Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակն Ու Պատասխանը

Սեպտեմբեր 9, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Յարգելի՛ մտերիմ ընկերս,

Մեր  ներկայ այս վիճակը իրապէս անսովոր է, եւ տեսքն ալ` խղճալի:

Քեզի կը ներկայանամ մտածումներուս անթիւ փշրանքներով, որոնք կանուխէն լեցուցած էին ամբողջ միտքս, որովհետեւ, այլեւս կարելի չէ պաշտպանուիլ մաշած բառերու թումբերով, սին խոստումներով, եւ կրկնուած շատախօսութիւններով:

Մտահոգ եմ, եւ ինծի նման` հազարաւորներ: Մտահոգութիւններ, որոնք զիս կը տանին դէպի հարցադրումներու երկար եւ մութ սեմին, որոնց պատասխանները քեզմէ անհամբեր կը սպասեմ:

Այսպէս, միտքս պարզեմ, ըսէ՛, ե՞րբ պիտի մտածենք ազգովին դուրս գալ մեր այս խառնակ, անախորժ, ամօթալի եւ մեր ձեռքերով իսկ ստեղծուած հայրենի թէ սփիւռքի խառնակ իրավիճակներէն: Բոլորս ալ դարձած ենք ինքն իրեն չվստահող մարդ: Անճանաչելի: Անորակ: Ըսէ՛, ե՞րբ կանգ պիտի առնեն ատելութեան այս շունչն ու նախանձը:

Ու տակաւին, ինչպէ՞ս պիտի կարենանք չափել հայուն ստացած հին ու նոր հարուածներուն հետեւանքները եւ հաշտուիլ անհասկնալիին հետ, որպէսզի գտնենք ու ճոխացնենք վաղուան մեր յոյսն ու ճամբան: Ինչպէ՞ս պիտի կարենանք կապուիլ ժողովուրդին հետ եւ սողալ մարդոց մտքերուն մէջ` վերաշինելու համար հայու մեր կեանքը ու կառուցելու մեր երազանքը:

Վերջապէս, ի՞նչ կը նշանակէ այս: Նման բաներու դիմաց իրապէս սիրտդ ալ կը մաշի, որովհետեւ, այս իրողութիւններէն մեկնած` ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ քալել ներկայէն դէպի վաղը հասնելու: Այս վիճակով ինչպէ՞ս նոր սերունդին ուղղութիւն կրնանք տալ, երբ անկարելի է հանդուրժել վաղուան անստգութիւնը:

Ե՞րբ հայրենիքը իր բուն նպատակին պիտի հասցնենք: Ըսէ՛… Այս բոլորը ի՞նչ սրտով, երբ կեանքը մխիթարական բան մը իսկ չունի եւ չունինք: Ինչպէ՞ս մեր ինքնութեան հաւատարիմ պիտի կարենանք մնալ եւ ստեղծենք հայու կենսախինդ ու լուսաւոր վաղը: Ահա՛, իբրեւ սրտակից հայ, մտահոգութիւններուս շարանը…

***

Պատասխան.-

Յարգելիս,

Հարցումներու շարանիդ մանրամասնեալ պատասխանը հատոր մը կը գոյացնէր:

Պատասխանեմ ընդամէնը քանի մը տողով:

Հոն, ուր կը բացակայի ՍԷՐ-ը, խարխափումները, խաւարը, անորոշութիւնները եւ ամէն տեսակ բացասական երեւոյթները տիրական կ՛ըլլան:

Մեր ազգի հարցերուն լուծման բանալին ես կը տեսնեմ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԹՈՒԹԵԱՆ մէջ: Մենք պէտք ունինք բարոյական դրական հարուածներու, հարուածներ, որոնք ըլլան ցնցիչ, օրինական, բայց եւ` անսովոր:

Տարիներէ ի վեր մտածած եմ տունէն դուրս ելած ատենս ուսիս կրել պարկ մը, ձեռքիս ալ` գետնէն աղբ ճանկող երկաթեայ ձող մը, եւ ուր գետինը տեսնեմ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՈՎ գրութիւն, վերցնեմ ու դնեմ պարկին մէջ` փրկելով սրբասուրբ Մեսրոպի գիրերը ոտնակոխան ըլլալէ: Այդպիսով, տեսնողներուն մէջ հոգեփոխութեան իմ գործս կատարեմ:

Այս առթիւ քեզի պատմեմ այս դրուագը, որուն անձամբ ականատեսը եղած եմ Հալէպի մէջ: Օր մը, երբ փողոցէ մը կ՛անցնէի, տեսայ աղտոտ «կալլապիէ» հագած, Նոթրը Տամի այլանդակը յիշեցնող տեսքով մէկը, որ գետնէն թուղթեր կը վերցնէր, կը բանար զանոնք, աչք մը կը նետէր անոնց վրայ, մէկ մասը ծալելով` գրպանը կը դնէր, ուրիշներ ետ գետին կը նետէր: 2-3 վայրկեան դիտեցի անոր ըրածը: Խելքիս չպառկեցան անոր շարժումները: Հետաքրքրուած` մօտեցայ անոր: Մեր միջեւ եղաւ այս խօսակցութիւնը.

– Ասսալամու ալէյքում, հաճճի՛: Ի՞նչ կ’ընես,- ըսի իր լեզուով: – Քանի մը վայրկեանէ ի վեր քեզ կը դիտեմ, բայց չկրցայ հասկնալ, թէ ի՛նչ կ՛ընես:

– Եա ըպնի (տղաս), թուղթերը գետինէն կը վերցնեմ ու կը նայիմ, եթէ հոն արաբերէն գրութիւն կայ, գրպանս կը դնեմ, իսկ եթէ չկայ, ետ գետինը կը նետեմ: Չեմ ուզեր, որ մարդիկ ոտնակոխ ընեն Աստուծոյ` մարդկութեան առաքած սուրբ գիրքին` Ղուրանին գիրերը:

– Իսկ ի՞նչ կ՛ընես գրպանդ դրածները: Աղբամա՞ն կը նետես յետոյ:

– Ո՜չ, ի՞նչ աղբաման: Յետոյ կ՛այրեմ եւ այդպիսով կը մաքրեմ:

Ցնցուած էի: Կը խոստովանիմ` այդ խեղանդամ ու փնթի արաբ մարդը իմ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉներէս մէկն եղաւ:

Անոր համար ես ալ կ՛ուզեմ նման ցնցող բան ընել այս թմրած ազգը ԱՐԹՆՑՆԵԼՈՒ համար: Կը հաւատամ, որ յաղթանակներն ալ, պարտութիւններն ալ առաջին հերթին կը կերտուին հոգեւոր ու բարոյական մարզերուն մէջ, ապա նոր միայն նիւթական տեսք կը ստանան:

Մեր այս վերջին ազգային աղէտները սկսան, երբ անկախութեան հռչակումէն ետք չկրցանք/չուզեցինք նորոգուիլ բարոյապէս եւ հոգեպէս: Եւ ՇԱՏ ԲՆԱԿԱՆ, ՆՈՅՆԻՍԿ ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅԻՆ ԱՅՍ ԱՂԷՏՆԵՐԸ:

Արդէն երեք տարիէ աւելի է, ինչ կը տարածեմ հետեւեալ օրինակը. գերմանացիք ու ճափոնցիք Համաշխարհային Բ. պատերազմը կորսնցուցին կատարեալ անձնատուութեամբ եւ ահաւոր վնասներով` քարուքանդ երկիր, միլիոնաւոր սպանեալներ ու վիրաւորներ ժառանգելով: Բայց ի՞նչ ըրին: Սկսան զիրա՞ր յօշոտել, փողոցնե՞ր չափչփել, մէկը միւսի՞ն հայհոյել… Ո՛Չ: Անոնք շուտով հասկցան, որ ՄԻԱՅՆ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔով կրնան վերականգնել այդ աղէտներու վնասներուն մեծ մասը: Եւ ընդամէնը տասնամեակ մը յետոյ անոնք բռնած էին զարգացման ուղին, իսկ 1960-ականներուն արդէն ունէին աշխարհը նուաճող հզօր տնտեսութիւն: 45 տարի ետք գերմանացիք ետ բերին Արեւելեան Գերմանիան, կասկած չունիմ, որ ճափոնցիք ալ օր մը ետ պիտի բերեն իրենց հայրենիքէն գրաւուած Քուրիլեան կղզիները:

Մենք պէտք է հզօրացնենք Հայաստանը` հայկական մնացած այս վերջին կտորը, որպէսզի համաշխարհային հերթական տակնուվրայութեան ժամանակ ունենանք ԵՐԿԱԹԷ ՇԵՐԵՓ, հնարաւորինս մեծ ծայրով, որպէսզի հերիսայէն վերցնենք հնարաւորինս մեծ պատառներ:

Արդ, կը յուսամ, թէ որոշ չափով կրցայ պատասխանել հարցումներուդ:

Ողջ եւ առողջ մնա՛…

Ընկերդ…

bedig43@aol.com

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սփիւռքի Վերակենդանացումը

Յաջորդը

Գրիգոր Ակոբեան Պիտի Ներկայացնէ 1964-2024 Թուականներու Իր Գործերէն Նմուշներ` Իբրեւ Արուեստի Իր Կեանքի Ուղին

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?