Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքի Դռները Չե՛ն Փակուիր

Հոկտեմբեր 22, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒԵՏԻՔ ՎՐԴ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Հսկիչ դպրեվանքի

Դպրեվանքի աշակերտական տարիներուս վերջին ամիսներն էին, երբ տուն-դպրեվանքի հանդէպ ունեցած կապուածութիւնս հետեւեալ ձեւով արտայայտեցի Կարօ Յովհաննէսեանին.

«Մենք արդէն քանի մը ամիսէն կ՛աւարտենք, յառաջիկայ քանի մը տարիներուն ալ մեր միւս եղբայրները պիտի աւարտեն. արդեօք նոր աշակերտներ պիտի տեսնե՞նք դպրեվանքին մէջ»:

Կարօ Յովհաննէսեան իր սովորական բարի ժպիտով ըսաւ. «Ա՛յն հաստատութիւնը, որ Տիրոջ կամքով կ՛առաջնորդուի, անոր դռները չե՛ն փակուիր»:

Այս հակիրճ երկխօսութենէն շատ չանցած` 2022-2023 տարեշրջանին, վեհափառ հայրապետին տնօրինումով, դպրեվանքի հսկիչ նշանակուեցայ: Երեք տարիներու համեստ փորձառութենէս մեկնելով` կրնամ ըսել, որ դպրեվանքի հսկիչ ըլլալը ինքնին ուսումնարան յաճախելու նման է, ուր կը սորվիս, առաւել քան երբեք, հասկնալ մարդը, կը սորվիս, պատանիին հետ իբրեւ պատանի վերաբերիլ, երիտասարդին հետ` իբրեւ երիտասարդ, կը սորվիս «ո՛չ» եւ «այո՛» ըսելու տեղերն ու յարմարագոյն ժամերն ու առիթները, կը սորվիս համբերել եւ ոչ անմիջապէս արագ որոշումներու յանգիլ, կը սորվիս զոհողութեան բառին ամբողջական իմաստը ապրիլ: Սուրբ Հոգին կու տայ այն գիտակցութիւնն ու լուսամտութիւնը, որպէսզի կարենաս հասկնալ Յիսուսին ուղղած խօսքը բոլորիս. «Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար» (Յh 15.13):

Համեստ փորձառութենէ ետք, այս անգամ ես կը վկայեմ ինծի շատ սիրելի եւ յարգելի դաստիարակ ուսուցիչիս` Կարօ Յովհաննէսեանին խօսքը. «Ա՛յն հաստատութիւնը, որ Տիրոջ կամքով կ՛առաջնորդուի, անոր դռները չե՛ն փակուիր»:

Ինչպէս այլ հաստատութիւններ, նաեւ դպրեվանքը փորձութիւններու եւ փորձանքներու կրնայ ենթարկուիլ, բայց ի տարբերութիւն միւս հաստատութիւններուն` անիկա «շինուած է ժայռի վրայ» (հմմտ. Մտ 7.24): Ուրեմն մենք ալ Աւետարանէն գիտենք. «Անձրեւները կու գան, գետերը կը յորդին, հովերը կը փչեն եւ կը զարնուին տան, բայց տունը չի կործանիր, որովհետեւ ժայռի վրայ հաստատուած է» (Մտ 7.25):

 ***

Դպրեվանքի դռները չե՛ն փակուիր:

Ասոր փաստը այս տարեշրջանն է: Փա՛ռք Աստուծոյ, հազա՛ր փառք, որ մեր ժողովուրդի զաւակներէն աւելի քան 50 ընտանիք վստահած է իր զաւակը դպրեվանքին: Աւելի քան 50 ընտանիք կը հաւատայ դպրեվանքի սրբազան առաքելութեան: Աւելի քան 50 ընտանիք կը վստահի դպրեվանքին: Աւելի քան 50 ընտանիք կը հաւատայ դպրեվանքին ջամբած դաստիարակութեան: Աւելի քան 50 ընտանիք խնդրած է դպրեվանքէն, ինչպէս մեր ծնողները օրին խնդրեցին, որ դառնանք հոգեմտաւոր նոր մարդեր եւ աստուածաշնչական արտայայտութեամբ` «Քրիստոսի միացած նոր արարածներ» (հմմտ. Բ.Կր 5.17):

Դպրեվանքի դռները չե՛ն փակուիր:

Այս տարի ունինք արցախցի հինգ նոր ուժեր: Արցախն ու դպրեվանքը զուգորդուեցան, ինչպէս «Մամիկն ու Պապիկ»-ը զուգորդուած են մեր մտապատկերին մէջ: Արցախն ու դպրեվանքը թանձրացուցին դպրեվանքի քայլերգին բառերը` «Սիրտ ի սիրտ եւ ձեռն ի ձեռն»: Արցախն ու դպրեվանքը դարձան մէ՛կ սիրտ եւ մէ՛կ ձեռք, մէ՛կ շունչ եւ մէ՛կ հոգի: Կ՛ուզէ՞ք Արցախը տեսնել եւ շնչել, դպրեվանքին մէջ կը գտնուին անոր հողին վրայէն քալածները, անոր օդէն շնչածները, անոր ջուրէն խմածները եւ անոր հացէն կերածները:

Դպրեվանքի դռները չե՛ն փակուիր:

Մենք վարժուած ենք դպրեվանքին մէջ տեսնել միայն փոքրահասակ դպիրներ` իբրեւ նո՛ր աշակերտներ, բայց հոգեկան գոհունակութիւն է եւ պէտք է ըլլայ բոլորիս համար, որովհետեւ դպրեվանքի առաքելութեան հաւատացող համալսարանաւարտ մեծեր ալ կան: Այս տարի դպրեվանքին դռնէն ներս մտան համալսարանաւարտ նոր դպրեվանեցիներ: Նոր սկիզբի, ճանապարհի եւ ուժի դռները բա՛ց են արդէն, եւ յոյսով ենք, որ այս նախընթացը առիթ կը դառնայ ուրիշ նոր համալսարանաւարտներու:

Դպրեվանքի դռները չե՛ն փակուիր:

Փոքրերը արդէն մեծցած են, եւ նոր փոքրեր մեծերուն տեղը առած են: Դպրեվանքը հզօրացաւ 16 նոր պատանի դպրեվանեցիներով: Այս օրերուն, երբ ամէն տեղ մարդուժի պակասը կայ, երբ ամէնուր աշակերտէ մինչեւ այլ պատասխանատու պաշտօն վստահուելու պակասը կը նկատուի, դպրեվանքը 16 նոր պատանիներու առջեւ իր դռները կը բանայ: Դպրեվանքը դռները միայն իրեն համար չի՛ բանար, այլ եկեղեցւոյ, ազգին եւ հայրենիքին համար կը բանայ: Դպրեվանքի դռնէն մտնողը իր անձին համար չի՛ մտներ եւ ո՛չ ալ լոկ դպրեվանքին համար կը մտնէ: Մեր մտահոգութիւնը դպրեվանքի գրասեղաններուն վրայ քանի մը աշակերտ ընդունիլը չէ եղած եւ չ՛ըլլար երբեք, այլ հեռատեսութեան մտահոգութիւնն է, յետոյի մտահոգութիւնն է, յետոյին համար նո՛ր ուժերու առջեւ դպրեվանքը իր դռները բացաւ, կը բանայ եւ պիտի բանայ: Անոնք պիտի զարգանան, աճին, իրենց միտքերը, հոգիներն ու զգացումները Տիրոջ խօսքերով, ազգային ինքնութեամբ եւ հայրենիքի հանդէպ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ պիտի առաջնորդուին:

Այնքան ատեն որ դպրեվանքի դռները փակ չեն մնար, ուրեմն ապագայ կայ, նոր ուժ կայ, եւ նոր սերունդ կայ:

Աղօթեցէ՛ք դպրեվանքին համար, աղօթեցէ՛ք, որ անոր դռները բա՜ց մնան, աղօթեցէ՛ք, որ Աստուած ի՛նք առաջնորդէ բոլորիս քայլերը, որպէսզի կարենանք նո՛ր մարդեր տրամադրել ե՛ւ եկեղեցւոյ ե՛ւ ազգին ե՛ւ հայրենիքին:

Այս մարտահրաւէրին յօդուածը կ՛աւարտեմ Թորգոմ արք. Գուշակեանի դպրեվանքին համար գրած քայլերգի վերջին պարբերութեամբ.

«Մայր մեր դու նուիրական,
Եկեղեցիդ հայկական,
Ընդունէ՛ մեր սրտից զոհ,
Զոր քեզ բերեմք հոգւով գոհ,
Դպրեվանուցս այս յարկիս,
Ուխտանուէր մեք որդիքս»:

 

 

Նախորդը

Մասունք Մը` Հալէպի Օրհնեալ Հողէն

Յաջորդը

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտ

RelatedPosts

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞
Անդրադարձ

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞

Օգոստոս 21, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?