Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկու Դիտարկումներ

October 20, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Անցնող օրերուն տեղի ունեցան ուշագրաւ երկու զարգացումներ` անոնցմէ առաջինը կը վերաբերէր Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա, իսկ երկրորդը` Ազրպէյճան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն:

Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահներ Տանըլտ Թրամփն ու Վլատիմիր Փութինը 9 հոկտեմբերին հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին համաձայնութիւն ձեռք բերին Ռուսիոյ կողմէ ամերիկեան եւ համաշխարհային շուկայ քարիւղի եւ նաւթամթերքի մատակարարման շուրջ: Թրամփ, այս ծիրին մէջ, 17 հոկտեմբերին հրապարակեց հրամանագիր մը, որ Ռուսիոյ կը շնորհէ ազատումներ անցեալ 18 սեպտեմբերին իր ստորագրած օրէնքի հիմամբ որդեգրուած բազմաթիւ պատժամիջոցներէ, սահմանափակումներէ եւ տուրքերէ:

Այսպիսով, այդ նոր օրէնքով նախատեսուած հակառուսական քայլերու կիրարկումը կասեցուած պիտի մնայ` մինչեւ Թրամփի կամ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետագայ տնօրինումները` իմա կամքը:

Սպիտակ տան ղեկավարին ստորագրած հրամանագիրի մէջ վերոնշեալ բացառութիւններու աւարտին վերաբերող որեւէ ժամկէտ չի նշուիր, սակայն, Ռուպիօ դիտել տուաւ, Թրամփ այդ գծով արժեւորումը պիտի կատարէ 60 օրուան ընթացքին:

Անիկա հաստատաբար ուժի մէջ պիտի մնայ մինչեւ 3 նոյեմբեր` Միացեալ Նահանգներու մէջ Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններու թուականը, որովհետեւ ամերիկեան կողմը այս համաձայնութիւնը կնքեց ընտրական հաշիւներէ մղուած` մինչեւ ընտրութիւններու օրը Միացեալ Նահանգներու մէջ վառելանիւթերու գիները նուազեցնելով, քուէարկողները գոհացնելու եւ անոնց քուէները ապահովելու նպատակով: Անիկա պայմանական է ու ժամանակաւոր. ուստի կարելի չէ բացառել, որ այս սահմանափակումները շուրջ ամիս մը ետք վերականգնուին:

Այս համաձայնութեամբ Ուաշինկթընը Քիեւին դաւաճանեց, իսկ Մոսկուան` Թեհրանին, որովհետեւ համաձայնութիւնը մէկ կողմէ Ռուսիոյ դէմ հաստատուած ֆինանսական խոչընդոտները կը վերացնէ` թեթեւցնելով Մոսկուայի վրայ ճնշումը, իսկ միւս կողմէ` Հորմուզի նեղուցին վրայ իրանեան վերահսկողութեան հաստատման միտք բանին` վառելանիւթերու գիներու վրայ ազդեցութիւնը, կը չէզոքացնէ կամ առնուազն կը տկարացնէ: Իրողութիւն մը, որ հաւանաբար այն գլխաւոր պատճառներէն մէկն էր, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովը մղեց Իրանի դէմ պատերազմի ծագումէն ետք առաջին անգամն ըլլալով` 19 հոկտեմբերին Թեհրան այցելելու` անհրաժեշտ բացատրութիւնները տալու, մտահոգութիւնները փարատելու եւ ռուս-իրանեան յարաբերութիւնները պահպանելու համար:

Համաձայնութեան կնքումը  միջազգային քաղաքականութեան մէջ Ուքրանիոյ եւ Իրանին իրենց տեղին ու չափին մասին վերյիշեցում է, եւ ուրիշներուն համար ալ` ուսանելի դաս մը…:

Անցնող օրերուն արձանագրուած հետաքրքրական զարգացումներէն երկրորդը կը վերաբերէր Ազրպէյճան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն հասած հարուածի մը:

Ազրպէյճանի մէջ լաչակ կրելու արգելքի հարցով Ազրպէյճանի մէջ բողոքի ցոյցեր ծայր առին եւ Թուրքիոյ հետ լարուածութիւն յառաջացաւ, երբ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը 21 սեպտեմբերին որդեգրեց դպրոցական հագուստի նոր պահանջներու որոշումը, որ կ՛արգիլէ համազգեստի միասնականութիւնը խախտող կամ կրթութեան աշխարհիկութեան սկզբունքին չհամապատասխանող հագուստի տարրերը:

Ազրպէյճանի իշխող «Նոր Ազրպէյճան» կուսակցութիւնը, յայտարարութիւն մը հրապարակելով, քննադատեց Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդական Օքթայ Սարալի եւ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն ու բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխաններու «ամբոխավարական եւ անպատասխանատու» յայտարարութիւնները` զանոնք նկատելով «թուրք-ազրպէյճանական եղբայրական յարաբերութիւններու ոգիին» հակասող:

«Իսլամական աշխարհի ոչ մէկ պետութիւն իրաւունք ունի իր կամքը պարտադրելու այլ իսլամ ժողովուրդներուն, միջամտելու անոնց ներքին գործերուն կամ ինքզինք միւսներէն վեր դասելու: Իսլամական աշխարհի միասնութեան ծառայելու պնդումները պէտք է հիմնուած ըլլան ոչ թէ գերիշխելու ձգտումներուն, այլ հաւասարներու համագործակցութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ», շեշտեց կուսակցութիւնը:

Եթէ տեղի ունեցողը լաչակի հարցի պատրուակով Ազրպէյճանի աշխարհիկ իշխանութիւնը տապալելու փորձ մըն է կամ առնուազն իբրեւ այդպիսին ընկալուի,  ատիկա պիտի յանգեցնէ Ազրպէյճան-Իսրայէլ յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրապնդման եւ թուրք-իսրայէլեան լարուածութեան յաւելեալ սրման, որովհետեւ Իսրայէլը պիտի չհանդուրժէ Պաքուի մէջ Էրտողանի խամաճիկը եղող իշխանութեան մը հաստատումը` նկատի ունենալով Իրանի սահմանակից եղող Ազրպէյճանի ռազմավարական դիրքն ու երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւնները: Այդ պարագային Ազրպէյճանը կրնայ Սուրիոյ միանալ` իբրեւ Թուրքիա-Իսրայէլ պարանաձգութեան դաշտ:

Յամենայն դէպս, պարզ է, որ լաչակի հարցը ցնցեց «Մէկ ժողովուրդ, երկու պետութիւն» սկզբունքը, որ կը կազմէ թուրք-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու հիմքը:

 

 

 

Նախորդը

Ամերիկեան-Ռուսական Նաւթային Համաձայնութիւնը

RelatedPosts

Ամերիկեան-Ռուսական Նաւթային Համաձայնութիւնը
Անդրադարձ

Ամերիկեան-Ռուսական Նաւթային Համաձայնութիւնը

October 20, 2026
Երկար Ապրի Փաշինեանին  «Ժողովրդավարութիւնը». Բանտերը Կը Լեցուին Դիմատետրեան Քննադատներով
Անդրադարձ

Երկար Ապրի Փաշինեանին «Ժողովրդավարութիւնը». Բանտերը Կը Լեցուին Դիմատետրեան Քննադատներով

October 20, 2026
Ապրուած Օրեր.  Թ. Մայրս Եւ ԼՕԽ-ի Իր Ընկերուհիները
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Թ. Մայրս Եւ ԼՕԽ-ի Իր Ընկերուհիները

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.