Այնճարի մեր տան բակը, 1999, սեպտեմբեր
Սիրելի՛ ընթերցող,
Առաջին անգամը չէր, որ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Արման Նաւասարդեանը Այնճար կ՛այցելէր, եւ ոչ ալ առաջին անգամն էր, որ ես իրեն կը հանդիպէի: Արդէն իսկ մտերմացած էինք` իբրեւ Վազգէն Մանուկեանի գործակիցներու խումբին մաս կազմող «հին ընկերներ»: Ճաշէն ետք մեր տիկինները` Լաուրան ու էլոն, երբ գացին մունի (ձմեռնային պաշար) ապահովելու, ու մենք առանձին մնացինք, ան ամենայն լրջութեամբ սկսաւ.
– Մովսէ՛ս ջան, այս անգամ եկել եմ «յատուկ նպատակով»…
– Այսի՞նքն…
– Այնճարի մասին յաւելեալ եւ մանրամասն տեղեկութիւններ են ինձ պէտք:
– Ժամանակին ես քեզ ուղարկել էի գիւղի յայտնի դէմքերից` Եսայի Հաւաթեանի մօտ, որովհետեւ նա աւելի տեղեկացուած է գիւղի բնոյթի, պատմութեան եւ առհասարակ բոլոր տեսակի անցուդարձերու մասին… Նման պարագաներուն ես միշտ նրան եմ դիմել: Որքան գիտեմ, դու արդէն իսկ շփուել ես նրա եւ գիւղի որոշ ղեկավարների հետ, եւ բաւականին ծանօթ ես Այնճարին ու այնճարցիներին…

– Այո՛, անկախ քեզանից, ես արդէն իսկ այցելել եմ` քաղաքապետարան, երեք յարանուանութիւնների դպրոցներն ու եկեղեցիները, ակումբներն ու այլ կառոյցներ: Նոյնիսկ ինձ տարել են Օգնութեան խաչի դարմանատուն ու ծանօթացրել նրա գործունէութեանը: Սակայն գիւղի վերաբերող իմ նոր ծրագիրը իրագործելու համար սա չի հերիքում: Առաջին հերթին ուզում եմ, որ ինձ ցոյց տաս Այնճարի սահմաններն ու որոշ տեղեկութիւններ` ընդհանուր տարածքի, մնայուն բնակիչների որակի ու քանակի, «հարեւանների» փոխյարաբերութիւնների եւ այլ հարցերի շուրջ:
– Արմա՛ն ջան, սահմանները հէնց այսօր էլ կարող եմ տանել ու ցոյց տալ քեզ, դա կարող ենք անել նաեւ` բարձրանալով մեր տան տանիքը, բայց մնացեալ տեղեկութիւնների համար հարկաւոր է դիմել «Կարմիր լեռ» կոմիտէին:

– Ես դա գիտեմ, եւ դա շատ լաւ է, որ այդպէս է: Գիտեմ նաեւ, որ գիւղը լաւ կազմակերպուած է, ու շնորհիւ այդ կազմակերպուածութեան` ոչ միայն ամէն ինչ հսկուած ու երաշխաւորուած է, այլ նաեւ հայեցի դիմագիծը պահպանւում է ու մշակոյթը զարգանում… հէնց դրա համար յատուկ ծրագիր եմ մշակել գիւղի զարգացման ու ապահովութեան համար…
– Իսկ ի՞նչ ծրագիրի մասին է խօսքը, կարելի՞ է իմանալ… եթէ գաղտնիք է, կարող ես չասել:
– Թէեւ առ այժմ ամէն ինչ պէտք է որ գաղտնի մնայ, սակայն չեմ կարող քեզ չասել: Յատկապէս կոմիտէն պէտք է որ տեղեակ լինի ու գործակցի մեր հետ: Տես` ի՞նչ եմ մտածում եւ ինչո՞ւ…
– Ուշադիր լսում եմ:
