Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Աջակցութեան Պատճառով. Թեհրանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Կանչուած Է Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Սեպտեմբեր 4, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչած է Թեհրանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսէյ Տետովը` վերջին շրջանին Մոսկուայի կողմէ Ազրպէյճանը Հայաստանի տարածքով Նախիջեւանին կապող «միջանցք»-ին աջակցութեան պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի թելեկրամեան ալիքը:

Թեհրան իր մտահոգութիւնը յայտնած է եւ ըսած, որ դէմ է աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան, որ կրնայ խախտել շրջանին մէջ հաստատուած սահմանները:

ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը մանրամասնէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական եւ Եւրասիոյ հարցերով ընդհանուր տնօրէն Մոճթապա Տեմիրճիլուն Թեհրանի աջակցութիւնը յայտնած է շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան` միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ Իրան դէմ է միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու եւ աշխարհաքաղաքական սթաթիւս-քոյի որեւէ փոփոխութեան:

Տեմիրճիլու երկուշաբթի երեկոյեան Թեհրանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Տետովի հետ հանդիպումի ընթացքին նաեւ ընդգծած է շրջանի բոլոր երկիրներու շահերուն եւ օրինական մտահոգութիւններուն ուշադրութիւն դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:

Երկու դիւանագէտները միտքեր փոխանակելով Կովկասի մէջ ընթացող զարգացումներու շուրջ նշած են ազգային գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ երկիրներու փոխադարձ շահերու յարգումը, որոնք, անոնց կարծիքով, կայուն խաղաղութեան եւ շրջանային համագործակցութեան երաշխաւորն են:

Տեմիրճիլու եւ Տետով նաեւ ընդգծած են շրջանի երկիրներու կարողութիւններու օգտագործման անհրաժեշտութիւնը` խնդիրները լուծելու եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ամրապնդման եւ տնտեսական ծրագիրներու իրականացման համար` նկատի ունենալով բոլոր կողմերու շահերը:

Խօսուած է նաեւ «3+3» խորհրդատուական ձեւաչափի յառաջիկայ հանդիպման մասին: Ձեւաչափը կը ներառէ հարաւկովկասեան երեք երկիրներ Հայաստանը, Վրաստանն ու Ազրպէյճանը եւ դրացիներ Ռուսիան, Թուրքիան ու Իրանը: Ձեւաչափը կը վերաբերի շրջանին մէջ անվտանգութեան, տնտեսական եւ փոխադրական կապերու ապաշրջափակման վերաբերող հարցերուն:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երկուշաբթի օր խօսելով Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ փոխադրամիջոցային հաղորդակութեան վերականգնման մասին դժգոհած էր, որ Ռուսիա-Հայաստան-Ազրպէյճան եռակողմ համաձայնութիւնները օդէն կախուած մնացած են:  Ան յիշեցուցած էր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի 9 նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ այդ կէտը կայ:

«Հայաստանը սկիզբը հրաժարեցաւ ինքնաշարժային ճամբայէն եւ պնդեց, որ միայն երկաթուղային ըլլայ: Յետոյ յանկարծ Հայաստանը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ սահմանապահները պիտի չմասնակցին, թէեւ ատիկա սեւով սպիտակի վրայ գրուած է 9 նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ», ըսած էր ան:

Նախորդը

Ռիատ Սալամէ Չորս Օրուան Ժամկէտով Կալանաւորուեցաւ

Յաջորդը

Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 33-Ամեակին Առիթով. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Համար Արցախի Հարցը Միշտ Պիտի Մնայ Առաջնահերթ». Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?