ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ֆրանսական կառավարութեան որոշումով կոմս Տամիէն տը Մարթէլ 1933 հոկտեմբերին Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ Բարձր կոմիսար նշանակուեցաւ, փոխարինելով Հենրի Փոնսոն:
Սուրիոյ ներքին քաղաքական լարուած իրավիճակի պայմաններուն տակ վարչապետ Հաքքի Ազմ 16 մարտ 1934-ին հրաժարեցաւ եւ զայն փոխարինեց շէյխ Թաճէտտին Հասանի:
Այնթապ նահանգի վալի Ալի Աքիֆ Էյիտողան 27 ապրիլ 1934-ին Հալէպ այցելեց, սահմանային հարցերու շուրջ բանակցութիւններու համար: Բարձր կոմիսարի փոխ պատուիրակ Փիեռ Տիւրէօ Էյիտողանը Սանճագ հրաւիրեց: Անտիոքի թուրքերը փառաւոր ընդունելութիւն կազմակերպեցին վալիին: Ընդունելութիւնը հակասուրիական եւ անջատողական մեծ ցոյցի վերածուեցաւ: «Աթաթուրք, փրկէ՛ մեզ» բացագանչութիւններով, ցուցարարները հակաարաբական, հակաֆրանսական եւ հակահայ կոչեր արձակեցին: Տեղ-տեղ արիւնալի ընդհարումներ սկսան թուրքերուն եւ արաբներուն միջեւ:
Էյիտողան հանդիպումներ ունեցաւ տեղացի թուրք ղեկավարներուն հետ եւ թափ տուաւ Սանճագը Թուրքիոյ կցելու աշխատանքներուն:

Յաջորդող օրերուն, մայիս 5-ին եւ 6-ին, արաբներու եւ հայերու կողմէ թուրքերու մոլեռանդ եւ ծայրայեղական գործողութիւնները դատապարտող ցոյցեր տեղի ունեցան Անտիոքի, Ալեքսանտրէթի եւ այլ բնակավայրերու մէջ:
Քանի մը օր ետք արիւնալի բախումներ տեղի ունեցան արաբներու եւ թուրքերու միջեւ:
Բարձր կոմիսար կոմս Տամիէն տը Մարթէլ պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց Սանճագի Սուրիոյ պատկանելիութիւնը եւ հերքեց սահմանային փոփոխութեան կամ երկրամասը Թուրքիոյ կցելու մասին շրջան ընող զրոյցները:
Բարձր կոմիսարի հաղորդագրութեան հրապարակումէն ետք Անտիոքի մէջ թուրքեր ցոյցեր կազմակերպեցին` Սանճագը Թուրքիոյ միացնելու պահանջով:

Սանճագը իբրեւ թրքական նահանգ ցոյց տալու նպատակով յատուկ քարոզչութիւն սկսած էր, որ հետզհետէ լայն ծաւալ ստացաւ:
Բարձր կոմիսար կոմս տը Մարթէլ 1935 մարտին Անգարա այցելեց եւ պաշտօնապէս յայտարարեց որ թուրք-սուրիական սահմանը անձեռնմխելի է:
Յաջորդող օրերուն Սանճագի թուրքերը ցոյցերու ձեռնարկեցին եւ հեռագիրներ ուղարկեցին Անգարա եւ անձամբ` Աթաթուրքին, Թուրքիոյ միանալու առաջարկով:
Թայֆուր Ահմէտ Քարամուրսալ արդէն սանճագցի թուրքերէ կազմուած զինուած խումբեր ունէր եւ Անգարայի յատուկ աջակցութիւնը կը վայելէր:
Աթաթուրք 1 նոյեմբեր 1935-ին Թուրքիոյ խորհրդարանի բացման ճառին մէջ յայտարարեց որ «Անտիոքն ու Ալեքսանտրէթը թուրք հարազատներ են»:
Սուրիոյ մէջ հակաֆրանսական տրամադրութիւնները թուրքերը լաւագոյն կերպով օգտագործեցին եւ Սանճագը Թուրքիոյ կցելու գործնական քայլերու ձեռնարկեցին:
* * *

Սուրիոյ ազգայնականները, շէյխ Թաճէտտին Հասանիի կառավարութեան կազմութենէն ետք Հալէպի մէջ ցոյցեր կազմակերպեցին: Ոստիկանութիւնը կրակ բացաւ ցուցարարներուն վրայ: Շատեր ձերբակալուեցան եւ բանտերը նետուեցան:
Ֆրանսական հոգատարութեան դէմ ցոյցերը 1935-ին լայն ծաւալ ստացան: Դամասկոսի մէջ ցուցարարներ փճացուցին թրամուէյի գիծերը:
Դամասկոսի մէջ 11 յունուար 1936-ին հակաֆրանսական մեծ ցոյց մը կազմակերպուեցաւ: Նոյն օրը ազգայնականներ ժողով գումարեցին եւ Ազգային ուխտը ընդունեցին: Անոնք Սուրիոյ լրիւ անկախութիւնը եւ միասնականութիւնը պահանջեցին:
Յաջորդող օրերուն բողոքի ցոյցերը եւ գործադուլները ծաւալեցան Սուրիոյ բոլոր գլխաւոր քաղաքներուն մէջ: Արիւնալի ընդհարումներ սկսան ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ: Ազգայնական շարք մը ղեկավարներ ձերբակալուեցան եւ բանտ նետուեցան:
Բարձրագոյն կոմիսար կոմս Տանիէն տը Մարթէլի պահանջով վարչապետ շէյխ Թաճէտտին Հասանի 22 փետրուար 1936-ին հրաժարական տուաւ եւ Մոհամէտ Աթա Այուպի ժամանակաւոր կառավարութիւն կազմեց:
Կոմս Տամիէն տը Մարթէլի նախաձեռնութեամբ Սուրիոյ ազգայնականները բանակցութեան հրաւիրուեցան:
Ֆրանս-սուրիական բանակցութիւնները սկսան 28 փետրուար 1936-ին, Պէյրութի մէջ եւ տեւեցին երեք օր: Կողմերը համաձայնեցան ապագայ դաշնագիրի գլխաւոր կէտերուն շուրջ:
* * *
Սուրիոյ ազգայնականներու` «Քութլա ուաթանիա»-ի ղեկավար Հաշէմ Աթասի բանակցութիւններու եւ ֆրանս-սուրիական դաշնագիր կնքելու առաջադրանքով 26 մարտ 1936-ին Փարիզ մեկնեցաւ: Ֆրանսական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր կոմս Տամիէն տը Մարթէլ: Երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւնները սկսան ապրիլին եւ շարունակուեցան յաջորդող ամիսներուն: Ֆրանսական կողմը չէր ուզեր բաւարարել սուրիացիներու բոլոր պահանջները: Բանակցութիւնները դժուարութեամբ կ՛ընթանային: Ֆրանսացիք յատկապէս դէմ էին Սուրիոյ անկախութիւն տալու եւ երկիրը միասնակամ պահելու պահանջներուն: Անոնք կը պնդէին Ճեպէլ Տրուզը եւ Ալաուիներու երկրամասը Սուրիոյ կազմէն դուրս ձգելու պահանջին վրայ:
Նոյն ժամանակ, յունիսին Ֆրանսայի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններ տեղի ունեցան եւ յաղթանակ տարաւ ժողովրդային ճակատը: Կազմուեցաւ նոր կառավարութիւն` ընկերվարական Լէոն Պլիւմի գլխաւորութեամբ:
Այնուհետեւ բանակցութիւնները աւելի արագ եւ յաջող ընթացան:
Ֆրանս-սուրիական դաշնագիրը ստորագրուեցաւ 9 սեպտեմբեր 1936-ին: Այս դաշնագիրով Ֆրանսա կը ճանչնար Սուրիոյ անկախութիւնը եւ կը խոստանար երեք տարուայ ընթացքին վերջ տալ հոգատարութեան: Սակայն Ֆրանսա իրաւունք կ՛ունենար հինգ տարի զօրքեր պահել Սուրիոյ մէջ (Ճեպէլ Տրուզ եւ Լաթաքիա) եւ օդային երեք խարիսխներ կառուցել: Ֆրանսական զօրքերը կրնային ազատօրէն տեղաշարժիլ Սուրիոյ տարածքին: Ֆրանսական զինուորական առաքելութիւնը իրաւունք կ՛ունենար հսկելու սուրիական բանակին վրայ: Պատերազմի պարագային Ֆրանսա կրնար օգտուիլ Սուրիոյ հաղորդակցութեան ճանապարհներէն եւ ռազմական խարիսխներէն: Սուրիոյ կառավարութիւնը արտաքին քաղաքական հարցերու մէջ պարտաւոր էր խորհրդակցելու ֆրանսական կառավարութեան հետ:
* * *
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ռիւշթիւ Արաս յայտարարեց, որ իր երկիրը սկզբունքով շատ գոհ է Ֆրանս-սուրիական դաշնագիրի կնքումէն:
Իր կարգին Թուրքիոյ վարչապետ Իսմէթ Ինէօնիւ Սանճագի հարցը քննարկեց այդ օրերուն դէպի Ժընեւ ճամբուն վրայ Պոլիս գտնուող Իրաքի վարչապետ Նուրի Սայիտի հետ: Ինէօնիւ Նուրի Սայիտի ըսաւ. «Ես կը ցանկայի ձեր ուշադրութեան յանձնել Սանճագի հարցը, որուն վերջնական լուծումը կը պահանջեն թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Թուրքիոյ շահերը: Մենք հարց չբարձրացուցինք ֆրանս-սուրիական բանակցութեանց ժամանակ, որպէսզի ատիկա բացասաբար չանդրադառնայ անոնց ընթացքին վրայ: Մենք պատրաստ ենք ուղղակի բանակցութիւններ վարելու Սուրիոյ հետ, այդ հարցը լուծելու համար»:
* * *
Փարիզէն վերադարձող սուրիական պատուիրակութիւնը դէպի Դամասկոս ճամբուն վրայ սեպտեմբեր 22-ին հասաւ Պոլիս:
Սուրիացիք Ռիւշթիւ Արասի հետ ընդհանուր ձեւերով քննարկեցին Ալեքսանտրէթի Սանճագի հարցը:
Հաշէմ Աթասի ըսաւ, որ «Ալեքսանտրէթի թուրքերը կ՛ունենան նոյն իրաւունքները եւ պարտաւորութիւնները, որ մենք ունինք»:
Թուրքեր փորձեցին սուրիացիներու հետ ուղղակի բանակցութեամբ աւելի հեշտ կերպով եւ ի նպաստ իրենց լուծել Սանճագի հարցը:
Սակայն սուրիական պատուիրակութիւնը խուսափեցաւ ուղղակի բանակցութենէն, որուն համար լիազօրութիւն ալ չունէր:
Հաշէմ Աթասի իր ընկերակիցներուն հետ Դամասկոս հասաւ սեպտեմբեր 27-ին եւ դիմաւորուեցաւ իբրեւ ազգային հերոս:
* * *
Սուրիոյ մէջ 1936 նոյեմբեր 14-ին եւ 15-ին երեսփոխանական ընտրութիւններ նախատեսուած էին: Ընտրուած երկրորդ կարգի ընտրողները նոյեմբեր 30-ին պիտի ընտրէին Սուրիոյ նոր երեսփոխանական ժողովի անդամները:
Ընտրապայքարը սուր բնոյթ ստացած էր յատկապէս Ալեքսանտրէթի Սանճագին մէջ: Տեղացի արաբներն ու հայերը ամէն գնով կ՛աշխատէին ձախողութեան մատնելու թուրք անջատողականներու պառակտիչ քայլերը:
Թուրք անջատողական կազմակերպութիւնները եւ յատկապէս «Հաթայի անկախութիւն» խմբակցութիւնը թուրքերուն հրահանգեցին անպայման պոյքոթի ենթարկել ընտրութիւնները, «համայն աշխարհին ցոյց տալու համար որ բոլոր սանճագցիները Սուրիայէն բոլորովին տարբեր հաւաքականութիւն կը կազմեն»:

Անջատողականներուն դէմ դիրքորոշուած էին նաեւ Անտիոքի շրջանի թուրք ազդեցիկ Պերեքէթ, Ատալի եւ Քուսէյրիզատէ ընտանիքները եւ թուրքմէն քանի մը աշիրէթներ:
Քաղաքական ահաբեկչական մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով նոյեմբեր 6-ին անջատողականներ Անտիոքի մէջ օր ցերեկով արաբ չորս երիտասարդներ սպաննեցին:
Յաջորդ օր, զոհուած արաբ երիտասարդներու յուղարկաւորութիւնը արաբ-թրքական արիւնալի բախումներու վերածուեցաւ:
Անտիոքի ընդհանուր դատախազ, թուրք ազդեցիկ ընտանիքէ Չինչինզատէ բէկ, որ դատարանի շէնքին առջեւէն ժողովուրդին կոչ կ՛ուղղէր վերջ տալու եղբայրասպան կռիւներուն, սպաննուեցաւ անջատողական ծայրայեղականներուն կողմէ:
Նոյեմբեր 13-ին հայ-արաբական նախընտրական հաւաք նախատեսուած էր Անտիոքի մէջ:
Այդ օր Մուսա Լեռէն, Քեսապէն եւ այլ վայրերէ մեծաթիւ հայեր, ինչպէս նաեւ Սուէտիայէն եւ շրջակայքէն հազարաւոր արաբներ հաւաքուեցան Անտիոք: Հաւաքը խանգարելու թուրք ծայրայեղականներու բոլոր ջանքերը ձախողեցան շնորհիւ հայերու ու արաբներու աչալրջութեան եւ միասնականութեան:


