Տարիներու ընթացքին ես յաճախ ականատես եղած եմ, թէ ինչպէ՛ս հայկական հարցերու վերաբերող իմ շաբաթական վերլուծումներս վերահրատարակուած են ազրպէյճանական եւ թրքական լրատուամիջոցներու կողմէ, կամ անոնք հակադարձած են գրածներուս:
Այնուամենայնիւ, նախորդ շաբաթ տեղի ունեցածը արտասովոր էր: Թրքական եւ ազրպէյճանական երեք լրատուամիջոցներ հակադարձեցին իմ` «Թրքական հետազօտական կեդրոնը բազմիցս գովաբանած է Փաշինեանը եւ քննադատած` սփիւռքը» խորագրեալ յօդուածիս:
Ամէնէն անհեթեթ յօդուածը, որուն հեղինակն էր Ուլաշ Ֆաքիրը, հրապարակուեցաւ թրքական ազգայնական ODATV առցանց լրատուամիջոցին մէջ: Անիկա կը կրէ հետեւեալ խորագիրը. «Անոնց անունները ցանկագրուած է մէկ առ մէկ. չորս թուրք կիներ թիրախաւորուած են հայերու կողմէ»: Միայն խորագիրին մէջ արդէն կան երկու լուրջ սխալներ.
1.- Անոնք չէին թիրախաւորուած «հայերու կողմէ», այլ հայու մը` ճշգրիտ իմ կողմէս:
2.- Ես ոչ մէկ «թուրք կին» թիրախաւորած եմ: Ես պարզապէս արձագանգած եմ չորս թուրք վերլուծաբաններու յօդուածներուն եւ նոյնիսկ չէի գիտեր` անոնք կի՞ն էին, թէ՞ տղամարդ: Իմ գրածս քաղաքական բնոյթ ունէր եւ սեռային հարցի մասին չէր:
ODATV-ն կը սխալի ու կը յիշատակէ «Միացեալ Նահանգներու սփիւռքեան մամուլին կողմէ (Այգիւն) Աթարի յօդուածին լայնածաւալ լուսաբանումը»: Նման բան չկար. արձագանգը մէկ էր` իմս: ODATV-ն բացայայտած էր, որ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը 2021 թուականի փետրուարին Աթարը նշանակած է իր «Անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան խորհուրդ»-ին մէջ: Աթարի պետական պաշտօնը ցոյց կու տայ, որ ան չի կրնար նկատուիլ հայ-թրքական հարցերու անաչառ վերլուծաբան:
ODATV-ը շարունակեց ներկայացնել միւս երեք թուրք կիները, զորս, ըստ լրատուամիջոցին, ես «թիրախաւորած եմ»: Չորս կիներն ալ բարձրագոյն կրթութեան տէր են, սակայն այդ չի նշանակեր, որ անոնք անաչառ են հայկական հարցերու վերլուծումին մէջ:
Իմ յօդուածիս երկրորդ հակադարձողը եղաւ Ապուլֆազ Պապազատէն, որուն յօդուածը հրապարակուած է ազրպէյճանական NEWS.AZ կայքին մէջ: «Ինչո՞ւ Պաքուի եւ Անգարայի գովասանքը մտահոգութիւն կը պատճառէ հայկական սփիւռքին» խորագիրով գրութեան հեղինակը կը ներկայացուի իբրեւ «գիտնական, ճափոնագիտութեան մասնագէտ եւ քաղաքական վերլուծաբան»: Տարօրինակ է, որ «ճափոնագէտը» կը գրէ հայկական հարցի մասին: Պապազատէի յօդուածին մեծ մասը բառացիօրէն արտագրուած է ODATV-ի յօդուածէն` առանց աղբիւրի որեւէ յղումի: Ասիկա գրագողութիւն է, այսպէս կոչուած, «գիտնականին» կողմէ:
Այնուամենայնիւ, ես գոհ եմ, որ Պապազատէն գովաբանած է իմ յօդուածիս որոշ հատուածները.
«Սասունեան արժանի է գնահատանքի` բացայայտելուն համար իրական հակասութիւն մը, որ դժուար է անտեսել: Վարչապետը կը պահանջէ, որ սփիւռքը չմիջամտէ Հայաստանի ներքին գործերուն, մինչդեռ հաճոյքով կ՛ընդունի անոր դրամները` բարեգործական նախաձեռնութիւններու համար: Անոր քննադատութիւնը` Փաշինեանի «Համահայկական ուսանողական միութեան» (All-ASA) ուսանողներուն, եւ ոչ թէ աւելի լայն հայկական համայնքին հետ հանդիպելու վերաբերեալ, կը հետեւի նոյն տրամաբանութեան. ներգրաւուածութիւնը ընտրովի է եւ ոչ թէ կառուցային: Ասիկա Հայաստանի կառավարութեան հասցէին օրինական քննադատութիւն է` ուղղուած Երեւանին, եւ ոչ թէ` Անգարային»:
Իր յօդուածին վերջաւորութեան Պապազատէն քանի մը դրական առաջարկներ ըրած է Հայաստանի, սփիւռքի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու վերաբերեալ.
«Առաջին եզրակացութիւնը կը վերաբերի մարտավարութեան: Կարգաւորման աջակցելու ամէնէն արդիւնաւէտ ուղին զսպուածութիւնն ու յստակ գործողութիւններն են: Անգարայի կամ Պաքուի մէջ գրուած իւրաքանչիւր խանդավառ պարբերութիւն կրնայ մէջբերում դառնալ Լոս Անճելըսի մէջ: Ասիկա լռութեան կոչ չէ, այլ բառերը աւելի ուշադիր ընտրելու եւ զանոնք շօշափելի քայլերով ամրապնդելու յորդոր` սահմաններու բացում, փոխադրամիջոցային ծրագիրներու զարգացում, առեւտուրի ընդլայնում եւ մարդասիրական կապերու ամրապնդում»:
«Երկրորդ եզրակացութիւնը ռազմավարական է: Կարգաւորման գործընթացի հիմնական ճակատը կը գտնուի ինքնին հայաստանեան քաղաքականութեան մէջ` պետութեան եւ սփիւռքի, յիշողութեան եւ գործնապաշտութեան միջեւ: Միայն հայերը կրնան լուծել այդ վէճը: Հայաստանի դրացիները կրնան կանխատեսելիութիւն առաջարկել եւ սպասել, որ Երեւանը փոխըմբռնման գայ իր իսկ հասարակութեան հետ»:
«Երրորդ եզրակացութիւնը ամէնէն կարեւորն է բոլոր կողմերուն համար. եթէ Երեւանը չկարենայ ստեղծել այնպիսի կառոյց մը, որուն միջոցով սփիւռքը պիտի կարենայ ազդել որոշումներու վրայ` առանց զանոնք արգելափակելու, ապա արմատական ձայները ձեռք պիտի բերեն ազգի պաշտպանի դերի մենաշնորհը: Խաղաղութիւնը չի պահանջեր յաղթել սփիւռքին, այլ կը պահանջէ սփիւռքի համարկում նոր իրականութեան մէջ: Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը կրնան նպաստել այդ գործընթացին մէկ կարեւոր ձեւով` խուսափելով այնպիսի գործողութիւններէ կամ հռետորաբանութենէ, որոնք թոյլ կու տան խաղաղութեան օրակարգը վերածելու զէնքի` ընդդէմ կարգաւորման»:
«Սասունեանի յօդուածը գրուած է դժգոհութեան զգացումով, եւ այդ դժգոհութիւնը կը կրէ քաղաքական իմաստ: Ասիկա ազդանշան մըն է, որ հայկական աշխարհի մէկ մասը ինքզինք դուրս կը զգայ այս քննարկումէն: Այդ ազդանշանը անտեսելը կրնայ սուղ արժել: Անոր ականջ տալը եւ գործողութիւններով եւ ոչ թէ գովասանքով պատասխանելը կրնայ խաղաղութիւնը դնել շատ աւելի ամուր հիմքերու վրայ»:
Երրորդ հակադարձող յօդուածը, որուն հեղինակն է Այգիւն Աթարը, կը կրէ «Հայկական սփիւռքի իրական մարտահրաւէրը Թուրքիան չէ, այլ` փոփոխուող աշխարհաքաղաքական իրականութիւնը. պատասխան Յարութ Սասունեանին. Սփիւռքը, պետական ինքնիշխանութիւնը եւ խաղաղութեան ապագան Հարաւային Կովկասի մէջ» խորագիրը: Յօդուածը հրապարակած է Անգարայի Եւրասիական հետազօտութիւններու կեդրոնը:
Զարմանալիօրէն թուրք վերլուծաբան Աթարը շատ աւելի դրական տրամադրուածութիւն ունի սփիւռքի նկատմամբ, քան` Փաշինեանը.
«Հայկական սփիւռքը ունի խորապէս արմատաւորուած պատմական գիտակցութիւն, կազմակերպչական լայն ցանցեր եւ զգալի քաղաքական ազդեցութիւն շարք մը երկիրներու մէջ: Կարելի չէ անտեսել անոր դերը հայկական մշակութային ինքնութեան պահպանման եւ միջազգային ասպարէզին մէջ հայկական շահերու յառաջմղման մէջ: Մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի մէջ գործող սփիւռքեան կազմակերպութիւնները երկար ժամանակ ազդեցութիւն ունեցած են Հայաստանին առնչուող միջազգային քննարկումներուն վրայ»:
Աթար ընդունած է, որ` «Լոս Անճելըսի, Փարիզի կամ այլուր ապրող հայը լիովին իրաւասու է հետապնդելու պատմական կամ քաղաքական պահանջներ»: Ասիկա ճիշդ այն է, զոր ես ըրած եմ` ոչ թէ իբրեւ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչ, այլ` իբրեւ սփիւռքահայ:
Այդուհանդերձ, Աթար իր վերլուծութենէն դուրս ձգած է երկու կարեւոր կէտ. նախ` խօսքը կը վերաբերի ոչ թէ «Լոս Անճելըսի մէջ ապրող հայու մը», այլ` աշխարհասփիւռ միլիոնաւոր հայերու: Երկրորդ` ասիկա պարզապէս սփիւռքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հակադրութիւնը չէ, այլ նաեւ դիրքորոշումը` բազմաթիւ այն հայերու, որոնք կ՛ապրին Հայաստանի մէջ եւ կտրուկ դէմ են Փաշինեանի զիջումներուն:
Եզրափակելով` աշխարհասփիւռ հայութիւնը պէտք է գիտակցի, որ օտար վերլուծաբաններն ու անոնց կառավարութիւնները ուշադիր կը հետեւին հայերու կարծիքներուն ու յայտարարութիւններուն` թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ անոր սահմաններէն դուրս:
Ազրպէյճանն ու Թուրքիան պէտք է գիտակցին, որ Փաշինեանի այսօրուան բոլոր զիջումները պիտի մերժուին իշխանութենէն հեռանալէն ետք: Հետեւաբար անոնք պէտք է հասկնան, որ այս ժամանակաւոր զիջումները շուտով պիտի չեղարկուին:



