Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ այն, ինչ որ երեքշաբթի օր տեղի ունեցաւ, Իսրայէլի կողմէ ծանր հարուած մըն էր, որ պէտք չէ ազդէ պատրաստութիւններուն վրայ, եւ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, ընդամէնը փուլ մըն է եւ ոչ թէ աւարտ:
Ժոմպլաթ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, թէ Լիբանան պատերազմ չ՛ուզեր, սակայն կ՛ուզէ ինքզինք պաշտպանել, իսկ Իսրայէլ իր գործողութեամբ գրգռեց Լիբանանը:
«Կոչ կ՛ուղղեմ շարքերը վերադասաւորելու եւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յաւելեալ յարձակումներու պատրաստուելու», աւելցուց ան` նշելով, որ Իսրայէլի հետ հակամարտութիւնը գոյութենական է եւ ոչ թէ սահմաններուն վրայ հակամարտութիւն, եւ անոնք կ՛ուզեն հարաւը գրաւել, սակայն Դիմադրութիւնը կանգուն է:
Ան շեշտեց, որ պատերազմը եւ կորուստները բոլորին պիտի հասնին, եթէ դիմակայման արաբական հասարակաց ծրագիր չմշակենք:
Ժոմպլաթ ըսաւ, որ Իսրայէլ ուշ կամ կանուխ ամբողջ արաբական աշխարհ պիտի ներխուժէ եւ իր պայմանները թելադրէ, իսկ արաբական աշխարհը պէտք է Կազայի, Այսրյորդանանի եւ հարաւային Լիբանանի դրամ ու զէնք տրամադրէ:


