Նիկոլ Փաշինեան բացարձակ անհանդուրժող է իւրաքանչիւր անձի նկատմամբ, որ իրեն համաձայն չէ, թէեւ յաճախ կը ներկայանայ իբրեւ ժողովրդավարութեան անխոնջ ջատագով ու պաշտպան:
Հարիւրաւոր օրէնքներ, որոնց կարգին` սահմանադրութեան բազմաթիւ դրոյթներ խախտելէ զատ, Փաշինեան հրահանգած է անվտանգութեան աշխատակիցներուն ձերբակալել Դիմատետրի վրայ զինք քննադատողները: Իսկ արտերկրի մէջ նմանատիպ մեկնաբանութիւններ ընող օտարները կրնան ներառուիլ իշխանութիւններու «Սեւ ցանկ»-ին մէջ` զրկուելով Հայաստան մուտք գործելու կարելիութենէն կամ ձերբակալուելով հազիւ Հայաստան հասած:
Ահա թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ բնակող Անուշ Հաճեանին հետ, որ Հայաստանի քաղաքացի չէ, այլ` Միացեալ Նահանգներու: 24 ապրիլ 2025-ին Անուշ իր դիմատետրեան էջին վրայ բաժնեկցած էր Փաշինեանը քննադատող այլ անձի մը գրառումը` աւելցնելով իր մեկնաբանութիւնը. «Վերջացուցէ՛ք Նիկոլի քլանին թրքական խաղալիքը»:
Անուշին խիստ խօսքերը զգացական պոռթկում էին` ի պատասխան Փաշինեանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստերը կասկածի տակ առնելուն: Սակայն շատ աւելի դատապարտելի է, երբ ինքնին վարչապետը լկտի բռնութեան կոչեր կ՛ուղղէ իր քաղաքական հակառակորդներուն հասցէին: Այնուամենայնիւ, Հայաստանի մէջ ոչ մէկ դատաւոր կը համարձակի զինք պատասխանատուութեան ենթարկել իր արձանագրած խախտումներուն համար:
Աւելի քան տարի մը անց` 13 յուլիս 2026-ին, հազիւ Հայաստան հասած, Երեւանի օդակայանը Անուշը ձերբակալեցին` առանց որեւէ բացատրութեան: Զինք տեղափոխեցին Երեւան քաղաքի ոստիկանութեան բաժանմունքներէն մէկը, ուր պահեցին ութ ժամ, ապա ազատ արձակեցին` մինչեւ դատաքննութեան աւարտը: Միեւնոյն ատեն անոր նկատմամբ կիրարկուեցաւ երկիրը լքելու արգելք:
Ըլլալով Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի` Անուշ աջակցութիւն ստանալու նպատակով դիմեց Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն: Սակայն դեսպանատան աշխատակիցը բաւարարուեցաւ միայն տեղացի փաստաբաններու ցանկ մը տրամադրելով: Կը կարծեմ` աշխատակիցը պատշաճ օգնութիւն չէ ցուցաբերած: Դեսպանատունը պէտք էր հետաքրքրուէր Անուշին վիճակով եւ ջանքեր գործադրէր` իբրեւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի, անոր իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը ապահովելու համար:
Անուշ անձամբ տեղացի փաստաբանի մը դիմեց եւ շուրջ երկու ամիս ետք կանգնեցաւ դատարանին առջեւ: Իրեն կը պարտադրէին ընդունիլ մեղադրանքը 2025 թուականին Դիմատետրի վրայ կատարած գրառման համար. փաստաբանն ալ խորհուրդ տուաւ ենթարկուիլ: Անոր նկատմամբ նշանակուեցաւ տուգանք` 2000 տոլարին համարժէք դրամի չափով` փաստաբանական ծառայութիւններու համար վճարուած հազարաւոր տոլարներուն կողքին:
Անուշ Հաճեան նոյն օրը վճարեց տուգանքը, ստացաւ անդորրագիրը, եւ իրեն տեղեկացուցին, որ կրնայ անարգել հեռանալ երկրէն: Այդուհանդերձ, երբ ան փորձեց ինքնաշարժով անցնիլ Վրաստան, Հայաստանի սահմանապահ ծառայութիւնը կեցուց զինք` թոյլ չտալով շարունակել ճամբան, նոյնիսկ երբ ցոյց տուաւ դատարանին տրամադրած ազատման փաստաթուղթը: Տեղւոյն ոստիկանութեան բաժնին մէջ շուրջ երկու ժամ պահելէ ետք միայն իրեն արտօնութիւն տրուեցաւ հատել Վրաստանի սահմանը:
Իսկապէս զարմանալին այն է, որ պետական պաշտօնեաները, ըստ ամենայնի, կը վերահսկեն Հայաստանի եւ սփիւռքի բազմաթիւ հայերու դիմատետրեան էջերը` Փաշինեանի հասցէին հնչող քննադատական մեկնաբանութիւններ յայտնաբերելու եւ անոնց հեղինակները հետապնդելու նպատակով: Կարելի էր ենթադրել, որ կառավարութիւնը աւելի հրատապ խնդիրներ ունի լուծելու, քան` մարդոց դիմատետրեան էջերուն հետեւիլը:
Անուշը բախտաւոր էր, որ չյայտնուեցաւ բանտը: Սակայն բազմաթիւ այլ անձեր ձերբակալուած են դիմատետրեան գրառումներուն պատճառով:
Ստորեւ կը ներկայացնենք քանի մը օրինակներ.
Փաշինեանի յայտնի քննադատ Արթուր Դանիէլեան ձերբակալուեցաւ նախորդ շաբաթ` Դիմատետրի մէջ զայն «վիժուածք» անուանելէ ընդամէնը ժամեր անց:
Թատերագիր Վահրամ Սահակեան ձերբակալուեցաւ սեպտեմբեր 29-ին. անոր մեղադրանք առաջադրուեցաւ 2025 թուականի յունուարին կատարած դիմատետրեան գրառումով «ատելութիւն, անհանդուրժողականութիւն եւ թշնամանք» հրահրելու համար: Անոր նկատմամբ սահմանուեցաւ վարչական վերահսկողութիւն, եւ ան ազատ արձակուեցաւ Դիմատետրի մէջ գրառումներ ընելէ ձեռնպահ մնալու պայմանով:
Արտակ Աւետիսեան արդարացուեցաւ անցեալ ամիս` մայիսին ձերբակալուելէ ետք: Սկիզբը իրեն «ատելութեան խօսքի» մեղադրանք առաջադրուած էր, որ աւելի ուշ փոխարինուեցաւ ծանրացուցիչ հանգամանքներով` «խուլիկանութեան» յօդուածով: Խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւին ընթացքին ան Դիմատետրի մէջ կոշտ կերպով քննադատութեան ենթարկած էր Փաշինեանը:
Փետրուարին ձերբակալուեցաւ եւ խուլիկանութեան համար մեղադրուեցաւ այլ ընդդիմախօս մը` «ԹիքԹոք»-ի մէջ Փաշինեանի մասին վիրաւորական տեսանիւթ հրապարակելէ երկու ամիս ետք: Մօտաւորապէս նոյն ժամանակաշրջանին քրէական հետապնդման ենթարկուեցաւ Ախուրեանէն 55-ամեայ կին մը` առցանց անձնական նամակի մը մէջ վարչապետին եւ անոր ընտանիքին հասցէին, ըստ տեղեկութիւններու, արհամարհական արտայայտութիւններ կատարելուն համար:
Հայաստանցի փաստաբան Ալեքսանտր Քոչուպայեւ ձերբակալուեցաւ 2025 թուականին ընկերային ցանցի մէջ իրաւապահ եւ դատական համակարգի պաշտօնեաները քննադատող գրառում ընելէ ետք: Արցախցի Գայեանէ Մեսրոպեան ձերբակալուեցաւ 2026 թուականի մարտին` Փաշինեանը քննադատող դիմատետրեան գրառման պատճառով: Մինչդեռ արցախահայերու հասցէին ուղղուած վիրաւորական մեկնաբանութիւններ պարունակող աւելի քան 1000 գրառում այդպէս ալ չէ հետաքննուած իշխանութիւններուն կողմէ:
Հոկտեմբեր 1-ին ընդդիմադիր պատգամաւոր Էտկար Ղազարեան, որ յայտնի է իր կտրուկ յայտարարութիւններով, դատապարտուեցաւ երկու տարուան պայմանական ազատազրկման Սահմանադրական դատարանի երկու տարի առաջ կայացուցած որոշումը խստօրէն քննադատելուն համար: Երեւանի դատարանը զայն մեղաւոր ճանչցաւ դատաւորներու վերաբերեալ «զրպարտչական տեղեկութիւններ» տարածելու մէջ: Անոր քոյրը` Լիլիթ Ղազարեան, իր տնօրէնին պահանջով ստիպուեցաւ հրաժարական տալ Դեղերու եւ բժշկական փորձագիտական կեդրոնի տնօրէնի տեղակալի պաշտօնին վրայ 22 տարի աշխատելէ ետք:
Նոյնիսկ դասախօսներ կորսնցուցած են իրենց աշխատանքը` Փաշինեանը քննադատելնուն պատճառով: Յուլիսին աշխատանքէ արձակուեցաւ ընդդիմադիր կեցուածքներով յայտնի իրաւաբան Ռուբէն Մելիքեանը, որ 23 տարիէ իրաւագիտութիւն կը դասաւանդէր Երեւանի պետական համալսարանին մէջ: Նոյն ամսուն աշխատանքէ զրկուեցան նաեւ ԵՊՀ դասախօսներ Ալեն Ղուլեանն ու Շուշան Վարդանեանը, որոնք կը սատարէին ընդդիմութեան:
Մինչդեռ Փաշինեանի կողմնակիցները պաշտպանուած են քրէական հետապնդումէ: Այս տարուան սկիզբը մարդ մը լրատուամիջոցներով յայտարարած էր, թէ պէտք է «քար մը զարնել գլխուն եւ սատկեցնել» Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ը: Անոր դէմ որեւէ քրէական գործ չյարուցուեցաւ:
2023 թուականին Ազգային ժողովի այն ատենուան նախագահ Ալեն Սիմոնեան Երեւանի մէջ թքեց զինք քննադատած քանատահայուն դէմքին: Մինչդեռ ոստիկանութիւնը բերման ենթարկեց ոչ թէ Սիմոնեանը, այլ` տուժողը:
Երեւանի մամլոյ ակումբի նախագահ Արթուր Պապեան Հայաստանի իշխանութիւնները մեղադրած է «հասարակութիւնը վախցնելու եւ այլակարծութիւնը լռեցնելու համակարգուած գործողութեան» համար: Ան նաեւ դատապարտած է այն փաստը, որ «ընդդիմադիրներու նկատմամբ հնչող բացայայտ սպառնալիքներն ու ատելութեան խօսքը կը մնան բացարձակապէս անպատիժ»:



