Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

Լիբանանահայ Ազգային Դպրոցները` Պատմականին Ու Ներկայի Միջեւ

November 2, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՍՄԻԿ-ՆԱՆԱՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Հայկական դպրոցները արդէն բացին իրենց դռները` իրենց հարազատ եւ ապահով երդիքին տակ առնելով հայ աշակերտները: Ազգային վարժարանները իրենց հիմնադրութեան օրէն մինչեւ այսօր լծուած են հայեցի սերունդներու դաստիարակութեան, մարդն ու հայը միեւնոյն ատեն կոփելու առաքելութեան` իբրեւ ապագայի երաշխիք:

Առ այդ, կարեւոր է անդրադառնալ Լիբանանի ազգային դպրոցներուն եւ անոնց առաքելութեան: Ազգային դպրոցը միայն այն վայրը չէ, որուն ծնողները իրենց զաւակները կը վստահին` անոնց կրթական մակարդակը բարձր պահելու եւ գիտելիքներ ջամբելու համար: Անիկա նաեւ այն հաստատութիւնն է, որուն կը վստահին իրենց զաւակներուն հայեցի դաստիարակութիւնը, հայոց լեզուի պահպանումը եւ ազգային ինքնութեան փոխանցումը: Հետեւաբար, ազգային դպրոցին վերադարձը ամէն տարեշրջանի սկիզբ, միայն ուսումնական նոր շրջանի մը սկիզբը չէ, այլ նաեւ մեր ազգային կեանքին շարունակականութեան մասին մտածելու առիթ մըն է:

Ազգային դպրոցը Լիբանանի մէջ Ցեղասպանութեան տարիներէն ետք չէ, որ ծնունդ առած կամ կազմաւորուած է: Անոր արմատները կը հասնին աւելի կանուխ` 1902 թուական, երբ Պէյրութի Զոքաք  Պլաթ շրջանին մէջ, Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ յարկին տակ  սկսաւ գործել Ազգային Սուրբ Նշան վարժարանը: Վարժարանը իր գործունէութիւնը սկսաւ մանկապարտէզի 30 սանուկներով եւ նախակրթարանի 12 աշակերտներով: Ան գործեց մինչեւ 1915 թուական, երբ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան իշխանութիւնները գրաւեցին Սուրբ Նշան եկեղեցին եւ աւերակներու վերածեցին զայն, ինչ որ ինքնաբերաբար պատճառ դարձաւ վարժարանի գործունէութեան դադրեցումին:

Պատերազմէն ետք Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոս դիմեց Գերագոյն յանձնակատար Ժորժ Փիքոյին` խնդրելով արտօնել Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ վերականգնումը: Ստացուած արտօնութենէն եւ ազգային նուիրատուութիւններու շնորհիւ` 1919 թուականին վերակառուցուեցան Սուրբ Նշան եկեղեցին եւ վարժարանը:

1915-ի աղէտալի օրերէն ետք եւ յատկապէս 1921-ի վերջերուն Կիլիկիայէն Լիբանան հայ գաղթականներու մեծ ներհոսը նոր փուլ մը բացաւ լիբանանահայ համայնքի կազմաւորման պատմութեան մէջ: Հազարաւոր հայեր հաստատուեցան գաղթակայաններու մէջ, ապրեցան վրաններու տակ եւ, հակառակ ծանր պայմաններուն, կառուցեցին թիթեղաշէն եկեղեցիներ եւ ազգային վարժարաններ` գիտակցելով, որ կրօնն ու կրթութիւնը համայնքի գոյատեւման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման հիմնական միջոցներն էին: Այս դպրոցները, հակառակ իրենց համեստ պայմաններուն, նախնական կրթութիւն կը տրամադրէին` յատկապէս կարեւորութիւն տալով հայոց լեզուի, Հայոց պատմութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանման:

Այս գործընթացը շարունակուեցաւ նաեւ այն ժամանակ, երբ գաղթականները սկսան հաստատուիլ Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ: Անոնք իրենց նոր բնակավայրերուն մէջ հիմնեցին Հայ առաքելական եկեղեցիներ եւ անոնց կից` ազգային վարժարաններ: Ժամանակի ընթացքին այդ փոքրիկ ու համեստ դպրոցները աստիճանաբար վերածուեցան կազմակերպուած կրթական հաստատութիւններու:

Այս երեւոյթը յստակօրէն նկատելի դարձաւ նաեւ Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ հիմնուած ազգային վարժարաններու թիւի աստիճանական աճով: Օրինակ` Ազգային Կիւլապի Կիւլպէնկեան վարժարանը հիմնուեցաւ 1921 թուականին Ճիւնիի մէջ, Ազգային Պալըքլեան վարժարանը` 1924-ին Զահլէի մէջ, Ազգային Յակոբեան վարժարանը` 1925-ին Սայտայի մէջ, Ազգային Հայկազեան վարժարանը` 1927-ին Մսայթպէի մէջ, Ազգային Արամեան վարժարանը` 1935-ին Սին Էլ Ֆիլի մէջ, իսկ Ազգային Խրիմեան վարժարանը` 1935-ին Պիքֆայայի մէջ:

Այս օրինակները կը վկայեն, որ ազգային կրթութիւնը աստիճանաբար տարածուեցաւ Պէյրութէն դուրս` հասնելով Լիբանանի տարբեր շրջաններ: Նման դպրոցներու հիմնադրութիւնը կը շարունակուի յաջորդ տասնամեակներուն ալ, եւ 1920-1975 թուականներուն Լիբանանի մէջ հիմնուած ազգային վարժարաններու թիւը կը հասնի շուրջ երեսունի: Անոնք, իւրաքանչիւրը իր շրջանին մէջ, դարձան հայ համայնքներու կրթական եւ ազգային կեանքի կարեւոր կեդրոններ:

Յատկանշական է նաեւ, որ Լիբանանի մէջ հիմնուած ազգային վարժարաններէն ոմանք իրենց անուններով կը պահպանէին Կիլիկիոյ մէջ գոյութիւն ունեցած կրթական հաստատութիւններու յիշատակը: Այսպիսով, նորաստեղծ վարժարանները միայն նոր միջավայրի մէջ հիմնուած դպրոցներ չէին, այլ նաեւ իրենց հետ կը տեղափոխէին Կիլիկիոյ կրթական ժառանգութիւնը: Օրինակ` Նոր Ատանա թաղամասի բնակիչները 1931-ին հիմնեցին Ազգային Աբգարեան վարժարանը` իրենց ծննդավայրի Աբգարեան վարժարանի յիշատակը յաւերժացնելու համար:

Սակայն դպրոցներու թիւի աճը իրեն հետ բերաւ նաեւ կրթական գործունէութիւնը աւելի կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը: Տարբեր շրջաններու մէջ գործող վարժարաններու համար անհրաժեշտ էր ունենալ` ընդհանուր ուսումնական ուղղութիւն, համապատասխան դասագիրքեր, միասնական ծրագիրներ եւ քննութիւններ: Այս պայմաններուն մէջ աւելի կարեւոր դարձաւ Ազգային առաջնորդարանի եւ                                                                                                   Ուսումնական խորհուրդի դերը, որուն միջոցով ազգային վարժարաններու կրթական գործունէութիւնը սկսաւ ստանալ աւելի կազմակերպուած բնոյթ:

Ազգային վարժարաններու գործունէութեան կազմակերպումն ու անհրաժեշտութիւնն իսկ նոր երեւոյթ մը չէր: 1863 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հաստատուած Հայոց ազգային սահմանադրութիւնը կրթական հարցերը կազմակերպելու համար նախատեսեց Ազգային ուսումնական խորհուրդի ստեղծման գաղափարը: Սահմանադրութեան 45-րդ յօդուածը կը սահմանէր Ուսումնական խորհուրդի ստեղծումն ու պարտականութիւնները` զայն դարձնելով ազգային կրթութեան կազմակերպման եւ վերահսկողութեան հիմնական մարմիններէն մէկը:

Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի գործունէութիւնն ալ կազմակերպուեցաւ Ազգային սահմանադրութեան սկզբունքներուն հիման վրայ, որոնց մէջ կրթական գործին կարեւոր տեղ կը տրուէր: Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի ներքին կանոնագրութեան 36-րդ յօդուածը կը սահմանէ, որ Ուսումնական խորհուրդը կը ստանձնէ ազգային վարժարաններու կառավարումը, անոնց կազմակերպման եւ զարգացման վերահսկողութիւնը, նաեւ կը մշակէ կրթական եւ ուսումնական ծրագիրները` հիմնուելով պետութեան պաշտօնական ուսումնական ծրագիրին եւ հայ ազգային դաստիարակութեան պահանջներուն վրայ` խորհրդակցելով ազգային վարժարաններու տնօրէններուն եւ կրթական մարզի այլ պատասխանատուներուն հետ:

Ժամանակի ընթացքին ազգային վարժարաններու կրթական գործունէութիւնը աւելի կազմակերպուած  դարձնելու անհրաժեշտութիւնը մղեց նաեւ միասնական ուսումնական ծրագրի մը մշակման, եւ այսպէս, 1961 թուականին Ուսումնական խորհուրդը մշակեց հայ ազգային վարժարաններու միասնական ծրագիր մը, որ վաւերացուեցաւ առաջնորդարանի Ներկայացուցչական ժողովին կողմէ` 1961 թուականի ապրիլ 26-ին գումարուած անոր եօթներորդ նիստին ընթացքին:

Այս զարգացումներով այսօր ազգային դպրոցը այլեւս այն փոքրիկ եւ համեստ կրթօճախը չէ, որ կը գործէր գաղթակայաններու համեստ պայմաններուն մէջ, եւ որուն առաջին նպատակը հայ մանուկին հայերէն գրել-կարդալ սորվեցնելն ու ազգային պատմութեան ծանօթացնելն էր: Ան աստիճանաբար դադրեցաւ ըլլալէ միայն հայոց լեզու եւ պատմութիւն փոխանցող հաստատութիւն մը եւ վերածուեցաւ կրթական, մշակութային ու ազգային կեանքի ամբողջական կեդրոնի: Սակայն անոր առջեւ կը մնայ նոյն հիմնական հարցը` ինչպէ՞ս կրթել հայ մանուկը` միաժամանակ զինք պատրաստելով թէ՛ լիբանանեան հասարակութեան եւ թէ՛ աւելի լայն աշխարհի մը համար:

Սակայն հակառակ բոլոր ազգային վարժարաններու արդիականացման ճիգերուն` այսօր ազգային դպրոցը կը դիմագրաւէ մարտահրաւէրներ ու հարցեր, որոնք բազմաթիւ են, որոնցմէ` արտագաղթը, տնտեսական տագնապը, հայոց լեզուի գործածութեան նուազումը, ինչպէս նաեւ` հայոց լեզուի եւ Հայոց պատմութեան հանդէպ հետաքրքրութեան նահանջն ու հայ ծնողին դերը: Այս բոլոր պատճառները իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են նաեւ ազգային վարժարաններու աշակերտութեան թիւի նուազման վրայ:

Ուրեմն այսօր կարեւոր է հարցնել ազգային դպրոցին մէջ ինչպէ՞ս կարելի է ժամանակակից կրթութիւնը դարձնել նաեւ հայեցի կրթութիւն:

Անշուշտ ան պէտք չէ ընտրութիւն կատարէ աւանդութեան եւ արդիականութեան միջեւ: Անոր ուժը կը հիմնուի այս երկուքը իրարու միացնելու կարողութեան մէջ` պահպանելու այն, ինչ անհրաժեշտ է, եւ` նորոգելու այն, ինչ որ ժամանակի փոփոխութիւններուն կարիքը ունի: Ազգային դպրոցը միայն իր անցեալը պահպանելով  չի կրնար իր առաքելութիւնը ամբողջացնել. ան պէտք է նաեւ պատրաստ ըլլայ ապագային` հայ մանուկին փոխանցելով ոչ միայն իր լեզուն ու պատմութիւնը, այլ նաեւ` այն գիտելիքներն ու հմտութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են ժամանակակից աշխարհին մէջ լիարժէք կերպով ապրելու եւ գործելու համար:

Այս իմաստով, ազգային դպրոցի ապագան միայն կրթական հարց մը չէ, այլ նաեւ լիբանանահայ համայնքի ապագային վերաբերող հարց է, որովհետեւ դպրոցը այն վայրն է, ուր նոր սերունդը ոչ միայն գիտելիք կը ստանայ, այլ նաեւ կը ծանօթանայ իր լեզուին, պատմութեան եւ մշակոյթին` միաժամանակ պատրաստուելով իր տեղը գտնելու լիբանանեան եւ համաշխարհային իրականութեան մէջ: Ուստի ազգային դպրոցը պահպանելը չի նշանակեր միայն անցեալը պահպանել, կը նշանակէ նաեւ ապագայ մը կերտել:

(Շար. 1)

Աղբիւր` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Լիբանանի առաջնորդարանի արխիւ

Նախորդը

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.