Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը

Քեսապի Գիւղերը` Կիլիկեան Աշխարհի Վերապրող Վկաները

October 21, 2026
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դերենիկ եպս. Փօլատեան

Դերենիկ Վարդապետ Քեսապի
Եւ Մուսա Լերան Գիւղերուն Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ալեքսանտրէթի Սանճագի հայերն ու արաբները, քրիստոնեայ, իսլամ եւ ալաուի, Սուրիոյ պետութեան կազմին մէջ մնալու եւ  շրջանը Թուրքիոյ կցելու քայլերուն դէմ իբրեւ  բողոք, ծրագրեցին 8 յունուար 1937-ին Անտիոքի մէջ մեծ ցոյց մը կազմակերպել:

Սանճագի հայերը ուրախութեամբ չէին տօնած Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը: Արդէն ամիսներէ ի վեր կը խօսուէր որ ֆրանսացիք Ալեքսանտրէթի Սանճագը Թուրքիոյ պիտի տան եւ ժողովուրդը վախի մէջ էր որ դարձեալ գաղթականի ցուպը ձեռք պիտի առնէ:

Մուսա Լերան վեց գիւղերու ժողովուրդին մեծամասնութիւնը, երիտասարդ ու տարեց, շաբաթ, յունուար 7-ի երեկոյեան խումբ առ խումբ ճամբայ ելաւ  դէպի Անտիոք:

Ալեքսանտրէթէն, Պէյլանէն, Աթիկէն, Նարկիզլիքէն, Ֆարթըսլըէն, Սովուգ Օլուքէն, Քրըք Խանէն եւ Ռիհանիէէն ալ մեծաթիւ հայեր ճամբայ ելան դէպի Անտիոք:

Մուսա լեռցիներու Անտիոքի մէջ ցոյցէն տեսարան մը

Անտիոքէն լուր ղրկուեցաւ Քեսապ, որ որքան կարելի է մեծ թիւով մասնակցիլ նախատեսուող ցոյցին:

Գալատուրանի հովիւ Տէր Պետրոս քահանայ Փապուճեան, աւետարանական համայնքի հովիւ վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեան, լատին համայնքի հովիւ փատրէ Սիլվեսթրօ, ժողովրդային հերոս Ովսիա Սաղտըճեան, տոքթոր Աւետիս Ինճեճիկեան եւ ահագին ժողովուրդ, ջորեպաններ Քէլի եւ Ղազարի առաջնորդութեամբ, շաբաթ, 7 յունուարի արեւածագէն առաջ հետիոտն ճամբայ ելան դէպի Անտիոք:

Քեսապէն Անտիոք մէկ օրուայ ճանապարհ էր: Կասիոս լեռը ձիւնով ծածկուած էր եւ փոթորիկը` մոլեգնած: Ձիւնը անդադար կը տեղար, եւ կ՛ոռնար բուքն ու բորանը: Շարք մը վտանգներ դիմագրաւելով, մեծ դժուարութեամբ եւ գրեթէ սառած վիճակի մէջ քեսապցիները երեկոյեան մութին հասան Անտիոք:

Անտիոք հասնողները խաներու եւ պանդոկներու մէջ տեղաւորուեցան: Վերջին հասնողներուն տեղ չէր մնացած: Շատեր խաներու սենեակներու յատակին փռուած սաւաններու վրայ, քով-քովի քնացան:

Կիրակի, յունուար 8-ի առաւօտուն տասնեակ հազարաւոր ժողովուրդ, հայ, արաբ, իսլամ, ալաուի, քրիստոնեայ, հաւաքուեցաւ Անտիոքի ընդարձակ հրապարակը: Հրապարակին վրայ կը գտնուէին քաղաքին առաջնակարգ պանդոկները:

Արհամարհելով սաստիկ ցուրտը, սառնամանիքը, ձիւնն ու փոթորիկը, խուռներամ ժողովուրդը սկսաւ տողանցել թեւ-թեւի, խիտ շարքերով եւ վճռակամ կեցուածքով:

Առաջին շարքերուն վրայ երիտասարդներ ֆրանսական եւ սուրիական դրօշները կը կրէին: Ամէն կողմ պաստառներ պարզուած էին: Ժողովուրդը կը թնդացնէր հրապարակը. «Կեցցէ՛ Սուրիան, կեցցէ՛ Ֆրանսան, կեցցէ՛ ֆրանսացի ազատասէր ժողովուրդը, կեցցէ՛ Ալեքսանտրէթի ինքնավար Սանճագը»:

Ցոյցը կը ղեկավարէին արաբական ազգայնականութեան գլխաւոր տեսաբաններէն Զեքի Արսուզի եւ հայկական լեգէոնական միութեան պատասխանատուներ: Եղան ճառախօսութիւններ: Ուղերձներ կարդացուեցան եւ պատգամներ յղուեցան ֆրանսերէն, արաբերէն եւ հայերէն լեզուներով:

Կարգ ու կանոնին կը հսկէին ֆրանսական ձիաւոր միլիսներ եւ սուրիական ոստիկան-զօրաց ուժեր:

Քաղաքական մեծ տարողութեամբ այս հսկայ ցոյցը թերթերուն կողմէ անուանուեցաւ իբրեւ «Մուսալեռցիներու մեծ ցոյց», «Յաղթանակը Մուսա Լերան»:

Ցոյցէն ետք, այդ օր մուսալեռցիք մեծ դժուարութեամբ վերադարձան իրենց գիւղերը. ոմանք հոն գիշերեցին եւ յաջորդ օր գիւղ վերադարձան:

Քեսապցիք յաջորդ օր հետիոտն Կասիոսի լանջերով վերադարձան իրենց տուները:

* * *

Քեսապի կեդրոնական թաղը 1950-ական թուականներուն: Կեդրոնը կ՛երեւին Սահակեան վարժարանը (1909), մայր եկեղեցին եւ երիցատունը

Թուրքիոյ նախագահ Աթաթուրք, վարչապետ Իսմէթ Ինէօնիւ, սպայակոյտի պետ մարաջախտ Ֆեւզի Չաքմաք եւ արտաքին ու ներքին գործոց նախարարները Գոնիայի մէջ 6 յունուար 1937-ին հանդիպում ունեցան, որմէ ետք թրքական զօրքեր կեդրոնացուեցան Սանճագի սահմաններու երկայնքին:

Այդ օրերուն յամառ զրոյցներ սկսան շրջիլ. կ՛ըսուէր, որ թրքական բանակը պատրաստ է մէկ օրէն միւսը Սանճագ ներխուժելու:

Ամէն օր, գիշեր թէ ցերեկ, կազմակերպուած ձեւով թրքական սահմանէն  զինուած մարդիկ կը մտնէին Սանճագ, համալրելու համար տեղացի թուրք խռովարարներու շարքերը:

Գրեթէ ամէն օր յատկապէս Անտիոքի մէջ թուրքեր խառնիճաղանճ ցոյցեր կը կազմակերպէին Թուրքիոյ միանալու պահանջով:

* * *

Ազգերու Դաշնակցութեան կողմէ նշանակուած եւ Սանճագ ուղարկուած երեք դիտորդները, շրջանի նոր կարգավիճակի  հաստատման առնչութեամբ, իրենց գործունէութեան աշխարհագրական շրջագիծը ընդլայնեցին` ընդգրկելով նաեւ Քեսապէն հարաւ, Լաթաքիոյ նահանգին Պայըրի եւ Պուճագի գիւղերը:

Դիտորդները 11 փետրուար 1937-ին այցելեցին Պայըրի եւ Պուճագի գիւղերը եւ հաստատեցին, որ «Գաւառի բնակչութեան երկու-երրորդը արաբներ են, մնացեալը` թուրքմէններ»:

Դիտորդներուն կողմէ հարցաքննուած անձերը յայտնեցին, որ իրենք տնտեսականօրէն կապուած են Լաթաքիոյ հետ:

Նոյն օրը դիտորդները հասան Սանճագի սահմաններէն ներս գտնուող Քեսապ եւ շրջեցան  շրջակայ գիւղերը: Անոնք արձանագրեցին շրջանի հայութեան կամքը եւ ցանկութիւնը` իրենց գաւառը կցել Լաթաքիոյ նահանգին, որմէ կախում ունին տնտեսապէս:

Յաջորդ օր, փետրուար 12-ին դիտորդները հասան Մուսա Լեռ եւ ընդունուեցան երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեանի ու շրջանի երեւելիներուն կողմէ: Անոնք շրջեցան հայկական գիւղերը եւ հարցեր ուղղեցին բնակիչներուն: Բոլորին ցանկութիւնը նոյնն էր` խաղաղ կեանք ունենալ, եւ ծնած ու մեծցած ըլլալով Սուրիոյ մէջ, եւ իբրեւ սուրիական հայրենիքի զաւակներ` միշտ կապուած մնալ սուրիական հայրենիքին:

Յաջորդող օրերուն դիտորդները այցելեցին Պէյլան, Աթիկ, Նարկիզլիք, Ֆարթըսլը եւ Սովուգ Օլուք: Շրջանի հայերը իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին իբրեւ սուրիացի քաղաքացիներ եւ ցանկութիւն` կապուած մնալու սուրիական հայրենիքին:

Դիտորդները, իրենց առաքելութիւնը աւարտած նկատելով, 16 մարտ 1937-ին մեկնեցան Ժընեւ:

* * *

Քեսապի Հայ առաքելական սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, վերանորոգուած

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան, բնիկ քեսապցի Դերենիկ վարդապետ Փոլատեան (հետագային` եպիսկոպոս) 1933-ին Անթիլիասի դպրեվանքը մտած եւ 1935-ին ապագայ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին հետ  կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած էր ձեռամբ դպրեվանքի առաջին վերատեսուչ Շահէ արքեպիսկոպոս Գասպարեանի: Անոնք դպրեվանքի տարիներու զոհողութեանց առաջին պտուղները եղած էին:

Դերենիկ աբեղայ 1936-ին վարդապետական գաւազան ստացած էր Բաբգէն Աթոռակից կաթողիկոսէն:

Դերենիկ վարդապետ կաթողիկոսարանին կողմէ 1937 մարտին մասնաւոր առաքելութեամբ Քեսապ եւ Մուսա Լեռ ուղարկուեցաւ, նախ Սուրբ Զատկուան առիթով ժողովուրդը հոգեւորապէս մխիթարելու եւ յետոյ ու մասնաւորաբար Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին Անթիլիասի հողի գնման համար հանգանակութիւն կատարելու:

Քեսապի հայութիւնը քանի մը ամիսէ ի վեր առանց քահանայի մնացած էր:

Դերենիկ վարդապետ Քեսապ հասաւ Ծաղկազարդի տօնի նախօրեակին:

Ծաղկազարդին, կիրակի, 21 մարտին Դերենիկ վարդապետ պատարագեց եւ քարոզեց  ձիթենիի ոստերով զարդարուած Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Երեկոյեան կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւնը եւ «Բաց մեզ Տէր» շարականի երգեցողութեամբ բացուեցաւ եկեղեցւոյ խորանի վարագոյրը:

Աւագ շաբթուան բոլոր օրերուն Դերենիկ վարդապետ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ քարոզեց եւ հոգեպէս մխիթարեց հաւատացեալ ժողովուրդը: Աւագ երեքշաբթի երեկոյեան նշուեցաւ Տասը կուսանացը: Հինգշաբթի առաւօտուն կատարուեցաւ ապաշխարողներու արձակման կարգ եւ այնուհետեւ մատուցուեցաւ Սուրբ պատարագ` ի յիշատակ Վերջին ընթրիքի եւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատման: Երեկոյեան կատարուեցաւ Ոտնլուայի կարգ եւ յետոյ` Խաւարման գիշեր: Ուրբաթ առաւօտուն կատարուեցաւ Խաչելութեան, երեկոյեան` Թաղման կարգ: Շաբաթ երեկոյեան` Ճրագալոյց:

Սուրբ Զատկուան տօնին, կիրակի, 28 մարտ 1937-ին, Քեսապ աւանէն եւ գիւղերէն խուռներամ ժողովուրդ հաւաքուեցաւ. անոնց մէջ կային նաեւ բազում բողոքականներ, որոնք հայ եկեղեցւոյ հաւատքով առլցուն, փութացած էին  Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի: Սուրբ պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Դերենիկ վարդապետ:

Յաջորդող օրերուն Դերենիկ վարդապետ Քեսապի եւ գիւղերուն մէջ տնօրհնէք կատարեց:

Մօտաւորապէս երկու շաբաթ Քեսապ մնալէ ետք, Դերենիկ վարդապետ մեկնեցաւ Մուսա Լեռ: Կիրակի, 4 ապրիլը, որ Նոր կիրակի կամ Կրկնազատիկ էր, Դերենիկ վարդապետ պատարագեց եւ քարոզեց Պիթիասի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Ժամանակի սղութեան պատճառով Մուսա Լերան իւրաքանչիւր գիւղի մէջ օր մը գիշերեց: Բոլոր գիւղերուն մէջ ալ ժողովուրդը եկեղեցի հաւաքել տուաւ եւ քարոզեց անոնց:

Դերենիկ վարդապետ Մուսա Լերան գիւղերուն մէջ ինը օր մնալէ ետք մեկնեցաւ Անտիոք, առաջնորդ Խադ սրբազանին մօտ: Շաբաթ, 10 ապրիլին հասաւ Հալէպ եւ Աշխարհամատրան կամ Կանաչ կիրակիին քարոզեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:

Դերենիկ վարդապետ կարճ ժամանակի մէջ յաջողեցաւ արդիւնաւէտ կերպով կատարել իր առաքելութիւնը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պաշտօնական ամսագիր «Հասկ» 1937 ապրիլի թիւով կը գրէր. «Հակառակ անոր որ Քեսապի եւ Սուէտիոյ ժողովուրդը շատ դժուարին եւ նիւթական անձուկ կացութեան մատնուած է եւ ընդհանրապէս բարոյալքուած, դարձեալ շատ սիրով եւ մեծ զոհողութիւններով տուած է իր լուման ի նպաստ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին: Պերճախօս են թուանշանները, ինչպէս արդէն պիտի տեսնենք: Գեղեցիկ է տուած օրինակը` հայ ժողովուրդի այս պատուական մնացորդին, որուն մէջ է տակաւին սէր, յարգանք եւ պաշտում իր եկեղեցիին եւ ազգին հանդէպ»:

Այսպէս, Դերենիկ վարդապետի միջոցով հանգանակուեցաւ, Լաթաքիայէն` 5260, Քեսապէն` 3437, Գալատուրանէն` 5004, Նոր Զէյթունէն` 400, Պիթիասէն` 1200, Հաճի Հապիպլիէն` 1100, Եողուն Օլուքէն` 3823, Խտըրպէկէն` 1600, Վագըֆէն` 1218, Քեպուսիէէն` 3405, Լեշվէէն` 200, Նոր Սասունէն` 550 եւ Հալէպի քեսապցիներէն` 550 ղուրուշ:

Դերենիկ վարդապետ 14 ապրիլ 1937-ին վերադարձաւ Անթիլիաս:

 

 

 

Նախորդը

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր
Պատմական

Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր

October 7, 2026
Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ
Պատմական

Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ

September 30, 2026
Ալեքսանտրէթի Սանճագը Եւ Քեսապ Ու Շրջակայ Հայկական Բնակավայրերը
Պատմական

Ալեքսանտրէթի Սանճագը Եւ Քեսապ Ու Շրջակայ Հայկական Բնակավայրերը

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.