Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր

Քեսապի Գիւղերը` Կիլիկեան Աշխարհի Վերապրող Վկաները

October 7, 2026
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Անտիոքի Սուրբ Պետրոս եկեղեցին

Սուրիոյ մէջ 14-15 նոյեմբեր 1936-ին նախատեսուած առաջին աստիճանի երեսփոխանական ընտրութիւնները լարուած վիճակ ստեղծած էին Ալեքսանտրէթի ինքնավար Սանճագին մէջ: Սանճագի թուրք անջատողականները պոյքոթի ենթարկած էին ընտրութիւնները:

Նոյեմբեր 14-ի առաջին աստիճանի ընտրութիւնները տեղի ունեցան համեմատաբար բնականոն ընթացքով: Ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն շուրջ ութսուն առ հարիւրը մասնակցեցաւ քուէարկութեան: Միայն մեծամասնութեամբ թուրք բնակչութիւն ունեցող ընտրական կեդրոններուն մէջ քուէարկութիւն տեղի չունեցաւ: Քաղաքացիք կը գիտակցէին, որ քուէարկութեան մասնակցութիւնը սուրիական հայրենասիրական պարտաւորութիւն է:

Առաջին օրուան ընտրութեան ընթացքէն դժգոհ, թուրք անջատողականները նոյեմբեր 15-ին բողոքի ցոյց կազմակերպեցին Անտիոքի մէջ:

Առաջին աստիճանի ընտրութեանց արդիւնքը ցոյց կու տար, որ Սանճագի բնակչութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը հաւատարիմ է  սուրիական հայրենիքին: Քուէարկութեան մասնակցած էին իսլամ եւ քրիստոնեայ բոլոր արաբները, հայերը, քիւրտերը, չերքէզները եւ թուրքերուն մէկ մասը: Թուրք անջատողականներու ծրագիրներուն համար ձախողութիւն մըն էր ընտրութեանց յաջող աւարտը:

Թուրք անջատողականներ փորձեցին պոյքոթի ենթարկել նաեւ նոյեմբեր 30-ին տեղի ունենալիք երկրորդ աստիճանի ընտրութիւնները, բայց կրկին անգամ քուէարկելու իրաւունք ունեցող սանճագցիներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը մասնակցեցաւ քուէարկութեան:

Նոյեմբեր 30-ի գիշերը թուրք անջատողականները խռովութիւն բարձրացուցին Անտիոքի մէջ, յարձակեցան երեսփոխան ընտրուած երկու թուրքերու տուներուն, ինչպէս նաեւ զինուորներու վրայ: Անտիոքի կայազօրի հրամանատար գնդապետ Մերսոն զօրք իջեցուց քաղաքին մէջ:

***

Սուրիոյ մէջ 1936 նոյեմբերին  տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ տարաւ «Քութլա ուաթանիա»-ն, եւ անոր ղեկավար Հաշէմ Աթասի հանրապետութեան նախագահ ընտրուեցաւ:

Այնուհետեւ Սուրիոյ խորհրդարանը վաւերացուց ֆրանս-սուրիական դաշնագիրը: Սակայն սուրիական նոր կառավարութիւնը շարք մը նոր դժուարութիւններու դէմ յանդիման կանգնեցաւ: Ֆրանսա քաղաքական եւ տնտեսական նորանոր զիջումներ պահանջեց սուրիական կառավարութենէն:

Սուրիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւնները սրեցան յատկապէս Ալեքսանտրէթի Սանճագի հարցով:

***

Կասիոս լեռ

Ֆրանս-սուրիական դաշնագիրի կնքումէն ետք Թուրքիա սկսաւ արծարծել Ալեքսանտրէթի Սանճագի հարցը:

Թրքական մամուլը եւ ձայնասփիւռը սկսան հակասուրիական եւ հակաֆրանսական բուռն քարոզչութեան: Հրապարակ նետուեցաւ ֆրանսական եւ սուրիական բռնատիրութեան տակ թուրքերուն վիճակուած դառն ճակատագիրի հարցը: Պահանջ դրուեցաւ անկախութիւն տալու Սանճագի եւ կամ զայն Թուրքիոյ կցելու:

Հակադարձելով թրքական մամուլին, սուրիական մամուլը բուռն կերպով հերքեց երեւակայական պնդումները, շեշտելով, որ եթէ թրքական փոքրամասնութիւն կայ Սուրիոյ մէջ, միւս կողմէ, շատ աւելի մեծաթիւ արաբներ կ՛ապրին Թուրքիոյ մէջ:

***

Փարիզի մէջ 10 հոկտեմբեր 1936-ին Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ ուղղակի բանակցութիւններ սկսած էին:

Թուրքիա պահանջեց Ալեքսանտրէթի ինքնավար Սանճագին անկախութիւն տալ եւ անոր հետ դաշինք կնքել, նման Սուրիոյ հետ կնքուած դաշինքին:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Իվոն Տելպոս յայտնեց, որ ֆրանս-սուրիական դաշնագիրին նման դաշինք կնքել Սուրիոյ մէկ մասին` Ալեքսանտրէթի Սանճագին հետ, անհնար է: Միաժամանակ Տիւլպոս պատրաստակամութիւն յայտնեց այդ հարցին առնչութեամբ կարգաւորման մը հասնելու համար բանակցութիւններ ձեռնարկել Թուրքիոյ հետ:

Թուրքիա այնուհետեւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան  յուշագիր մը յղեց, ջանալով իրաւական հիմք տալ Սանճագի նկատմամբ իր յաւակնութիւններուն:

Թուրքիա կը փաստարկէր, որ առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք, ֆրանսական հոգատարութիւնը չէր տարածուեր Ալեքսանտրէթի Սանճագին վրայ, որովհետեւ այդ ժամանակ տակաւին Սուրիա աշխարհագրական հասկացողութիւնը չէր ճշգրտուած ու պարզորոշուած: Միւս կողմէ, երբ Ֆրանսա դադրի իր գերիշխանութիւնը գործադրելէ, Սանճագի միակ ժառանգորդը կրնայ ըլլալ այդ շրջանի թուրք բնակչութիւնը:

Այնուհետեւ Անգարա ուրիշ յուշագիր մը յղեց Փարիզ, յայտնելով որ Թուրքիա որոշած է Ալեքսանտրէթի Սանճագի հարցը Ազգերու Դաշնակցութեան խորհուրդի քննարկման յանձնել:

Ֆրանսական կառավարութիւնը պատասխանեց ըսելով, որ ինք միայն օգուտ կը տեսնէ այն բանին մէջ, որ Ալեքսանտրէթի հարցը գրանցուի Ազգերու Դաշնակցութեան խորհուրդի նստաշրջանի օրակարգին վրայ:

Այնուհետեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ռիւշտիւ Արաս հեռագիր ուղարկեց Ազգերու Դաշնակցութեան խորհուրդի քարտուղարութեան, յայտնելով որ Թուրքիա կը պահանջէ Ազգերու Դաշնակցութեան խորհուրդի արտակարգ նստաշրջանի օրակարգին վրայ գրանցել Ալեքսանտրէթի Սանճագի ապագային վերաբերեալ Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ գոյութիւն ունեցող վէճը:

Պաղրաս Ամանոսի լեռներուն վրայ, Պէյլանէն հարաւ-արեւելք

Ազգերու Դաշնակցութեան խորհուրդի 95-րդ նստաշրջանը բացուեցաւ 14 դեկտեմբեր 1936-ին եւ շարունակուեցաւ յաջորդող օրերուն: Սանճագի հարցը քննարկելու համար որոշուեցաւ չէզոք երեք դիտորդներ ուղարկել շրջան:

***

Ֆրանս-սուրիական դաշնագիրի կնքումէն եւ Հաշէմ Աթասիի հանրապետութեան նախագահ ընտրութենէն ետք, Սուրիոյ խորհրդարանը 27 դեկտեմբեր 1936-ին վաւերացուց դաշնագիրը: Նոյն օրերուն Ճեպէլ Տրուզ եւ Ալաուիներու երկրամասը մտան Սուրիոյ պետութեան կազմին մէջ:

Ֆրանսական իշխանութիւնները, Սուրիոյ մէջ իրենց տնտեսական եւ քաղաքական դիրքերը պահպանելու համար, եւ սպառնալով չվաւերացնել դաշնագիրը, փորձեցին նորանոր զիջումներ ձեռք ձգել սուրիական կառավարութենէն:

Ֆրանսա, «բաժնէ՛ որ տիրես»-ի սկզբունքով, ամէն գնով կը ջանար պահպանել Ալեքսանտրէթի Սանճագի, Ճեպէլ Տրուզի, Ալաուիներու երկրամասի եւ Ճեզիրէի ինքնիշխան գոյավիճակը եւ արգելք հանդիսանալ սուրիական կեդրոնացուած պետութեան ստեղծման:

Միւս կողմէ, Սանճագի թուրքերուն առանձնաշնորհումներ շնորհելով, Ֆրանսա կը ջանար սիրաշահիլ Թուրքիոյ ղեկավարները եւ անոնց բարեկամութիւնն ու համագործակցութիւնը ապահովել Միջին Արեւելքի մէջ իր դիրքերու ու մենաշնորհներու պահպանման եւ կարեւորագոյն հարցերու ու շահերու լուծման համար:

Ֆրանսական դիւանագիտութեան կողմէ Անգարայի հաճոյանալու ուղեգիծին գլխաւոր մղիչ գործօններ էին Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի տնտեսական ու ելեւմտական մեծ շահերը պահպանելու քաղաքականութիւնը, միջազգային եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի շարք մը հարցերու շուրջ Անգլիոյ հետ իր հակամարտութիւնները, եւ նաեւ` արգելք հանդիսանալու համար թրքական իշխանութիւններուն կողմէ Խորհրդային Միութեան հետ մերձենալու ծրագիրներուն:

***

Սուէտիա (Լեշվէ) Անտիոքէն հարաւ-արեւմուտք, Որոնդէս գետի աջ ափին:

Ալեքսանտրէթի Սանճագին մէջ ներքին իրավիճակը լարուած էր: Թուրքիայէն Սանճագ ուղարկուած գործակալները  եւ տեղացի թուրքերը Թուրքիոյ հետ միաւորուելու ուղղութեամբ բացայայտ աշխատանք կը տանէին, հակասուրիական ցոյցեր կը կազմակերպէին եւ  տեւաբար անկարգութիւններ ու խռովութիւններ կը հրահրէին: Թուրքերու եւ արաբներու միջեւ հոս ու հոն արիւնալի ընդհարումներ տեղի կ՛ունենային:

Խռովութիւնները զսպելու համար բանակը տեղ-տեղ սկսաւ միջամտել: Թուրքեր որոշեցին վճռաբար հակադարձել բանակի գործունէութեան:  Թուրք զինուած մեծաթիւ հրոսակներ Անտիոք մտան եւ քաղաքի կայազօրի հինգերորդ գումարտակի բոլոր զինուորները սուրի քաշեցին:

***

Ազգերու Դաշնակցութեան կողմէ նշանակուած չէզոք երեք դիտորդները 31 դեկտեմբեր 1936-ին հասան Սանճագ:

Անմիջապէս գործի ձեռնարկելով, առաջին հերթին անոնք 3 յունուար 1937-ին այցելեցին Քրըք Խան: Քաղաքը խառն բնակչութիւն ունէր` մեծամասնութեամբ հայ, նաեւ` արաբ, թուրք եւ թուրքմէն:

Դիտորդները հաստատեցին, որ թուրքերը, թուրքմէնները, արաբները եւ հայերը համերաշխօրէն կ՛ապրին եւ դժգոհութեան պատճառ չկայ:

Դիտորդները այնուհետեւ մեկնեցան Անտիոք, ուր թուրքեր, Թուրքիոյ միանալու իրենց ձգտումը արտայայտելով, բողոքի ցոյցերով դիմաւորեցին զանոնք:

Սանճագի արաբները եւ հայերը, կանխազգալով  վտանգը, որոշեցին համաժողովրդական մեծ ցոյցով արտայայտել Սուրիոյ կազմին մէջ մնալու եւ թրքական տիրապետութիւնը մերժելու իրենց կամքը:

Բողոքի համաժողովրդական մեծ ցոյցը որոշուեցաւ կազմակերպել կիրակի, 8 յունուար 1937-ին, Անտիոքի մէջ:

Կազմակերպական եւ քարոզչական լայն աշխատանք տարուեցաւ, որպէսզի որքան կարելի է շատ ժողովուրդ հաւաքել Անտիոքի մէջ:

Հակառակ սաստիկ ցուրտին, Սուրբ Ծննդեան տօնէն անմիջապէս ետք մեծաթիւ հայեր` Մուսա Լեռէն, Քեսապէն, Քրըք Խանէն, Ռիհանիէէն, Պէյլանէն, Աթիկէն եւ Ալեքսանտրէթէն ճամբայ ելան դէպի Անտիոք:

 

 

 

 

Նախորդը

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ
Պատմական

Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ

September 30, 2026
Ալեքսանտրէթի Սանճագը Եւ Քեսապ Ու Շրջակայ Հայկական Բնակավայրերը
Պատմական

Ալեքսանտրէթի Սանճագը Եւ Քեսապ Ու Շրջակայ Հայկական Բնակավայրերը

September 23, 2026
Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեան Քեսապի Մէջ Եւ Աւետարանական Նահատակաց Վարժարանին Բացումը
Պատմական

Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեան Քեսապի Մէջ Եւ Աւետարանական Նահատակաց Վարժարանին Բացումը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.