Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասունք Մը` Հալէպի Օրհնեալ Հողէն

Հոկտեմբեր 22, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ

Լիբանանի տագնապալի այս օրերուն, կամքէ անկախ պատճառներով, Թեհրանէն Լիբանան եկայ: Հայ գիրքի հանդէպ ունեցած սէրս զիս մղեց, որ գործերս կատարելէ առաջ բարձրորակ եւ ընթերցման արժանի գիրք մը գտնեմ եւ անոր ընկերութիւնը վայելեմ Լիբանան կեցութեանս ընթացքին: Պրպտումներու առաջին կայարանը Անթիլիասի մայրավանքին մէջ գտնուող սենեակս էր: Հնագէտի ակնոցով գրադարանս պեղեցի, սակայն գիրքերուն մեծամասնութիւնը արդէն իսկ կարդացած էի: Յանկարծ «աչքիս զարկաւ» գրասեղանիս վրայ քնացող կապտագոյն գիրք մը: Հետաքրքիր աչքերով մօտեցայ գրասեղանիս: Եւ ի՜նչ տեսնեմ, հալէպահայ պատուական հայորդի Գրիգոր Էպլիղաթեանի արժանաւոր զաւկին` Մատթէոս (Մաթիկ) Էպլիղաթեանի հեղինակած «Անկրկնելի Հալէպը» խորագիրով գիրքը:

Մաթիկ Էպլիղաթեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան հանդէպ իր ունեցած մեծ սիրոյն եւ հաւատարմութեան պատճառով իւրաքանչիւր միաբան հօր օրինակ մը ուղարկած էր` չմոռնալով «Կիլիկիա» մատենադարանին բաժինը: Ուրախութիւնս անսահման էր երկու հիմնական պատճառներով: Նախ` որովհետեւ հալէպածին զաւակ եմ, եւ Հալէպի հանդէպ ունեցած տկարութիւնս զիս կը մղէ ակամայ քաշուելու այդ չքնաղ քաղաքին առնչուած որեւէ առարկայի կողմը: Եւ երկրորդ` որովհետեւ Մաթիկ Էպլիղաթեանը, ինչպէս ինծի, այնպէս ալ շատ մը հալէպահայերու մանկութեան քաղցր յիշատակներու նուիրական սենեակներուն մէջ մեծ տեղ եւ դեր ունի: Ան հալէպահայերու կողմէ չափազանց սիրուած եւ բարձր գնահատանքի արժանացած «Կիլիկիա» գրատուն-հրատարակչատան սեփականատէրն է: Այսօրուան նման կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս Հալէպի փառքի օրերուն այդ գրատունը լի էր ամէն տարիքի հայորդիներով:  Ծնողներ, իրենց մանուկներուն ձեռքերէն բռնած, կարգի կը սպասէին` մանկապատանեկան դաստիարակչական գիրք մը առնելու համար: Երիտասարդներ նոր հրատարակուած գիրքերէն օրինակ մը կ’ուզէին ստանալ: Հասուն տարիքի մարդիկ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ լոյս ընծայուած հայկական թերթերը կարդալու ծարաւը կ’ուզէին յագեցնել:  Ծնողք-մանուկ շքախումբին մէջ կ’ըլլայինք` մայրս ու ես: Սիրելի՛ մայրս, շաբաթական դրութեամբ, ամէն երեքշաբթի մանկապատանեկան քանի մը գիրք կ’առնէր, որպէսզի գիշերը քնանալէ առաջ ինծի կարդար: Որքա՜ն հետաքրքրական պատմութիւններ եմ լսած այդ գիրքերէն: Տակաւին ականջիս մէջ կը հնչեն սքանչելի պատմութիւնները` «Կարմիր գլխարկիկ»-ը, «Պետիկն ու գայլ»-ը, «Մոխրիկ»-ը, «Սասունցի Դաւիթ»-ը, «Ձիւնաթոյր»-ը եւ այլն, որոնք առիթ հանդիսացան, որ մտագանձանակս փարթամանայ, եւ երեւակայութիւնս ընդարձակուի: Դժբախտաբար այսօրուան պատանիները որոշ չափով զրկուած են այս բարիքէն ու միաժամանակ հաճոյքէն` արհեստագիտութեան եւ բջիջային հեռաձայններու նկատմամբ իրենց ունեցած կապուածութեան պատճառով: «Զո՞րն ասեմ, զո՛րն խոստովանիմ…»:

Իրապէս այս գիրքը արժանի է «Անկրկնելի Հալէպը» խորագիրին, որովհետեւ հեղինակը կարողացած է փորձառութեամբ, ամփոփ էջերու մէջ ներկայացնել Հալէպը իր փառաւոր անցեալով եւ իրապաշտ ներկայով: Հալէպահայուն համար անիկա յիշատակներու թարմացման առիթ է, իսկ ոչ հալէպահայուն համար` հալէպահայ կեանքին հետ մտերիմ հանդիպման ոսկեայ պատեհ մը: Զայն ընթերցողը Հալէպի թաղամասերուն մէջ շրջապտոյտ մը կը կատարէ, հալէպահայութեան ժողովրդական սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն կը ծանօթանայ, Հալէպի նշանաւոր շուկաները կ’այցելէ, ազգային վարժարաններն ու երկրորդական դպրոցները կը յաճախէ, աղօթք կը բարձրացնէ Հալէպի եկեղեցիներուն մէջ, ներկայ կը գտնուի զանազան ձեռնարկներու եւ տօնախմբութիւններու, կը ճանչնայ` հայ մամուլը, ակումբները, սրահները, հայրենակցական եւ ազգային միութիւնները, բարեսիրական եւ համայնքային կազմակերպութիւնները, պատմական վայրերը, ժողովրդային տուները, որբանոցները եւ տակաւին ի՜նչ ինչ վայրեր. մէկ խօսքով, կը ծանօթանայ հալէպահայ կեանքին` իր ամբողջական եւ հարազատ պատկերով:

Գիրքին մէկ մասին մէջ հեղինակը ակնարկ կը կատարէ նաեւ Սուրիոյ պատերազմին` կեդրոնանալով յատկապէս Հալէպի եւ Քեսապի հայահոծ շրջաններուն վրայ: Ան կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին այժմու գահակալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը եւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ  Շահան արք. Սարգիսեանը ամէն ճիգ ի գործ կը դնէին, որպէսզի հալէպահայութիւնը այդ աղէտեալ օրերուն տանելի կեանք մը ապրէր: Կը խօսի Ազգային իշխանութեան տարած աշխուժ եւ ազգօգուտ գործունէութեան մասին: Կը յիշէ հայ երիտասարդներուն կողմէ հայկական թաղերուն պաշտպանութեան եւ շտապ օգնութեան նուիրեալ ու անձնազոհ գործերուն մասին: Ցաւով կը պատմէ պատերազմին մեծաթիւ զոհերու եւ թաղման արարողութիւններուն մասին: Կը խօսի քեսապահայութեան տեղահանութեան եւ դարձին մասին:

Գիրքին լեզուն պարզ է, սահուն, սրտամօտիկ, հաղորդական եւ դիւրընթեռնլի: Երբեմն համեմուած է հայկական եւ արաբական առածներով, երբեմն ժողովրդական բառերով եւ երբեմն` գրական եւ պատմական մէջբերումներով ու դրուագներով: Ոճը հանգիստ է, պատմական եւ վիպական, հեռու` չոր, կտրուկ եւ անհաղորդ ոճէ: Այս գիրքը գրուած է բոլորին համար: Անձնապէս կարդալով` կրնամ վստահեցնել, որ ամէն տարիքի հայորդիները` թէ՛ պատանի, թէ՛ երիտասարդ, թէ՛ հասուն եւ թէ՛ տարեց, կրնան զայն կարդալ ամենայն հանգստութեամբ ու հաճոյքով:

Հեղինակին ոճին մէջ ուշադրութիւնս գրաւեց անոր լաւատեսութիւնն ու յոյսը: Գրեթէ բոլոր յօդուած-գրութիւններուն աւարտին առկայ են հետեւեալ արտայայտութիւնները. «Հալէպը կ’ապրի տակաւին», «Թէեւ վիրաւոր եւ պանդխտացած զաւակներով` կը շարունակէ ապրիլ, բայց պիտի ապրի՛», «Հայկական Հալէպը պիտի վերածաղկի», «Կուտակուած ամպերը պիտի հեռանան», «Ուշ կամ կանուխ խաղաղութիւնը պիտի վերականգնի», «Աղէտները եւ ձախորդ օրերը կը յաղթահարուին», «Կաղնիի բունը միշտ կանգուն` նոր ծիլեր կ’արձակէ` դժուար պայմաններու մէջ աւելի կարծր ճիւղերու վերածուելու նշաններ տալով», «Հալէպը կ’ապրի, այո՛, Հալէպը պիտի ապրի», «Սուրիահայութիւնը կը մնայ պատնէշի վրայ», «Լաւատեսութիւնը պիտի մնայ միակ դարմանը», «Պիտի տրոփեն (սուրիահայութեան սրտերը) գալիք լուսաւոր օրերու ուրախութիւններով»: Այսպիսի լաւատեսութեամբ յղի արտայայտութիւններ թոյլ կու տան, որ ընթերցողը յոյս ունենայ սուրիահայութեան եւ համայն հայութեան ապագային նկատմամբ:

Իբրեւ եզրակացութիւն` պէտք է ըսել, որ այս գիրքին ընթերցանութիւնը շատ բան փոխեց կեանքիս մէջ, հաւա՛տք ներշնչեց հալէպահայութեան յարութեան հանդէպ, յո՛յս տուաւ գալիքին նկատմամբ եւ լաւատեսութիւն առթեց այս դժուարին ու տագնապալից օրերուն մէջ: «Անկրկնելի Հալէպը» Հալէպի օրհնեալ հողէն մասունք մըն է, զոր ամէն հալէպահայ պէտք է պահէ` «որպէս բիբ ական», զայն կարդայ, արժեւորէ, յոյսով լեցուի եւ իր կարգին յուսադրէ:

Վա՛րձքդ կատար, սիրելի՛ պրն. Էպլիղաթեան:

Անթիլիաս, Լիբանան
5 հոկտեմբեր 2024

Նախորդը

Բ. Աշխարհամարտին Թշնամիին Մայրաքաղաքը` Պերլին Մտնող Գրաւող Եւ Քոչարի Պարող Առաջին Բանակը Հայկական Թամանեան Զօրաբաժինն Էր

Յաջորդը

Դպրեվանքի Դռները Չե՛ն Փակուիր

RelatedPosts

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞
Անդրադարձ

Ստորագրութիւններ Յանուն (Ոչ)ինչի՞

Օգոստոս 21, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?