– Մենք` հայերս, հայրենիքից դուրս ունեցել ենք լաւ կազմակերպուած գաղութներ, որոնք թէեւ ծաղկել են ու համախմբուած` դարձել են քաղաքական ու տնտեսական ուժ, սակայն նրանից ոմանք լրիւ անհետացել են, ինչպէս` Լեհաստանը, Տագան կամ Հնդկաստանը, իսկ ուրիշներ էլ մահամերձ վիճակում են, ինչպէս` Եգիպտոսը, Միջագետքը կամ թէկուզ` Թիֆլիսը: Այսօր վտանգուած են նաեւ Պարսկաստանի, Հալէպի եւ կամ Պէյրութի նման գաղութներ… Մենք արդէն իսկ ունենք անկախ հայրենիք: Միջին Արեւելքի գաղութները աւելի եմ կարեւորում ոչ միայն նրա համար, որ նրանք գրեթէ սահմանակից են Հայաստանին, այլ` յատկապէս նրա համար, որ նրանից իւրաքանչիւրը, իր հերթին, լինի դա տնտեսապէս թէ քաղաքականապէս, ազդեցիկ կապեր ու դիրք ունի իր ապրած երկրի մէջ: Հարկաւոր է հզօրացնել նրանց ու կապել հայրենիքին:
– Իսկ Այնճարը…

– Շտապում ես, Մովսէ՛ս ջան, կ՛ասեմ: Բայց, անկախ սրանցից, աշխարհի տարածքում մենք ունենք նաեւ հայկական «ովասիսներ», որոնք իրենց ռազմավարական դիրքով ու բնոյթով համահայկական արժէք են ներկայացնում ու շատ աւելի դեր եւ նշանակութիւն ունեն Հայաստանի պետականութեան համար… եւ որոնց վրայ հարկաւոր է գուրգուրալ, պահել ու պահպանել…
– Հասկացայ, ուրեմն դրանցից մէկը Այնճարն է, իսկ միւսնե՞րը…
– Էլի ես շտապում, Վենետիկի Ս. Ղազար կղզին, Երուսաղէմի Հայկական թաղամասն ու Այնճարը, մեզ համար շատ կարեւոր ու կենսական կեդրոններ են, որոնք ուղղակի կամ անուղղակիօրէն պէտք է որ ունենան հայաստանեան պետական հովանաւորութիւն… Ես կարող եմ յիշատակել նաեւ Քեսապը, սակայն նրա վիճակն էլ յայտնի է մեզ: Առհասարակ սփիւռքը իր կարելին արել է ու անում է: Երբ մենք անկախ պետականութիւն չունէինք, հայը արտերկրում դիմացել է բազմաթիւ փորձանքների ու փորձութիւնների: Բայց դա բաւարար չի: Պետութիւնը իր հեղինակութիւնն ու միջազգային վարկը ամրապնդելու համար հարկաւոր է օժանդակի նրանց… առանց նրանց ներքին կեանքին միջամտելու… սա էլ իր հերթին կարեւոր է: Ես մի քանի անգամ այս խնդիրը բարձրացրել եմ պաշտօնական հանդիպումների ընթացքին, լինի այստեղ թէ Հայաստան: Թէեւ առաջարկս ընդունուել է, ու ոմանք նոյնի՛սկ խանդավառուել, սակայն գործնականում շատ բան չի փոխուել…
– Լա՛ւ, յետո՞յ…
– Այնճարը թէեւ մշակութապէս զիջում է միւս երկուքին, սակայն իր դիրքով, բնակչութեամբ, ու տարածքային մեծութեամբ ունի առաւելութիւններ…
– Ինչպէ՞ս…
– Ասեմ… Նախ` ամբողջութեամբ հայ է գիւղը… մեծամասնութիւնը մուսալեռցի: Համերաշխ էք ապրում ու լաւ կազմակերպուած էք: Այնճարը իր մաքրութեամբ, իր ճաշարաններով ու հնավայրերով աչքի է ընկնում իբրեւ «թուրիստական» կեդրոն, եւ օրինակ ծառայում միւս գիւղերին… դա կարող է օրինակ ծառայել նաեւ Հայաստանի գիւղերին: Պաալպեքի ճանապարհին ու Սուրիոյ սահմանակից լենելը եւս իր նշանակութիւնը ունի: Ես գիտեմ, տեսնում եմ Դամասկոսից արեւմտեան դեսպանատների աշխատակազմից շատեր յաճախ գալիս ու օգտւում են գիւղի բարիքներից… յատկապէս` ամառուայ շրջանում: Օդը մաքուր, ջուրը առատ ու մաքուր, առհասարակ` բնութիւնը հարուստ ու մաքուր, հիւրասիրութիւնը գերազանց… Ի զուր չէ որ Օմայատները իբրեւ ամարանոց ընտրել են այս տեղանքը ու բերդ կառուցել: Այնպէս որ, Այնճարը լաւ ամարանոց կը լինի նաեւ մեր դեսպանատան համար, միաժամանակ կարելի է նրան տալ հիւպատոսարանի կարգավիճակ… դէ՜… հիմի ի՞նչ կ՛ասես, շեֆ:
– Ի՞նչ պիտի ասեմ, շեֆ, ես պարզապէս հիացած եմ քաղաքական հոտառութեանդ ու հեռատեսութեանդ վրայ: Եթէ նման բան յաջողացնես, ես եւ ոչ միայն ես, մենք պարզապէս շնորհակալ կը լինենք քեզանից… իբրեւ այնճարաբնակ մուսալեռցի…
(Ի դէպ, Հայաստանի մէջ իմ ուսանողական տարիներուն Վազգէն Մանուկեանի շուրջ համախմբուած իր գործակից ընկերները իրարու «շեֆ» կ՛ըսէինք, նախ` իբրեւ «գաղտնաբառ» զիրար ճանչնալու համար, եւ երկրորդ` որպէսզի յայտնի չընէր, թէ մեր մէջ «շեֆ»-ը ո՞վ է: Այդ Ժամանակներուն ինք` Արման Նաւասարդեանը, կը պաշտօնավարէր Խորհրդային Միութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, Անտրէ Կրոմիքոյի կողքին, իբրեւ երրորդ քարտուղար, եւ սերտ կապի մէջ էր Վազգէն Մանուկեանին հետ):
Իմ հետաքրքրասէ՛ր ընթերցող,

Մինչ այդ Նաւասարդեանը` իբրեւ դիւանագէտ, քաղաքական գործիչ ու բանիմաց վերլուծաբան, մեծ տպաւորութիւն ձգած էր վրաս, յատկապէս անոր համար, որ ան կը հաւատար մշակոյթի ուժին ու դերին քաղաքականութեան մէջ: Այդ օր իր հեղինակութիւնը աւելի մեծցաւ աչքիս… Ան խիստ մտահոգ էր թէ՛Լիբանանի եւ թէ՛ Հայաստանի ապագայով: «Պէտք է պատրաստուենք յոռեգոյնին» կ՛ըսէր ու շեշտը կը դնէր կազմակերպուածութեան ու սեփական ուժ ունենալու անհրաժեշտութեան վրայ: Եւ յաճախ կը կրկնէր. «Միջին Արեւելքի, Կովկասի եւ առհասարակ երկրի ապագան փայլուն չեմ տեսնում, մռայլ ժամանակներ են գալու». ու իր ըսածներուն իբրեւ ապացոյց` զարմանալի քաղաքական նուրբ ու խոր վերլուծութիւններ կ՛ընէր` միշտ օրինակներ բերելով պատմութենէն: Դժբախտաբար իր կանխատեսումներն ու քաղաքական կռահումները հետագային իրականացան, ու մենք պէտք եղած արթնամտութիւնը չկրցանք ցուցաբերել եւ ազգովին չկրցանք նախապատրաստուիլ ու տուժեցինք ըլլայ Միջին Արեւելքի թէ յատկապէս Հայաստանի ու Արցախի մէջ:
Ես չափազանց խանդավառ էի գիւղիս` Այնճարին վերաբերող իր ծրագիրներով, եւ յոյս ունէի, որ ամէն ինչ հեզասահօրէն կ՛ընթանայ, ու մենք Այնճարի մէջ կ՛ունենանք անկախ Հայաստանի հիւպատոսարան: Սակայն ամէն ինչ շրջուեցաւ: Ան երբ սկսած էր արդէն լուրջ հանդիպումներ ունենալ որոշ ղեկավար շրջանակներու հետ ու քննարկել այս հարցը` ըլլայ Լիբանանի թէ Հայաստանի մէջ, ժամանակէն շուտ կանչուեցաւ Երեւան ու պաշտօնազրկուեցաւ… Եւ որովհետեւ ան միշտ քննադատական մօտեցում կը ցուցաբերէր հայրենի իշխանութիւններուն հանդէպ, յատկապէս` միջազգային փոխյարաբերութիւններու առումով, անոր ծրագիրներէն շատեր կիսատ մնացին: Ան բարձր կը գնահատէր նաեւ Պուրճ Համուտի համահայկական դերն ու քաղաքական նշանակութիւնը եւ կը մտածէր հայ մշակոյթի տուն ստեղծել Պէյրութի մէջ:
Նաւասարդեանը վերադարձաւ հայրենիք` իբրեւ հասարակ քաղաքացի: Եւ հակառակ անոր որ միշտ մնաց ընդդիմութեան շարքերու մէջ, սակայն իբրեւ հմուտ դիւանագէտ ու քաղաքական վերլուծաբան` պատասխանատու բարձր պաշտօններ վստահուեցան իրեն:

Այո՛, ան Այնճարը կը գնահատէր իբրեւ համահայկական արժէք եւ փորձեց օգնել ու զարգացնել զայն:
Այս բոլորէն ետք պէտք է ընդունինք, որ ինք միակը չէր Հայաստանի դեսպաններէն, որոնք Այնճարը կ՛ընդունէին իբրեւ համահայկական արժէք: Աշոտ Քոչարեանը, Վահան Տէր Ղեւոնդեանը եւ յատկապէս Արեգ Յովհաննիսեանը ոչ միայն Այնճարը կ՛ընդունէին իբրեւ համահայկական արժէք, այլեւ, ըլլայ պաշտօնապէս թէ անպաշտօն կերպով, յաճախ իրենց հիւրերը կը բերէին գիւղ ու միշտ հպարտութեամբ կը խօսէին Այնճարի մասին:
Նոյնիսկ Լիբանանի մէջ այն օրերու Քանատայի դեսպանը` Հայկ Սարաֆեանը եւս նոյն կարծիքին էր, որ իր հերթին, հաւատալով Այնճարի ապագային, ընդառաջելով ԼՕԽ-ի առաջարկին, գործնապէս բարեսիրական օգնութիւն կատարեց Այնճարի մէջ: Ան յաճախ կ՛այցելէր Այնճար, եւ նոյնիսկ երբեմն ընտանիքով կու գային ու կը գիշերէին գիւղը: Ան լաւ յարաբերութեան մէջ էր Հայաստանի դեսպաններուն` յատկապէս Նաւասարդեանին հետ: Ըլլայ ինք, Նաւասարդեանը թէ միւս հայ դեսպանները, երբ կը ծանօթացնէին զիս օտար հիւրերու կամ ուղղակի դեսպաններու հետ` իբրեւ Հայաստանի դեսպանատան կերպարուեստի խորհրդական ու «Նոազ Արք» ցուցասրահի տէր եւ տնօրէն, չէին մոռնար յիշելու, որ ես Այնճար ծնած ու մեծցած եմ: Ու առիթէն օգտուելով, ոչ միայն կը գովաբանէին գիւղը` իբրեւ համալիբանանեան ու նոյնիսկ համամարդկային արժէք, այլեւ կը հրաւիրէին զանոնք այցելելու գիւղ ու վայելելու անոր ընձեռած բարիքները: Ի դէպ, բացի Եւրոպայէն, այլ երկիրներու դեսպաններէն ու դեսպանատան աշխատակազմի անդամներէն շատեր եւս (սկսեալ Ռուսաստանէն, Հնդկաստանէն ու Փաքիստանէն, մինչեւ Քանատա, Պրազիլ ու Արժանթին) մեր կազմակերպած ցուցահանդէսներու առիթով կու գային եւ իրարու կը հանդիպէին: Ես ալ, իմ հերթին, հետեւելով հայ դեսպաններու օրինակին` չէի մոռնար խօսելու ծննդավայրիս ու անոր արժանիքներու մասին:

Պատահեցաւ նաեւ հետեւեալ յատկանշական դէպքը: Հովանաւորութեամբ պապական նուիրակ Լուիճի Քաթթիի, 2000-ին կազմակերպած էինք բարեսիրական ցուցահանդէս մը` ի նպաստ «Հռիփսիմեանց» երկրորդական վարժարանին, այլ դեսպանատուներու ներկայացուցիչներու զուգահեռ, ներկայ էին նաեւ Քանատայի եւ Հայաստանի դեսպանները` Հայկ Սարաֆեանն ու Արման Նաւասարդեանը: Ծանօթացման ընթացքին, երբ պապական նուիրակը իմացաւ, որ գերապայծառ Աշգարեանը, քոյր Թէոպիսթէն ու ես նոյն գիւղէն ենք, հետաքրքրուեցաւ Այնճարով: Սարաֆեանը անմիջապէս սկսաւ գովաբանել Այնճարը` իբրեւ իւրայատուկ երեւոյթ, իսկ Նաւասարդեանը մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդեց գիւղի, գիւղացիներու, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ համայնքին մասին: Պապական նուիրակը այնքան խանդավառուեցաւ, որ խոստացաւ այցելել Այնճար… իբրեւ հայութեամբ բնակեցուած ու բացառիկ տուեալներով օժտուած քրիստոնեայ իւրայատուկ գիւղ մը:
Այնպէս որ, սիրելի՛ ընթերցող, միայն մենք` այնճարցիներս չենք, որ կը գնահատենք Այնճարի առաւելութիւններն ու արժանիքները եւ կու տանք անոր համահայկական դեր ու նշանակութիւն…
Եւ այսպէս, Մխիթարեաններու Վենետիկի Ս. Ղազար կղզին, Երուսաղէմի Հայկական թաղամասը, Այնճարն ու նոյնի՛սկ Քեսապը հարկաւոր է ընդունիլ իբրեւ համահայկական արժէքներ, պահելու պահպանել զանոնք համահայկական ջանքերով ու նաեւ` պետականօրէն:
Երեւան, օգոստոս 2024
Աս գրողի գրածները կը սիրեմ, լաւ հիշատակներ ունի: Միան թէ մէկ կետ մը պետք է որ ըսեմ. երբեմն շատախոսութիւն կընէ, երբեմն ալ կը շինէ, սխալը շիտակի պէս կը պատմէ, մարդոց բերանին մէջ սխալ բաներ կը դնէ: Մէկ հատ օրինակ մը տամ: Աս եղածը կըսէ որ 1999ին էր, հետոյ ալ կըսէ որ Հալէպը այն ատեն վտանգված է: Ամմէն մարդ գիտէ, որ մինչեւ սուրիական կրիւները եւ Թուրքիային կողէ հարցակումները , այսինքն 2011 եւ անորմէ ետքը, Հալէպը շատ լաւ վիճակ ունէր, հայկական կյանքն ալ լաւ վիճակի մէջն էր, միան Հալէպը չէ, Սուրիայի մէջ ուրիշ հայկական տեղեր ալ կան, Տամասկոսը, Լաթաքիան Քամըշլին, Քէսապը: Ամմէնն ալ լաւ կապրէին ամմէն բանով: Ըսելս անի է որ ասանկ պզտիկ բաները կըվնասեն լաւ գրուածքի մը, գրողին ալ: