Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 3 սեպտեմբերին պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Մոնկոլիա: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը գրէ, որ եթէ ծրագրուած այցելութիւնը տեղի ունենայ, իսկ Քրեմլինը հազուադէպօրէն կը փոխէ իր ծրագիրները, ապա Փութին առաջին անգամ պիտի այցելէ երկիր մը, որ ստորագրած է Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութիւնը:
Միջազգային քրէական դատարանը մարտ 2023-ին Վլատիմիր Փութինը ձերբակալելու հրամանագիր հրապարակած էր, եւ Հռոմի կանոնադրութիւնը ստորագրած երկիրները պարտաւոր են կատարել հրամանագիրը:
Փութին 2023-ին չէր այցելած Հռոմի կանոնադրութիւնը ստորագրած Հարաւային Ափրիկէ` ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովին մասնակցելու համար: Այդ մասին անկէ խնդրած էր Հարաւափրիկեան հանրապետութեան նախագահը, եւ Փութին ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովին ընթացքին խօսք արտասանած էր Մոսկուայէն տեսակապի միջոցով:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, թէ Մոնկոլիան սահմանակից է միայն Ռուսիոյ եւ Չինաստանին ու տեսականօրէն ձերբակալման պարագային գործնականին մէջ դժուար է պատկերացնել Փութինի Լա Հէյ տեղափոխումը:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Քրեմլինին չէ մտահոգեր այն իրողութիւնը, որ Մոնկոլիան Հռոմի կանոնադրութիւնը ստորագրած է:
Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը
Մոնկոլիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ Ձերբակալելու Փութինը
Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Մոնկոլիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է գործադրելու Միջազգային քրէական դատարանի հրամանը եւ ձերբակալելու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, որ մտադիր է 3 սեպտեմբերին այցելելու Մոնկոլիա:
Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Փութին զինուորական յանցագործ է, եւ յոյս կը յայտնէ, որ Մոնկոլիոյ կառավարութիւնը, որ վաւերացուցած է Հռոմի կանոնադրութիւնը, պիտի գիտակցի ատոր:
«Ուքրանացի երեխաներու տեղահանումը ընդամէնը մէկն է այն բազմաթիւ յանցագործութիւններէն, որոնց համար Փութին եւ Ռուսիոյ ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան միւս անդամները պէտք է կանգնին արդարադատութեան առջեւ:
«Այդ անձերը մեղաւոր են Ուքրանիոյ դէմ պատերազմի, ուքրանացի ժողովուրդի դէմ վայրագութիւններու, սպանութիւններու, բռնաբարութիւններու, կողոպուտներու, քաղաքային ենթակառոյցներու գնդակոծման եւ ցեղասպանութեան յանցանքով», նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: