Իր վերջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 31 օգոստոս 2024-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ ինք պէտք է անյապաղ հրաժարի:
Նկատի ունենալով, որ թէ՛ Փաշինեանը եւ թէ՛ անոր նշանակած պաշտօնեաներն ու խորհրդատուները չեն գիտեր` ի՛նչ կ՛ընեն, ես ստիպուած կը զգամ կամաւորաբար ներկայացնելու խորհուրդներ ու թելադրութիւններ, ինչ որ 30 տարիներ շարունակ կատարած եմ նախկին եւ այժմու Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարներուն հետ:
Թէեւ ողջունելի է, որ Փաշինեան կը փափաքի մամլոյ գործիչներուն հետ հանդիպիլ եւ պատասխանել լրագրողներուն հարցումներուն, սակայն մամլոյ ասուլիսը պէտք չէ մէկ ժամէն աւելի երկար տեւէ, որպէսզի սակաւաթիւ մնան անոր հակասական հաստատումները, եւ քողարկուի անոր անճարակութիւնը: Անցեալին անոր մամլոյ ասուլիսները կը տեւէին չորս, նոյնիսկ 5 ժամ` ընդօրինակելով նախկին խորհրդային եւ այժմու ռուս ղեկավարութեան սովորութիւնը: Բարեբախտաբար այս անգամ Փաշինեանի ասուլիսը տեւեց միայն 2 ժամ եւ 17 վայրկեան: Բայց պատասխանելով այդքան հարցումներու` ան առիթ տուաւ ընդդիմութեան քննադատութեան թիրախ դառնալու:
Առաջին հարցը, զոր կ՛ուզէի քննարկել, կը վերաբերի Փաշինեանի պատասխանին` նոյեմբերին Պաքուի մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի միջազգային բնապահպանական համաժողովին Հայաստանի մասնակցութեան վերաբերող հարցումի մը: Յուլիս ամսուն, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հրաւէր ստացաւ մասնակցելու ՄԱԿ-ի ՔՈՓ29 համաժողովին, կառավարութեան տեղեկութեան եւ հանրային յարաբերութեանց բաժանմունքը խոստացաւ, որ Փաշինեան այս մասին պիտի յստակացնէր օգոստոսին տալիք մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Սակայն օգոստոս 31-ին, երբ այդ հարցումը ուղղուեցաւ, ան անփութօրէն պատասխանեց, որ տակաւին չէ որոշած, եւ երբ եզրակացութեան մը յանգի, բոլորը տեղեակ պիտի պահէ: Եթէ իրաւացի պատճառ մը ունի որոշում չկայացնելու, հապա ինչո՞ւ կառավարութիւնը խոստացած էր օգոստոսին վերջնական պատասխան տալ:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը որեւէ ճիգ ի գործ կը դնէ հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման համար, Փաշինեան ինչպէս միշտ, մեղադրեալ նկատեց բոլորը, բացի իրմէ: Ան անմիջապէս մոռացութեան տուաւ, թէ ի՛նքն էր, որ 2020-ի պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք անմտօրէն բոլոր ազերի ռազմագերիները ազատ արձակեց` քանի մը հայ գերիներու դիմաց: Ան պէտք էր ԲՈԼՈՐ ազերի գերիները ազատ արձակէր միա՛յն ԲՈԼՈՐ հայ գերիներուն փոխարէն: Փաշինեան սայթաքում մը եւս կատարեց, երբ համաձայնեցաւ հայկական վեթոն վերցնել` թոյլ տալով, որ Պաքուն հիւրընկալէ այդ հեղինակաւոր համաշխարհային խորհրդաժողովը: Նախագահ Ալիեւ այնքան բուռն իղձ ունէր, որ այդ ժողովը տեղի ունենար իր երկրին մէջ, որ համաձայն պիտի ըլլար ազատ արձակել ոչ միայն քանի մը, այլ բոլոր հայ ռազմագերիները եւ նոյնիսկ դուրս գար Հայաստանի սահմաններէն, որոնք գրաւած էր 2021 եւ 2022 թուականներէն ի վեր:
Այնուհետեւ Փաշինեան բացայայտեց, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը համաձայնած են խաղաղութեան պայմանագրի 17-էն 13 յօդուածներուն: Ուրեմն Փաշինեան կ՛առաջարկէ ստորագրել այդ պայմանագիրի 13 յօդուածները` մնացեալը ձգելով ապագային: Սակայն ան չի հասկնար, որ Ալիեւ ոչ մԷկ փափաք ունի Հայաստանի Հանրապետութեան հետ խաղաղութեան: Ան կ՛ուզէ Հայաստանէն առնուազն որոշ հողատարածքներ, եթէ ոչ ամբողջ Հայաստանի տարածքը, ինչպէս ան բառացի սպառնացած է բազմաթիւ անգամներ:
Նախ եւ առաջ յստակ է, թէ Փաշինեան որքան ալ «խաղաղութիւն» հոլովէ, այդ կարելի չէ, քանի որ Ազրպէյճան խաղաղութիւն չ՛ուզեր: Կամքը պէտք է ըլլայ երկուստեք: Միակողմանի խաղաղութիւն գոյութիւն չունի:
Ապա, շարունակական խաղաղութեան պաղատանքներով, Փաշինեան կը քաջալերէ, որ Ալիեւ նորանոր զիջումներ պահանջէ Հայաստանէն:
Վերջապէս, խաղաղութեան պայմանագիրը Ալիեւի համար պարզապէս թուղթի կտոր մըն է, որ պիտի ստորագրուի եւ մոռցուի: Ան ոչինչ կը ներկայացնէ: Անիկա երբեք պիտի չփրկէ Հայաստանի սահմանները, երբ ազերին յարձակի ու ներխուժէ:
Փաշինեան յոխորտաց, որ անցեալ ուրբաթ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւններու ստորագրած սահմանագծման համաձայնագիրը առաջին իրաւական փաստաթուղթն է երկու երկիրներուն միջեւ: Նախ` այդ մէկը տակաւին չէ վաւերացուած, եւ ապա ան կը մոռնայ, որ Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւնները զինադադար մը ստորագրած էին 1994 թուականին: Ան նաեւ կը մոռնայ, որ ինք, Փութին եւ Ալիեւ նոյնանման համաձայնագիր մը ստորագրած էին 2020-ի պատերազմէն ետք:
Թերեւս մամլոյ ասուլիսին ամէնէն տգեղ բաժինը Փաշինեանի կողմէ անտեղի կասկածներ յարուցանելն էր Ռուբէն Վարդանեանի` Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարարին մասին, որ որպէս պատանդ` կը գտնուի Պաքուի բանտերուն մէջ սեպտեմբերի 2023-էն ի վեր: Փոխանակ կեդրոնանալու իր անգոյ ջանքերուն վրայ` ռազմագերիները եւ պատանդները Հայաստան վերադարձնելու, Փաշինեան փորձեց նսեմացնել Ռուբէն Վարդանեանը` ըսելով. «Ի՞նչ տեղի ունեցաւ: Ինչպէ՞ս եղաւ, որ Ռուսիոյ քաղաքացիութենէն հրաժարեցաւ Ռուբէն Վարդանեանը: Ո՞վ խորհուրդ տուաւ կամ յանձնարարեց անոր առնելու այդ քայլը: Ո՞վ զայն այս առումով ուղարկեց Հայաստան: Ո՞վ զայն գործուղեց Լեռնային Ղարաբաղ: Ի՞նչ նպատակներով: Ի՞նչ երաշխիքներով: Ի՞նչ խոստումներով»: Եւ վերջապէս ան ըսաւ. «Գիտէ՞ք` մենք այդքան ալ լաւ չենք ճանչնար անոր ով ըլլալը, քանի որ ուրիշ երկրի քաղաքացի է»:
Փաշինեան ապա դիմեց այս հարցումը ուղղած լրագրողին` ըսելով. «Այս հարցումներուն պատասխանները կ՛ուզե՞նք ունենալ, թէ՞ չենք ուզեր»: Դուք անձամբ նշեցիք, եւ ես այդ մասին կ՛արտայայտուիմ: Պէտք է խոստովանիլ, թէ իրօք լուրջ խնդիր է, զոր պէտք է քննենք եւ կը քննենք: Չեմ ուզեր աւելի մանրամասնութիւններու մէջ մտնել, բայց պէտք է ըսեմ, որ խաղաղութեան իրականացման օրակարգին համար եւս կարեւոր է այս մէկը: Ընդ որում, պարտադիր չէ յաջող վերջակէտ ունենալը»:
Փոխանակ օգնելու Վարդանեանին` Փաշինեան անոր ազատ արձակումը աւելի կը բարդացնէ:
Փաշինեան բազմաթիւ սխալներ կատարեց մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, բայց զանոնք բոլորը համապարփակ ներկայացնելու համար պէտք է գրել ամբողջ գիրք մը:
Թարգմանեց`
ԿԱՐԷՆ ՇԱՀԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