Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քնքշութիւնը Մարմնաիորող Քանդակագործը. (Վարուժան Մարտիրեանի Տուն-Թանգարանի Բացման Առիթով)

Սեպտեմբեր 6, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Մարդը

Վարուժան Մարտիրեանին առաջին անգամ հանդիպած եմ 80-ականներուն, երբ Այնճարի ազգային վարժարանը նոր մանկապարտէզ կառուցելու ծրագիր ունէր, եւ վարժարանի օրուան հոգաբարձութիւնը` իբրեւ յայտնի ճարտարապետի, իրեն դիմած էր` խնդրելով շինարարական  ծրագիր մը պատրաստել: Որքան կը յիշեմ, արդիական մանկապարտէզի ծրագիր մը պատրաստած էր Վ. Մարտիրեանը, սակայն անիկա դժբախտաբար իրականութիւն չդարձաւ նիւթական դժուարութեանց պատճառով:

Քանի մը առիթներով հանդիպած էի նաեւ  Մարտիրեան ամոլին` Այնճարի մէջ կայացած տարբեր մշակութային ձեռնարկներու ընթացքին եւ տան մէջ հօրեղբօրս` Գաբրիէլ Հաւաթեանին, որուն յաճախ կ՛այցելէին:

Բոլոր հանդիպումներուն իմ տպաւորութիւնս այն էր, որ Վարուժան Մարտիրեանը բարի, ազնիւ, հաղորդական, ընկերային, հայրենասէր, այնճարասէր եւ  հայ մշակոյթը սիրող անձնաւորութիւն է, բան մը, որ աւելիով հաստատուեցաւ, երբ մեր ծանօթութիւնը վերածուեցաւ մտերմութեան:

Ժամանակի ընթացքին համոզուեցայ, որ Վարուժան Մարտիրեանը, իր համեստութեամբ, մարդկային իր ազնիւ նկարագիրով եւ հայրենասիրութեամբ, իւրայատուկ անձնաւորութիւն էր, մարդու տեսակ,  որ յարգանքի արժանի է:

Մշակոյթը Քաջալերողը

ՎԵՐՋԻՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿՆԵՐՈՒՆ, ԵՐԲ ՄԱՐՏԻՐԵԱՆՆԵՐԸ ԱՅՆՃԱՐ ԸԼԼԱՅԻՆ, ՄԻՇՏ ՆԵՐԿԱՅ ԷԻՆ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԲՈԼՈՐ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ, ԲԱՅՑ` ՄԱՆԱՒԱՆԴ ԱՅՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ, ՈՐՈՆՔ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՄ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԽՈՐՔ ՈՒՆԷԻՆ: Պէտք է արձանագրել, որ Վարուժանի կողքին, միշտ իր կողակիցն էր` Սուէտլանան, որ թեւ եւ թիկունք հանդիսացաւ Վարուժանին  արուեստագէտի ամբողջ կեանքի ընթացքին:

Վարուժան Մարտիրեանը միշտ քաջալերած է երիտասարդ մշակոյթի գործիչները` երբեք չզլանալով իրեն դիմողներուն օգնութիւն ցուցաբերել: Հայրական եւ գուրգուրալից էր իր մօտեցումը` մանաւանդ նոր ճամբայ բացող նկարիչներուն հանդէպ: Իր փորձառութիւնը նորեկներուն փոխանցելու միշտ պատրաստ էր:

Ես Վարուժանին հետ աւելի մտերմացայ, երբ հերոսամարտի տօնի մը առթիւ տեղի ունեցաւ  իր անհատական ցուցահանդէսը, որ մեծ արձագանգ ունեցաւ: Մեծ  էր Վարուժանին ուրախութիւնը` տեսնելով իր գործերը, որոնք  կը ցուցադրուէին իր հարազատ գիւղին մէջ: Խոստովանիմ նաեւ, որ գիշեր մը մեզի այցելելով` օգտակար թելադրութիւններ կատարեց  ինծի:

