Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւին Ուղղուած Նամակին Մէջ. Պայտըն. «Պիտի Պահանջուին Փոխզիջումներ, Կոչ Կ՛ուղղեմ` Մինչեւ Տարուան Աւարտը Վերջնականացնելու Խաղաղութեան Համաձայնագիրը»

October 22, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ գոհ են տեսնելով, որ Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը կայուն յառաջընթաց արձանագրած են խաղաղութեան համաձայնագիրի վերջնական ձեւակերպման ուղղութեամբ, ինչ որ պիտի կարգաւորէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւնները: Ազրպէյճանական պետական լրատուամիջոցները կը գրեն, որ այս մասին կը նշուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին ուղղուած նամակին մէջ:

«Կ՛ուզեմ վստահեցնել, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ են աջակցելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան, որ վերջնականապէս վերջ պիտի դնէ երկարատեւ տագնապին:

«Խաղաղութեան համաձայնագիրը ոչ միայն պիտի ապահովէ Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը, այլ նաեւ պիտի վերափոխէ ամբողջ շրջանը` ճամբայ հարթելով Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ առեւտուրի, ներդրումներու եւ կապի յաւելման համար», կը նշուի նամակին մէջ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը ընդգծած է, որ այն պայմաններու մէջ, երբ ՔՈՓ29 միջազգային խորհրդաժողովի վերաբերեալ աշխարհի ուշադրութիւնը սեւեռուած է Պաքուի վրայ, Ազրպէյճանը բացառիկ կարելիութիւն ունի միջազգային ընտանիքին ցոյց տալու խաղաղութեան իր յանձնառութիւնը:

«Ինչպէս գիտէք, խաղաղութեան համաձայնագիրի մնացեալ կէտերու վերջնականացումը պիտի պահանջէ ստեղծագործական մօտեցում եւ բոլոր կողմերէն փոխզիջում: Սակայն ես վստահ եմ, որ դուք պիտի շարունակէք հանդիպումները, եւ ես կոչ կ՛ուղղեմ այս տարի վերջնականացնելու համաձայնագիրը:

«Կ՛ուզեմ յանձնառութիւնս յայտնել` աջակցելու այս հարցին: Իմ վարչակազմս հաւատարիմ է համարձակ նախաձեռնութիւններուն, որոնք ճամբայ պիտի հարթեն դէպի խաղաղութիւն: Իմ խնդրանքովս իմ յատուկ օգնականս, Եւրոպայի գծով գլխաւոր տնօրէն Մայքըլ Քարփենթըրը պիտի տեղեկացնէ որոշակի քայլերու մասին, որոնք մենք պատրաստ ենք ձեռնարկելու, եւ պիտի պարզէ ձեր դիրքորոշումը Հայաստանի հետ բանակցութիւններու վերաբերեալ:

«Յոյսով եմ, պիտի օգտուիք այս կարելիութենէն` շրջանին համար ընդհանուր բարգաւաճման եւ ընդհանուր բարօրութեան նոր ուղի գծելու համար», եզրափակած է Պայտըն:

Նախորդը

Պլինքըն Այսօր Իսրայէլի Մէջ Պիտի Քննարկէ Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Դիւանագիտական Լուծումի Հասնելու Կարիքը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ  Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Հայ Գերիները

October 10, 2026
Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն  Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան  Զինուորական Աջակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Աւելի Քան 100 Քոնկրեսականներ Կը Պահանջեն Կասեցնել Պաքուին Ամերիկեան Զինուորական Աջակցութիւնը

October 9, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատար Տէյվիտ Ալենի Հետ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.