Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական Հայրենիք»-ի. Միականի Դատավարութիւն

Նոյեմբեր 7, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այն պահուն, երբ Միջին Արեւելքի կաթսան ահաւոր եռք կ’ապրի, մէկ կողմէ Կազայի մօտաւորապէս մէկ տարուան պատերազմին պատճառով, միւս կողմէ` Իսրայէլ-Լիբանան ճակատին վրայ բախումներու եւ հռթիռներու փոխանակման սաստկացումով ու ցամաքային թափանցումով, իսկ զուգահեռ գիծի մը վրայ` Իսրայէլ-Իրան ուղղակի ճակատումներու բացումով եւ Ուքրանիոյ անաւարտ պատերազմով, ահաւասիկ այս վտանգաւոր զարգացումներուն ստեղծած մտահոգութիւններուն «լուսանցքին» վրայ, հոկտեմբերի առաջին օրերուն Պաքուի մէջ նախատեսուած կենսոլորտի պաշտպանութեան նուիրուած ու ՄԱԿ-ի կազմակերպած խամաճիկ եւ ընդվզեցուցիչ ՔՈՓ-29 ժողովէն շաբաթներ առաջ, Ազրպէյճանի դատական ատեանը հաստատեց, որ Արցախի բանտարկուած ղեկավարներուն հասցէին նոր ամբաստանութիւններ կան: Անոնց կալանաւորման տարեդարձի նուէ՞ր մը արդեօք…

Ամիս մը առաջ պատանդները մեղադրուած էին, որ ապօրինի զինեալ խմբաւորումներ կազմաւորած ու մարզած են եւ` ահաբեկչութիւն կատարած: Իսկ ամիս մը ետք, ահա` դարձեալ շինծու մեղադրանք մը, թէ բանտարկուած ղեկավարները… պատմամշակութային յուշարձաններ ոչնչացուցած են:

Այս լուրը իմացողը առանց շունչ առնելու` անմիջապէս պիտի ըսէր. «Տե՛ս, թէ ո՛վ է խօսողը»:

Այո՛, Look who’s talking… Շէյքսփիրեան լեզուով աւելի հարազատ կը հնչէ այս կարճ ու կտրուկ հակազդեցութիւնը:

Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին կերպարանափոխուած է: Այդ գեղեցիկ սրբատեղիէն ոչ շատ հեռու, իր իւրայատուկ կառոյցով Կանաչ ժամ կամ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին ոչնչացուած է: Դադիվանքը աղուանական կը հռչակուի…

Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցին հիմնայատակ եղած եւ անոր տեղը մզկիթ կը կառուցուի:

Հադրութի եւ այլ շրջաններու մէջ հաստատ փաստերը ցոյց կու տան, որ բազմաթիւ եկեղեցիներ, մատուռներ, խաչքարեր, յուշարձաններ եւ նոյնիսկ գերեզմաններ ո՛չ միայն քանդուած են, այլ հիմնայատակ եղած են ու ջնջուած` երկրի երեսէն: Կը սրբուին հերոս նահատակները ոգեկոչող կառոյցներ:

Ի՞նչ պիտի ըլլայ Գանձասարի, Ամարասի եւ այլ սրբատեղիներու ճակատագիրը:

Ափսո՜ս, ափսո՜ս եւ հազա՛ր ափսոս:

Դեռ կայ աւելի՛ն. շաբաթներ առաջ արցախահայութեան կոթողական կառոյցն ալ` «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» կամ «Տատիկ-Պապիկ»-ը  դիմափոխման եւ փաստացի սրբապղծման ենթարկուեցաւ:

Ուրեմն այս բոլոր պատմամշակութային յուշարձանները ոչնչացնողները, փոխանակ միջազգային դատարան ներկայանալու, կ՛ամբաստանեն բանտարկուած Արցախի ութ ղեկավարները` նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանն ու նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը, իբրեւ մշակութային կոթողներ քանդողներ… Դատավարութիւն ալ պիտի ըլլայ միականի, ԱՆ-արդար դատարանի մը մէջ: Եթէ դարձեալ դիմենք Շէյքսփիրի լեզուին, զայն պիտի կոչենք «ագեվազի դատարան» (kangaroo court), որ կը նշանակէ ագեվազի նման ցատկել ճշմարտութիւններու եւ այսպէս կոչուած, ամբաստանեալներու իրաւունքներուն վրայէն:

Ձեւական է ամէն բան, եւ այդ ալ` ինչպէ՜ս: Միակողմանի դատավարութիւն մը պիտի ըլլայ, ուր ոչ մէկ միջազգային չափանիշ ի զօրու պիտի ըլլայ:

Անտառի օրէնքներն են, որ կը կիրարկուին:

Որքա՜ն բոպիկցած ու խեղճացած ենք: Մեր «ազգընտիր վարչապետ»-ը ՄԱԿ-ի բեմահարթակէն ո՛չ մէկ խօսք արտասանեց մեր գերիներուն, պատանդներուն, Արցախի եւ Հայաստանի գրաւեալ շրջաններուն մասին: ԱՐՑԱԽ բառն իսկ չգործածեց: Նշաձողը այնքա՛ն մը իջեցուցած է, որ… գետնին տակ անցած է, ա՛լ գոյութիւն չունի: Դժբախտաբար նոյնն էր պատկերը այդ բեմահարթակին վրայ, Երեւանի մէջ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած համաշխարհային հայկական գագաթաժողովին, ուր ամէն երկրորդական եւ գերերազային հարցերու մասին խօսուեցաւ` բացի ԱՐՑԱԽ-էն:

Ըստ երեւոյթին, իր իսկ բնութագրած` «Տնային խօսակցութիւններ»-ուն հետ երբեք կապ չունին ԱՐՑԱԽՆ ՈՒ ԱՆՏՈՒՆ ԱՐՑԱԽՑԻՆ:

Պաքուի մէջ աղաղակող կերպով եւ ամենայն կոպիտ ձեւով` ափ աշքարա, խախտած են մարդու իրաւունքները: Այդպէ՛ս կը վկայեն նաեւ միջազգային շրջանակներ: Թուրքիոյ «Գորշ գայլեր»-ն ալ հոս-հոն կը յիշեցնեն իրենց ներկայութիւնը, իսկ Երեւանի վարիչները ուրիշ կողմ կը նային, հոն, ուր իրենց ցոյց կը տրուի Պաքուէն, Անգարայէն ու անոնց հովանաւորներէն:

Ո՛չ ոք արդարութիւն եւ հաշիւ կը պահանջէ Ազրպէյճանէն:

… Եւ այս բոլորը` Պաքուի մէջ կայանալիք COP29-ի սեմին, երբ Հայաստանի շրջակայ գօտին ալ կը գտնուի Միջին Արեւելքը եռքի հասցուցած կաթսային դրացնութեան մէջ: Դաժան իրականութիւններ` որոնք մեր ժողովուրդը, ամբողջ ազգը կը դնեն հայրենիքի շահերուն պաշտպան իշխանութիւն մը երկրի ղեկին նստեցնելու հրամայականին դիմաց:

 

Նախորդը

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (11). Զսպուածութեան Հրամայականը Եւ Ներքին Կայունութիւնը Պահպանելու Գրաւը

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա 1». Պրազիլի Կրան Փրիէն Ետք Բազմաթիւ Նոր Մրցանիշներ Արձանագրուեցան

RelatedPosts

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?