Քանդակագործ–Արուեստագէտը

Վարուժան Մարտիրեանը ճանչցուած ճարտարապետ էր, երբ իր մէջ խլրտեցաւ արուեստի կրակը: Ինք սկսաւ փայտի վրայ քանդակել  1985-ին, երբ 48 տարեկան էր: Զարմանալի պէտք չէ թուի, թէ ինչո՛ւ փայտի վրայ: Վարուժանին հայրը աշխատած էր փայտով, շինած էր տնային առարկաներ եւ ունեցած էր քանդակելու շնորհ: Հաւանաբար ժառանգական շնորհը` միանալով արուեստի քաջածանօթ անձնաւորութեան, մէջտեղ բերաւ Մարտիրեան քանդակագործը: Պէտք չէ մոռնալ, որ Մարտիրեան մոլի ընթերցող էր եւ տէր` արուեստի լայն հորիզոնի:

Վարուժանը քանդակեց մինչեւ իր կեանքի վերջին տարիները: Ունի հարիւրաւոր քանդակներ, որոնք տեղ գտած են աշխարհի տարբեր երկիրներու թանգարաններուն մէջ: Հիմնական թեման կնոջ կերպարն է` իր տարբեր վիճակներուն մէջ: Ես արուեստի քննադատ չեմ եւ ի վիճակի չեմ Մարտիրեանի արուեստի գործերուն գեղագիտական արժանիքները վեր հանելու եւ զանոնք վերլուծելու: Սակայն  ինծի համար շատ տպաւորիչ են Մարտիրեանի քանդակները: Հոն կան` իգական քնքշութիւն, հրաշալի ներդաշնակութիւն, բացառիկ երանգաւորում, հոգեկան ապրումները ամենացայտուն իրենց վիճակին մէջ որսալու մեծ ունակութիւն, տեսիլք եւ խաղաղութիւն:

Թէ ինչպէ՛ս Մարտիրեանը փայտի կոշտ կոճղերուն մէջէն կրնար մէջտեղ բերել այսքան նուրբ եւ գեղեցիկ կերպարներ, ինծի համար հրաշքի համազօր է:

Վարուժան Մարտիրեան քանդակագործը ծանօթ անուն է արուեստի շրջանակներուն մէջ, եւ` ոչ միայն հայկական: Փաստ է, որ խիստ արուեստի չափանիշներ կիրարկող Իտալիան զինք հրաւիրեց ցուցահանդէս ներկայացնելու (1998):

Վարուժան Մարտիրեանը, որ մասնակցած է աւելի քան  երեսուն արուեստի ցուցահանդէսներու (աւելի քան տասը անհատական) արժանացած է արուեստի շրջանակներու բարձր գնահատանքին եւ տարբեր մրցանակներու: Ան կը կանգնի  մուսալեռցի երէց սերունդի ճանաչուած արուեստագէտներու կողքին, ինչպիսիք են` Ժան Գազանճեանը, Գեղամ Թազեանը, հայր Յարութիւն վրդ. Պզտիկեանը…

Տուն–Թանգարանը

Պէտք է ըսել, որ տուն-թանգարանները յաւելեալ արժէք են Մուսա Լեռ-Այնճարին համար: Այնճարի մէջ, Մուսա Լերան ազգագրական թանգարանի կողքին, գոյութիւն ունէր նաեւ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանը: Այսօր կ՛աւելնայ նոր տուն-թանգարան մը` Վարուժան Մարտիրեան:

Այսուհետեւ, Վարուժան Մարտիրեանը մնայուն յուշարձան պիտի ունենայ Այնճարի մէջ իր տուն-թանգարանով, բան մը, որ իրականութիւն դարձաւ շնորհիւ իր կնոջ` Սուէտլանա Մարտիրեանին եւ զոյգ դուստրերուն` Մարինէին եւ Ծովակին օրինակելի որոշումով:

Վարուժան Մարտիրեանը պիտի ապրի եւ իր քանդակներու քնքշութիւնը պիտի փոխանցուի եկող սերունդներուն:

1 սեպտեմբեր 2024          
Մուսա Լեռ-Այնճար

 

Նախորդը

«Ուր Որ Թմրեցուցիչ Կայ, Զէնք Ալ Կայ»

Յաջորդը

«Մեզ Համար Արցախի Հարցը Բնաւ Փակուած Չէ» Արցախի Թեմի Առաջնորդ

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?