Հարցազրոյցը վարեց ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Նախկին լիբանանահայ, ներկայիս քանատահայ հանրածանօթ գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեան կը գտնուի Լիբանան` իր արուեստը ներկայացնելու ցուցահանդէսով մը` «Ակոբեան – Յետահայեաց – 1964-2024» խորագիրը կրող, որ տեղի պիտի ունենայ 10 սեպտեմբերէն 9 հոկտեմբեր, Էշրեֆիէի «Շերիֆ Թապեթ» ցուցասրահին մէջ: Այս առիթով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ արուեստագէտին հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Օրեր ետք պիտի տաք ձեր ցուցահանդէսը, որ կու գայ աւելնալու ձեր 64 անհատական ցուցահանդէսներուն վրայ, ասիկա ինչո՞վ իւրայատուկ է, ի՞նչ գործեր պիտի ցուցադրուին:
ԳՐԻԳՈՐ ԱԿՈԲԵԱՆ.- Այս ցուցահանդէսը կը կոչուի յետահայեաց, ուր ցուցադրուած են 1964-2024 թուականներուն միջեւ իմ գործերէս, իմ ճամբորդութենէս, իմ ուղեւորութենէս նմուշներ, թիւով 111 պաստառ` զանազան չափերու եւ 3 քանդակ: Փորձեցի իւրաքանչիւր տարուան գործերէս զատել քանի մը հատ, որպէսզի ան, որ դիտէ ցուցահանդէսս, ականատես ըլլայ իմ ամբողջ ճամբորդութեանս, որ տակաւին աւարտած չէ, սակայն պիտի տեսնէ մինչեւ 2024 իմ աշխատանքներէս փունջ մը: Ես միշտ կը կրկնեմ հետեւեալ խօսքը. «Արուեստը նպատակակէտ չէ, այլ ճամբորդութիւն է»:
«Ա.».- Այս օրերուն արուեստը քիչ քիչ սկսած է մոռացութեան տրուիլ` քաղաքական, ապահովական, ընկերային, տնտեսական, պատերազմական ծանր կացութեան պատճառներով: Դուք ձեր կեանքը ապրած էք արուեստով ու մնայուն կերպով արուեստի գործեր ծնած էք: Ինչո՞ւ կարեւոր է արուեստը, այսօր ո՞ւր է ան մեր իրականութեան մէջ:
Գ. Ա.- Ինծի համար արուեստը շունչ է, ուրախութիւն է, բուժում է, աղօթք է: Ես երբ կ՛աշխատիմ պաստառիս վրայ, կը կորսուիմ: Միայն հոն եմ: Ներկայիս արուեստը անկումի մէջ է, որովհետեւ մարդիկ նիւթականի դժուարութիւն ունին, եւ անոնց համար առաջնահերթութիւն է ապրուստը: Իմ գործս հիմա եղած է միջին դասակարգէ վեր, որովհետեւ գիներս չեն կրնար նոյնը մնալ: Ճիշդ է, որ հիմա ինկած է արուեստը, սակայն այսպէս չի մնար: Անպայման դարձեալ վերելք պիտի ապրի, նման` այլ բաներու, որոնք կ՛ունենան իրենց անկումը եւ ապա կրկին կը բարձրանան: Արուեստը պերճանք է, շքեղութիւն է, բայց կարեւոր պերճանք եւ շքեղութիւն է, որովհետեւ, եթէ արուեստ չկայ, մարդկութիւն չ՛ըլլար: Վաթսուն հազար տարի առաջ մարդ արարածը գծագրութիւններ ըրած է քարայրներու մէջ, եւ հետագային, երբ ամէն բան գրելով եղաւ, արուեստը ինկաւ, այսինքն քսան հազար տարիէ ի վեր մարդկութիւնը նորութիւն չէ բերած արուեստի մէջ:
«Ա.».- Ձեր կեանքին ընթացքին ինչե՞ր հանդիսացած են ձեր ներշնչման աղբիւրները:
Գ. Ա.- Ամէն ինչ կը ներշնչէ զիս: Ինչ որ կը տեսնեմ կամ կը լսեմ, ներշնչում է արուեստի համար: Արուեստագէտ մը երբեք բան մը չի ստեղծեր: Միշտ ետեւ պիտի նայի, առնէ իրմէ առաջ շինողներուն ըրածը եւ աւելցնէ վրան: Անկարելի է, արուեստագէտ մը, որ ոչինչէն սկսի, այլ միշտ ետեւ պիտի նայի եւ անիկա առնելով` պիտի վերամշակէ:
«Ա.».- Ձեր կոչը, խօսքը` երիտասարդ հայ արուեստագէտներուն, որոնք կը փորձեն իրենք զիրենք կերտել` հակառակ ամէն դժուարութեան:
Գ. Ա.- Ես կը կարծեմ, որ դժուարութիւն չկայ, այլ ժամանակի հարց է: Պէտք է ժամանակ տրամադրես տեղ մը հասնելու համար: Եթէ իսկապէս մէկը կ՛ուզէ արուեստագէտ ըլլալ, անպայման ժամանակ կը գտնէ ստեղծագործելու: Վարժութիւնը կը հասցնէ կատարեալին: Վստահօրէն կատարելագործուած աշխատանք չկայ, սակայն կը փորձենք հոն հասնիլ:
«Ա.».- Վերջին խօսք մեր ընթերցողներուն:
Գ. Ա.- Պէտք է աշակերտներ անպայման այցելեն այս ցուցահանդէսը, եթէ արուեստը կը սիրեն, որպէսզի տեսնեն, թէ ի՛նչ բաներ ըրած եմ այդ երկար ճամբորդութեանս ընթացքին, եւ գիտնան, որ պէտք չէ վախնան փորձելէ: Ես 1989-ին, երբ Քանատա ճամբորդեցի, երեք տարի չկրցայ վերադառնալ Լիբանան եւ ուզեցի յաւելեալ բան մը սորվիլ: Հետեւաբար թուղթ շինելու դասընթացքի հետեւեցայ: Գիտենք, որ երկու հազար տարիէ ի վեր չիներն են, որ առաջին անգամ թուղթ պատրաստած են: Ես պատրաստեցի թուղթը եւ վրան աւելցուցի բան մը, որ երկու հազար տարիէ ի վեր մէկը չէր ըրած նմանը եւ անոր համար մրցանակ շահեցայ: Անձ մը, եթէ դադրի սորվելէ, կը ծերանայ: Ես վստահ եմ, որ այս ցուցահանդէսը այցելողները անպայման բան մը պիտի սորվին, պիտի կիրարկեն եւ իրենց ոճով ներկայացնեն:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց է ամէն օր առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, իսկ շաբաթ օրերը` առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00: Արուեստագէտը ցուցահանդէսին ներկայ պիտի ըլլայ առաջին 10 օրը, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-6:00: