիկը, եւ փորձեցին որոշ չափով ընկերային հարցերը լուծել` մեկնելով նորէն իրենց քաղաքական նպատակներէն, որ իրենց աթոռը չերերայ: Իսկ հիմա, ցաւօք սրտի, արցախցիներուն մէկ մասը արտագաղթած է, դժգոհութեան այդ ալիքը տկարացած է, ուրիշ մաս մը ձեւով մը գլխուն ճարը տեսած է, եւ իշխանութիւնները արդէն փաստացի կ՛երթան այն ճանապարհով, որ իրենց իրական ճանապարհն է: Այսինքն զիրենք որեւէ ձեւով չեն հետաքրքրեր արցախցիներուն հարցերը, այլ կը հետաքրքրեն իրենց աթոռին անվտանգութիւնը ու երկարաձգումը»:
Անոր խօսքով, յառաջիկայ տարի տնտեսական լուրջ դժուարութիւններ կը սպասուին` ե՛ւ հարկային մուտքերու ապահովման, ե՛ւ ծախսերու իրականացման, ե՛ւ պետական պարտքի սպասարկման առումով: Եւ իշխանութիւնները կը փորձեն բոլոր կարելի ծախսերը կրճատել: «Իսկ այստեղ իրենք որեւէ նեղ քաղաքական, կուսակցական շահ չունին, եւ բնական է, որ առաջնահերթ կրճատման ուղղութիւններէն մէկը այդ պիտի ըլլար: Ի դէպ, յիշեցնեմ, որ յաջորդ տարի թոշակները, նպաստները եւ նուազագոյն աշխատավարձը եւս պիտի չբարձրանան: Այնպէս որ, խնայողութեան ձեւերու անցած են, բայց ոչ թէ իրենց պարգեւատրումներուն, շռայլութիւններուն, պետական մեքենաներու ու քարտուղարուհիներու աշխատավարձերու հաշուոյն կը խնայեն, այլ` արցախցիներու, ընկերային գետնի վրայ անապահով մեր հայրենակիցներու հաշուոյն, աւելցուց պատգամաւորը:
Թադէոս Աւետիսեան նաեւ նշեց, որ յառաջիկայ տարի կը սպասուի աղքատութեան ցուցանիշի աճ: «Ես արդէն գնահատած եմ` այս տարուան եւ յառաջիկայ տարուան գնաճը շարունակական պիտի ըլլայ: Հակառակ անոր որ այս տարի քիչ էր, բայց յառաջիկայ տարի առնուազն 4-5 տոկոս գնաճ կը կանխատեսուի: Մեր գնահատումով նուազագոյն սպառողական զամբիւղի մէջ մտնող կարեւորագոյն պարէնային ապրանքներն ալ աւելի բարձր գնաճ պիտի ունենան` հասնելով մինչեւ 10-15 տոկոսի: Իսկ այս պայմաններուն մէջ, եթէ չփոխուին ընկերային աջակցութեան չափերը` նպաստ, թոշակ եւ այլն, կը նշանակէ, որ յառաջիկայ տարի մեր թոշակառուները, աղքատ ընտանիքները եւ պետական աջակցութեամբ ապրող միւս խումբի քաղաքացիները պիտի ապրին աւելի վատ, քան` այս տարի, որովհետեւ գնաճը պիտի խժռէ անոնց իրական եկամուտները», նշեց ան:
Համազգայինի Երեւանի Գրասենեակի Կազմակերպութեամբ Կայացաւ Խաչիկ Մանուկեանի Ծննդեան 60-Ամեակին Նուիրուած Գրական Ցերեկոյթ
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակը Աւ. Իսահակեանի տուն-թանգարանին մէջ կազմակերպեց բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեանի ծննդեան 60-ամեակին նուիրուած գրական ցերեկոյթ:
Բազմաթիւ հիւրերուն մէջ էր նաեւ Բագրատ սրբազանը, որուն օրհնութեամբ եւ խօսքով մեկնարկեց ձեռնարկը: «Այս բոլոր տարիներուն ընթացքին ոչ մէկ վայրկեան ընկալումներուդ, սկզբունքներուդ, ապրումներուդ, գրիչիդ մէջ փոփոխութիւն տեղի ունեցած է, բանաստեղծին դիմելով` ըսաւ սրբազանը: – Եւ ինչպէս միշտ ըսած եմ, մեր սիրելի Խաչիկի թանաքի եւ արեան գոյնը նոյնն են: Իսկ մեր կեանքին համար ան ընծայած է ո՛չ միայն իր գրիչը, միտքը, սիրտը, ամբողջական նուիրումը, այլեւ իր կեանքի ամենաթանկը` իր զաւակը, որ բոլոր բանաստեղծութիւններուն, հրապարակային խօսքի, ամէնուն խտացումն ու բարձրակէտն է: Մարդ, որուն համար ոչ մէկ անգամ ոչ մէկ միլլիմեթր զիջում տեղի ունեցած է, աւելի՛ն, անընդհատ ընծայում»:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանի խօսքով, ներկաները հաւաքուած են բանաստեղծի մը շուրջ, որ տարիներ շարունակ խօսած է մեր միտքէն, հոգիէն եւ սիրտէն. «Դեռ շատ տարիներ առաջ առիթ ունեցած եմ գրելու Խաչիկ Մանուկեանի մասին եւ գրած եմ, որ մենք բախտաւոր սերունդ ենք, որ ունինք Խաչիկ Մանուկեանի նման տաղանդաւոր բանաստեղծի ժամանակակիցը ըլլալու բախտաւորութիւնը: Այսօր ալ նոյնը կը կրկնեմ: Խ. Մանուկեան կու գայ մեր դասական գրականութենէն, որուն բոլոր չափանիշները անոր բանաստեղծութեան մէջ ներառուած են: Ան այն քիչ բանաստեղծներէն է, որուն ապրումը անկեղծօրէն տող դարձած է, եւ ոեւէ մէկը, կարդալով անոր բանաստեղծութիւնները, իրեն ընկեր պիտի ճանչնայ, որովհետեւ այդքան մտերիմ կը զգայ, որովհետեւ կը խօսի բոլորիս մտքին, հոգիին հետ: Ես չեմ ուզեր անդրադառնալ անոր մարդկային կերպարին, փոխարէնը` կ՛ուզեմ ընդգծել, որ այս գրականութիւնը պիտի ապրեցնէ մեզ եւ պիտի ապրի շատ երկար տարիներ: Իր վերջին` «Անմահականս» գիրքը, որ նուիրուած է որդիին յիշատակին, անհնար է առանց յուզումի կարդալ, բայց եւ մէկ մխիթարանք կայ: Երբ կը կարդաս այդ դառն ապրումները, որոնք կը յուզեն քեզ մինչեւ հոգիիդ խորքը, անոր կողքին կայ նաեւ ապրելու եւ ապրեցնելու շատ գեղեցիկ պատգամ. որքան ալ ինքը կը խօսի իր վիշտի մասին, բայց ընթերցողին կը փոխանցէ ապրելու կամք, արիութիւն, որպէսզի հայրենիքը մեր աչքին լոյսին պէս պահենք»:
Ներկաներուն նաեւ ողջունեց բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեանը, որ իր խօսքին մէջ նկատեց, որ իր 60-ամեակի հանդիսութիւնը Համազգայինը որոշած էր Պէյրութի մէջ կայացնել, բայց «արկերը պայթեցան, յետոյ որոշեցինք, որ Երեւանն ալ նուազ Պէյրութ չէ, եւ, ուրեմն, հանդիպումը իրականացուցինք Երեւանի մէջ»: Բանաստեղծը նկատեց, որ իր տարեդարձը գարնան էր, եւ հասցուցին, ձմրան շեմը չհատած, նշել շատ պատուելի օճախի` Աւ. Իսահակեանի տուն-թանգարանին մէջ, ուր վարպետին շունչը կայ, որ ազգ կը պահէ:
«Եւ, ընդհանրապէս, բոլոր այն գրողները, որոնք կու գան մեր պատմութեան ուժը իրենց մէջ կրելով` անոնք ազգապահպան երեւոյթներ են, եւ պատահական չէ, որ այդ բոլոր տաղանդաւորները ընդվզեցան մեր ժամանակին դէմ, որովհետեւ իրենց ու մեր աչքին առաջ ազգ ու հայրենիք կը վերանայ: Մենք այդ ամէնը կը տեսնենք, բայց, ի ցաւ մեզի, չենք ընկալեր, մենք կարծես բթացած ենք մեր ժամանակին առջեւ, ու կարծես սովորական դարձած են այս տեղատարափ կորուստները, այս տեւական փոխզիջումները, այն բութ մտքերը, որոնք մեր ազգին անընդհատ կը յղուին: Ես շատ կ՛ուզեմ, որ մեր ժողովուրդը իր հայեացքը ուղղէ Իսահակեանին, Թումանեանին, Քոչարին: Իսկ այն գոյանքները, որ կ՛ըսէին` հերոսը հարկ մուծողն է, ես անոնց կ՛առաջարկեմ` երթան կանգնին Դաւիթի արձանին դէմ, որպէսզի քիչ մը տղամարդու շունչ գայ իրենց վրայ, եւ որպէսզի հասկնան` հերոսը ո՛վ է, հարկ մուծողը ո՛վ է: Բաներ կան, որոնք կը խելագարեցնեն մարդիկը: Շատ կ՛ուզեմ նաեւ, որ գնահատականները սկիզբէն տալով` հասկնանք, որ մենք մեր ազգային նկարագիրը կորսնցնել-չկորսնցնելու արահետին մէջ ենք, բայց երբեք ու երբեք, քանի ես կը շնչեմ, թոյլ պիտի չտամ, որ զաւակիս նուիրումը իր երկրին ու հայրենիքին` փոշիացնեն», ընդգծեց բանաստեղծը:
Իր 60-ամեայ ճանապարհը Խաչիկ Մանուկեան անցած է բազմաթիւ գիրքեր լոյս ընծայելով ու յաջողութիւններ արձանագրելով` կը մատնանշէ գրականագէտ Դաւիթ Գասպարեան ու կը նկատէ, որ ան երբեք իր ձայնը չէ յարմարեցուցած ու չէ կեղծած. «Խաչիկ այն բանաստեղծն է, որ ընթերցողին, ժողովուրդին առջեւ վերականգնեց բանաստեղծին, գրողին կերպարը: Գրողներու միութեան 500-600 անդամները` դեռ մէկ կողմ, բայց ժողովուրդին, իրականութեան հետ գրականութեան կապերը դանդաղ խզուեցան, ու այսօր ոչ թէ ընթերցողը հեռացած է գրականութենէն, այլ գրականութիւնն է հեռացել ընթերցողէն: Խաչիկ Մանուկեան այդ հեռացումը կրճատեց եւ ըսաւ` բանաստեղծը այս է, գրական խօսքն ալ` այս, որովհետեւ մարդու, ժամանակին, կեանքին հետ խօսիլ պէտք է եւ գրական մարդու կերպարը վերականգնել այս աւերուած ժամանակներուն մէջ` այսքան կորուստներու մէջ: Դիւրին չէր, բայց Խաչիկը կրցաւ զայն վերականգնել: Շատ բարձր կը գնահատեմ իր գրական ներկայութիւնը, որովհետեւ մեր առջեւ բանաստեղծ է, իրական ձայն»:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեանի դիտարկումով, Խաչիկ Մանուկեան իր ստեղծագործական կենսագրութեամբ նուաճած է բանաստեղծի սեփական բարձունքը. «Հայրենիքը կրկին` պղտոր փոթորիկներու մէջ է, կրկին անարդարութեան ու զրկանքներու զոհասեղանին` Խաչիկ Մանուկեան այս փոթորիկներուն հեռուէն չի նայիր, այլ անոնց մէջ է ե՛ւ ֆիզիքապէս, ե՛ւ հոգեպէս` իբրեւ բանաստեղծօրէն իր ժամանակներն ու բարքերը արձանագրող, անոնց դէմ ընդվզող մտաւորական ու քաղաքացի: Ուժեղ ու կրակոտ են Խաչիկ Մանուկեանին տողերը, եւ ընթերցողին համար ակնյայտ կը դառնայ, որ նախքան թուղթի վրայ ամրագրուիլը` անոնք անցած են բանաստեղծին արիւնաթախ տաք սրտին մէջէն»:
Արցախցիներուն Վերադարձի Իրաւունքի Շուրջ Քննարկում` Կազմակերպութեամբ «Եւրոպացիները` Յանուն Արցախի» Հարթակին
«Եւրոպացիները` յանուն Արցախի» հարթակը գումարած է առցանց հանդիպում` Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Կիպրոսի, Հոլանտայի, Չեխիոյ, Պելճիքայի, Զուիցերիոյ, Շուէտի, Դանիոյ, Պուլկարիոյ եւ Ֆրանսայի հայ համայնքներու ներկայացուցչական մարմիններու պատասխանատուներու եւ ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի անձնակազմի մասնակցութեամբ: Յարգելի պատճառով հանդիպումին չեն մասնակցած Յունաստանի, Ռումանիոյ եւ Փորթուգալի ներկայացուցիչները:
Քննարկման մասնակցած են նաեւ` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի կողմէ ստեղծուած Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնախումբի համակարգող, Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանը եւ յանձնախումբի անդամ Արմինէ Ալեքսանեանը:
Հանդիպման ժամանակ կարեւոր նկատուած է վերադարձի իրաւունքի իրացման համար էական նշանակութիւն ունեցող Արցախի պատմական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը: ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը նշած է, որ այսպիսի հանդիպումները շատ կարեւոր ու արդիւնաւէտ են: Ան յուսաց, որ շուտով քանի մը երկիրներ եւս կը միանան այդ հանդիպումներուն:
Երուսաղէմի Պատրիարքութեան «Կիւլպէնկեան» Մատենադարանի Տեսուչը Այցելած Է Ազգային Գրադարան Եւ Գրատպութեան Թանգարան
Նոյեմբեր 20-ին, Երուսաղէմի «Կիւլպէնկեան» մատենադարանի տեսուչ եւ «Սիոն» ամսագրի խմբագիր Ներսեհ վարդապետ Ալոյեան այցելած է Հայաստանի Ազգային գրադարան եւ հանդիպում ունեցած տնօրէնուհի Աննա Չուլեանի հետ:
Հայր Ներսեհ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան կողմէ Հայաստանի Ազգային գրադարանին նուիրած է Երուսաղէմի մէջ տասնեակ տարիներ առաջ տպուած հատորներ:
Հանդիպումին քննարկուած են «Կիւլպէնկեան» մատենադարանին մէջ պահուող հնատիպ գիրքերու, պարբերաթերթերու բացառիկ հաւաքածոներու հրապարակման աշխատանքներու կազմակերպման վերաբերեալ հարցեր:
Այնուհետեւ Հայր Ներսեհ այցելած է Գրատպութեան թանգարան, ուր թանգարանի տնօրէնուհի Բալասան Յարութիւնեան ներկայացուցած է ցուցադրուած բացառիկ հաւաքածոն, որուն «Հայ գրատպութեան սփիւռքը» կոչուող սրահին մէջ իր պատուոյ տեղը կը գրաւէ 1866 թուականէն հրատարակուող «Սիոն» ամսագիրը:
Այցելութեան աւարտին հայր Ներսեհ իր տպաւորութիւնները արձանագրած է թագարանի մատեանին մէջ:
«Տաթեւեր» Ճոպանուղին Երրորդ Անգամն Ըլլալով Աշխարհի Լաւագոյնը Նկատուեցաւ
«Տաթեւեր» ճոպանուղին երրորդ անգամն ըլլալով արժանացաւ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ ամէնէն հեղինակաւոր միջազգային մրցանակներէն մէկուն` World Travel Awards 2024-ին` այս տարի եւս յաղթելով «Աշխարհի յառաջատար ճոպանուղի» անուանակարգին մէջ: IDeA հիմնարկէն կը տեղեկացնեն, որ հայկական ճոպանուղին լաւագոյնը նկատուած է աշխարհին մէջ` յաղթելով Պոլիվիոյ, Պրազիլին, Վիեթնամին, Քանատային, Նոր Զելանտային, Միացեալ Նահանգներուն եւ Հարաւային Ափրիկէին: Նախագիծը արդէն երկու անգամ յաղթած է այս անուանակարգին մէջ` 2021-ին եւ 2023-ին:
Բաց քուէարկութենէն ետք «Տաթեւեր»-ին յաղթանակը յայտարարուեցաւ 24 նոյեմբերին, Փորթուգալի Մատէյրա կղզիին վրայ տեղի ունեցած World Travel Awards 2024 պաշտօնական մրցանակաբաշխութեան ընթացքին:
«Արդէն երրորդ անգամ այսպիսի հեղինակաւոր մրցանակի արժանանալը կը վկայէ այն մասին, որ Հայաստանի մէջ ունինք աշխարհի մակարդակով եզակի զբօսաշրջային ենթակառուցուածք, որ մէկ կողմէն կը նպաստէ մարզին ու անոր զբօսաշրջային ներուժի զարգացման, միւս կողմէ` երկրի հիւրերուն կը ներկայացնէ այն հոգեւոր ու մշակութային հսկայական ժառանգութիւնը, որ ունի հայ ժողովուրդը: Երկրորդ տարին է, որ հայրս կարելիութիւն չունի անձամբ ստանալու այս մրցանակը ու շարունակել իր բարեգործական ու մարդասիրական ծրագիրները, որովհետեւ շինծու մեղադրանքով ապօրինի կը պահուի Պաքուի բանտին մէջ: Հպարտ եմ, որ անոր ծրագիրները ամբողջ աշխարհի մէջ ճանաչելի կը դարձնեն Հայաստանը: Վստահ եմ, որ ան դեռ շատ նոր նախագիծներ կ՛իրականացնէ», ըսաւ «Տաթեւեր» ճոպանուղիի ծրագիրը իրականութեան վերածած Ռուբէն Վարդանեանի որդին` Դաւիթ Վարդանեան:
«Տաթեւեր» ճոպանուղիի տնօրէն Մարիա Պութենքօ ընդգծեց մրցանակին նշանակութիւնը Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման համար:
«World Travel Awards-ի մէջ յաղթելը եւս մէկ անգամ կ՛ապացուցէ, որ մեր համահիմնադիրին` Ռուբէն Վարդանեանի այս ծրագիրը ճիշդ մտածուած էր, լիովին կը ծառայէ իր նպատակին եւ կը շարունակէ ու պիտի շարունակէ օգուտ բերել Հայաստանին: «Տաթեւեր»-ը, անկասկած, կ՛աւելցնէ Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը: Մեր հիմնական նպատակն է հիւրերուն լաւագոյնս ներկայացնել Հայաստանը, յատկապէս` անոր զարմանահրաշ հարաւային շրջանը, եւ անոնց իսկապէս անմոռանալի փորձառութիւն մատուցել: Յոյս ունինք, որ այս յաղթանակը բազմաթիւ նոր հիւրեր կը բերէ Հայաստանի հարաւը եւ անոնց առջեւ կը բանայ Տաթեւի մշակութային եւ բնական հարստութիւնները», յայտնեց Պութենքօ:
Այս տարի ճոպանուղին նշեց իր 14-ամեակը, եւ անոր բացումէն ի վեր անիկա անգնահատելի ներդրում ունեցած է երկրի զբօսաշրջութեան զարգացման մէջ: «Տաթեւեր» այցելած են առաւել քան 1,3 միլիոն անձեր: Հայաստան եկող իւրաքանչիւր 5-րդ զբօսաշրջիկը Տաթեւ կ՛այցելէ:
Դադիվանքը Եւ «Փաստի Յօրինումը». «Գեղարդ» Հիմնարկ
«Գեղարդ» գիտական վերլուծական կեդրոնը Դադիվանքի մասին Ազրպէյճանի տարածած ապատեղեկատուութեան վերաբերեալ հրապարակեց յօդուած մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.
«Քարոզչական դաշտին մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան բռնաիւրացումը Ազրպէյճանի կողմէ կ՛իրականացուի քանի մը կեղծ թեզերէ բաղկացած «մեթոտական ձեռնարկով»:
«Եթէ կայ հայկական եւ հայատառ որեւէ գրութիւն, ապա, ըստ ազրպէյճանցիներուն, անոնք կատարուած են նոր շրջանի մէջ: Կախուած ժամանակի քաղաքական իրավիճակէն` այդ «աւելացումները» կատարուած են 19-րդ դարուն, իսկ Արցախի մէջ, ինչպէս իրենք կը նշեն` գրաւման տարիներուն»: Այս հնարքը օգտագործուած է, օրինակ, Ամբերդի պարագային: Ըստ ազրպէյճանցի հետազօտողին, Վահրամաշէն եկեղեցւոյ պատերուն հայերէն գրութիւնները աւելցած են 20-րդ դարու սկիզբը: Ազրպէյճանի գիտութիւններու ակադեմիայի «գիտնականներու» կեղծ պնդումներով, հայերը «ալպանական եկեղեցիներու դէմ նիւթական եւ հոգեւոր յանցագործութիւնները» սկսած են 1836 թուականէն, երբ «աղուանական եկեղեցին դարձած է թեմ ու ենթարկուած` Էջմիածինի եկեղեցւոյ»:
««Հայերէն գրութիւններ աւելցնելու» կեղծ թեզը պարբերաբար կիրարկուած է Դադիվանք վանական համալիրի նկատմամբ, որ ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած է 2020 թուականի նոյեմբերի վերջը:
«Օրերս ազրպէյճանական լրատուամիջոցներէն մէկը կարճ յօդուած մը հրապարակած է` «Ազրպէյճանական մեծ վանք Խուդավենգը ենթարկուած է հայկական կեղծարարութիւններու» վերնագրով: Ըստ այդ հրապարակման, 1993-2020 թուականներուն հայերը փորձած են կեղծել վանքին պատմութիւնը` զայն ներկայացնելով հայկական: Օրինակ` փոխարինուած են համալիրի խորհրդանիշները, տեղադրուած են այլ խաչեր, պատերուն վրայ աւելցուած են հին հայերէն գրութիւններ, իսկ ուտի-աղուաններու հին գերեզմանները իբր թէ աւերուած են»: