– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի խորհրդարանի` Քնեսեթի նախագահ Ամիր Օհանա յայտնած է. «Հիւսիսի մէջ ոչ զինուորական լուծումի որոնման համար մեծ ջանքեր թափեցինք եւ հասանք կէտի մը, ուր կ՛ըսենք բաւ է»:
– ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնած է, որ Լիբանանեան ճակատին վրայ մագլցումը զսպելու ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի ղեկավարութեամբ ամերիկեան ջանքերու յաջողութիւնը կախեալ է Իսրայէլի շահերուն ու Լիբանանի անվտանգութեան միջեւ հաւասարակշռութիւնը կառավարելու Միացեալ Նահանգներու կարողութենէն` «եւ շրջանին մէջ տիրող ապահովական ու քաղաքական բարդութիւններու լոյսին տակ դիւրին պիտի չըլլայ»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԻ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ երէկ կէսօրին յայտարարեց. «Զոհերոն թիւը` մինչեւ հիմա 12 է, իսկ վիրաւորներունը 2750-էն 2800 է, իսկ վտանգաւոր կերպով վիրաւորուածներուն թիւը` շուրջ 300»: Ան նշեց, որ գործողութեան ենթարկուած են 460 վիրաւորներ, որոնց մեծամասնութիւնը` աչքի:
– ՀԸԶՊԱԼԼԱ երէկ յայտարարեց. «Պիտի շարունակենք Կազային թիկունք կանգնելու մեր գործողութիւնները, եւ այդ երթը անջատ է իր գործած ջարդին համար հաշուետուութենէն, որուն թշնամին պէտք է սպասէ»:
– ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր ժամը 5:00-ին պատկերասփռուած խօսք մը պիտի արտասանէ` անդրադառնալով վերջին զարգացումներուն:
– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի հիւսիսային հրամանատարութեան ղեկավար Ուրի Կորտին յայտարարեց. «Վճռական ենք (հիւսիսի մէջ) անվտանգութեան կացութիւնը ամէնէն մօտ ժամանակին փոխելու»:
– ԵՐԷԿ առտու Պէյրութի միջազգային օդակայան հասաւ իրաքեան զինուորական օդանաւ մը, որ բեռցուած էր իրաքեան օժանդակութիւններով` առ ի զօրակցութիւն Լիբանանին եւ երեքշաբթի օրուան իսրայէլեան ներթափանցման հետեւանքով արձանագրուած վիրաւորներուն:
Օդանաւին վրայ կը գտնուէին բժշկական խումբ մը եւ շուրջ 15 թոն բժշկական օժանդակութիւններ:
– ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց, որ «Միջին Արեւելքի մէջ ապահովական մտավախութիւններու մագլցումին լոյսին տակ» մինչեւ 19 սեպտեմբեր կ՛առկախէ դէպի Պէյրութ եւ Թել Աւիւ իր թռիչքները:
– «ՍՔԱՅ ՆԻՈՒԶ» հաղորդեց, որ Յորդանանը բժշկական օժանդակութիւններով բեռցուած օդանաւ մը ուղարկած է Լիբանան` աջակցելու համար առողջապահութեան մարզին:
– ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր քաղաքացիները յորդորեց Լիբանան չմեկնելու եւ Լիբանան գտնուող քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` զգուշ ըլլալու:
– ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց վերջին զարգացումները, մասնաւորաբար Լիբանանի դէմ վերջին յարձակումը, որուն պատճառով զոհեր եւ աւելի քան 2800 վիրաւորներ արձանագրուեցան:
Միքաթի հանդիպումէն ետք բաւարարուեցաւ յայտարարելով. «Բնական է, որ այս պայմաններուն մէջ Պըրրիի հետ խորհրդակցիմ ներկայ կացութեան շուրջ, եւ բոլոր հարցերուն մասին խօսեցանք ու քննակեցինք»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մոժթապա Ամանի, որ «Փէյճըր»-ի պայթեցման հետեւանքով վիրաւորուած էր, երէկ յայտարարեց. «Ինծի համար հպարտութիւն ու պարծանք է, որ արիւնս խառնուեցաւ լիբանանցի պատուաւոր ժողովուրդէն վիրաւորներու արեան»:


