ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Բայց դուք կրնաք առարկել եւ հարց տալ, թէ երկար վարսերը ի՞նչ կապ ունին արուեստի եւ կամ առհասարակ մշակոյթի հետ: Բացատրեմ:
Համարձակութենէ եւ նորարարական տենչերէ մղուած կիներն ու աղջիկները անցեալին իրենց մազերը կը խուզէին` իբրեւ նորաձեւութիւն: Մազ կտրելու սովորութեան տարածուելէ ետք, գրեթէ ամբողջ աշխարհի տարածքին, այսօր երկար եւ ուղխինահոս վարսերը կը վերադառնան դարձեալ իբրեւ նորաձեւութիւն… այս անգամ ոչ միայն արտաքին տեսքի իր կանացի գրաւչութեան համար միայն, այլ նաեւ կիներէն շա՜տ շատեր գիտեն նաեւ վարսերու կիրարական նշանակութիւնն ու դերը… թէկուզ տռփական առումով:
Անձնապէս երկար վարսերը զիս կը հետաքրքրէին փոքր տարիքէս… բնազդաբար: Նախակրթարանի առաջին տարիներուն իսկ, ինչպէս` իմ տարիքի այլ տղաք եւս, հակամետ էինք խաղալու մեր դասընկերուհիներուն վարսերուն հետ, որոնցմէ քիչեր միայն կ՛առարկէին եւ այն ալ` քաղաքավարութենէ մղուած: Իսկ արբունքի շրջանին արդէն իսկ զիս կը գրաւէին այն բոլորը, որոնց մազերը երկար էին եւ ուղխինահոս: Այդ տարիներուն գիւղին մէջ մազ կտրելու սովորութիւն չկար: Նոյնի՛սկ Մուսա Լերան բարբառին մէջ կայ «Մազը կտրած աղջիկ» արտայայտութիւնը, որ կը նշանակէ «Բարոյականութենէ շեղած կին»: Ժամանակի ընթացքին անդրադարձայ, որ մեր բանաստեղծներէն եւ աշուղներէն շատեր ներբողներ հիւսած են կնոջ վարսերու մասին: Իսկ երբ սկսայ ուսումնասիրել արուեստի պատմութիւնը, պարզուեցաւ, որ երկար վարսերու հանդէպ սէրն ու գնահատանքը բնաւ ալ նորութիւն չէ, այլ կու գայ վաղնջական ժամանակներէն ու կը տարածուի հազարամեակներու վրայ: Քիչեր միայն գիտեն, թէ երկար վարսերուն մեծ ու կենսական կարեւորութիւն կը տրուէր հին աշխարհի գրեթէ բոլոր մշակոյթներու մէջ: Օրինակի համար, Փիւնիկէի պարագային գեղեցիկ ու ընտրեալ պարմանուհիները պարտաւոր էին իրենց կուսութիւնը նուիրելու սիրոյ եւ գեղեցկութեան դիցուհիի` Աշթարութի տաճարին եւ ծառայելու իբրեւ քրմուհի: Սակայն, եթէ կ՛ուզէին ձերբազատիլ այդ պարտաւորութենէն, անոնք պարտաւոր էին իրենց երկար վարսերը կտրելու եւ նուիրելու դիցուհիին` իբրեւ թանկագին մասունք: Իսկ հին Եգիպտոսի մէջ հարճերուն եւ պարուհիներուն համար մազ կտրելը նոյնիսկ յանցագործութիւն կը համարուէր: Անոնք ոչ միայն մազերը պէտք է որ երկարացնէին ու խնամէին, այլ յատուկ օծանելիքներ կը պատրաստէին զանոնք օծելու եւ բուրումնաւէտ դարձնելու համար: Թէ որքա՛ն կարեւոր էին վարսերը փարաւոնական շրջանին, մէջբերեմ քանի մը վկայութիւն «Մահուան գիրքը» հատորէն` բազմատաղանդ բանաստեղծ եւ մտաւորական Հենրիկ Էդոյեանի թարգմանութեամբ:
Մարգագետիններէն վերադարձող բանաստեղծուհին, սիրատոչոր հրաւէր ուղղելէ ետք իր սիրեցեալին, այսպէս կ՛եզրակացնէ.
«Օ՜, թէ սիրում ես ինձ եւ սպասում ես,
Ես գանգուրներս արագ կը հիւսեմ,
(Եւ) պատրաստ կը լինեմ իսկոյն»:
Ուրիշ տեղ մը «Սիրոյ ուժը» բանաստեղծութեան մէջ խիստ սիրահարած տղամարդը հետեւեալ խոստովանութիւնը կ՛ընէ.
«Իսկ նրա (վարսերու) խայծը գանգուրն էր փարթամ,
Ես ծուղակն ընկայ ինչպէս վայրի բադ»:

Կը պարզուի, թէ գանգրահեր աղջկան վարսերը այնքա՛ն գեղեցիկ էին ու հմայիչ, որ անոնց «Սիրոյ ուժը» նոյնիսկ ծուղակը կրնայ ձգել սիրեցեալը:
1988-ի ամրան Եգիպտոս էի, ու երբ բախտը ունեցայ լաւագոյն եգիպտաբաններէն Հուրիկ Սուրուզեանի առաջնորդութեամբ գլխաւոր հնավայրերը այցելելու, անդրադարձայ, որ որմնանկարներու եւ որմնաքանդակներու վրայ պատկերուած կին կերպարներու, յատկապէս նուագածուհիներու, պարուհիներու եւ հարճերու վարսերը երկար են, խնամուած եւ մեծամասամբ ուղխինահոս: Իսկ երբ Լուքսորէն գնացքով Հուրիկի հետ միասին կը վերադառնայինք Գահիրէ, առիթ ունեցայ իրեն հարց տալու.
–

Հուրի՛կ ջան, երբ Նեպամունի դամբարանի զուարճանքի տեսարանները կը դիտէի, նշմարեցի, թէ նուագածուներու` յատկապէս մերկ պարուհիներու վարսերը երկար են եւ ուղխինահոս: Ենթադրելով, որ կրնայ մասնակի երեւոյթ մը ըլլալ, այդ ուղղութեամբ հարց չեմ տուած քեզի: Սակայն մեր տեսած բոլոր որմնանկարներու եւ որմնաքանդակներու մէջ կիներու (յատկապէս` երաժիշտներու, երգչուհիներու, պարուհիներու եւ կամ քրմուհիներու) վարսերը միշտ երկար են… ի՞նչ կարծիք ունիս այս մասին…
– Դուն ճիշդ ես, թէեւ այս երեւոյթը նշմարած եմ, սակայն տակաւին գիտական եւ վերջնական բացատրութիւն չունիմ, միայն գիտեմ, որ արտաքին տեսքէն անկախ` երկար վարսերուն շատ մեծ կարեւորութիւն կը տրուէր ու զանոնք խնամելու յատուկ բուրումնաւէտ օծանելիքներ կը պատրաստէին:
Որովհետեւ երկար վարսերու թեման ուսումնասիրած էի հնդկական, հելլենիստական եւ առհասարակ հին մշակոյթներու մէջ, այս անգամ մասնագիտական վերլուծումներ ընելու եւ մեկնաբանութիւններ տալու հերթը իմս էր: Ուսումնասիրելու համար Սարգիս Խաչատուրեանի հնդկական որմնանկարներու յայտնի պատճէնահանումները, նախորդ տարին այցելած էի Աճանտայի, Էլլորայի եւ այլ քարայր-տաճարներ, որոնց մէջ աչքի կը զարնէին յատկապէս դիցուհիներու եւ «Սիդաներու» (սրբազան պարուհիներու) կերպարները` իրենց երկար եւ ուղխինահոս վարսերով: Բնականաբար սկսայ որոշ որոնումներ կատարել այս ուղղութեամբ եւ համոզուեցայ, որ մարդ էակին մազը, յատկապէս` կնոջ վարսերը, կենսական նշանակութիւն ունին սիրոյ եւ սեռի փոխյարաբերութիւններու մէջ, որովհետեւ ապրող օրկաններ են: Անոնց հմայելու քաշողական ուժը միայն արտաքին տեսքին մէջ չէ, այլ կախարդական յատուկ հոսանք մը կը պարունակեն իրենց մէջ: Իմանալով այս բոլորը` Հուրիկին խօսեցայ երկար վարսերու արտաքին տեսքի, կիրառական դերին եւ անոնց արձակած «yin» եւ «yang»-ի տռփական հոսանքներուն մասին: Եւ բացատրեցի, թէ ինչո՛ւ Մարիամ Մագդաղինացին, երբ Յիսուսի ոտքերը լուաց եւ օծեց արցունքներով, իր երկար վարսերով սրբեց զանոնք… Օրինակներ բերելով սկսեալ հնդկական դիցաբանութենէն ու հելլենիստական կերպարուեստէն, հասնելով մինչեւ Վերածնունդի շրջանի, յատկապէս Եւայի եւ Մագդաղինացիի մերկ կամ կիսամերկ կերպարներն ու ժամանակակից գեղանկարիչներու երփնագրած մերկուհիները:
Հուրիկը ուշի ուշով ու մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւելէ ետք տուած բացատրութիւններուս, ըսաւ.
– Ես գիտէի, որ երկար վարսերը «էրոթիկ» նշանակութիւն ունին, սակայն քու տուած բացատրութիւններէդ ոմանք նորութիւն են ինծի համար ու հետաքրքրական… Որովհետեւ փարաւոնական մշակոյթը հարուստ է երկարամազ կին կերպարներով, հարկաւոր է ուսումնասիրել նաեւ այս թեման:
Հուրիկը շաբաթներ շարունակ, ըլլայ Գահիրէի թանգարանէն ու Կիզէի բուրգերէն, մինչեւ Լուքսոր ու Թագաւորներու հովիտը ընկերացած էր ինծի ու մանրամասնօրէն բացատրած ու մեկնաբանած էր ամէն ինչ: Այս մէկը միակն էր, որ ես ալ իմ հերթիս կրցած էի, թէեւ` համեմատաբար շատ փոքր, սակայն նորութիւն մը փոխանցելու անոր… եւ այն ալ` սիրողական մակարդակի վրայ: Սակայն հետագային, Հուրիկի մասնագիտական ցուցմումքներէն ետք, երբ սկսայ աւելի հետաքրքրուիլ եւ ուսումնասիրել հին եգիպտական մշակոյթը, պարզուեցաւ, որ երկար մազերը շատ աւելի խոր եւ մեծ նշանակութիւն ունին փարաւոնական դիցաբանական բնագաւառէն ներս եւ տարբեր յղացքներով լայնօրէն դրսեւորուած են կերպարուեստի մէջ: Ամէնէն շատ պատկերուած ու գնահատուած են երկու դիցուհիներու` մայր աստուածուհի Իսիտայի (Իսիս) եւ երկնակամարի աստուածուհի Հաթորի երկար ու փառահեղ վարսերը:

Իսիտա (Իսիս) դիցուհին, երբ կը կենակցէր իր ամուսնոյն` Օզիրիսի (որ իր եղբայրն էր միաժամանակ) հետ, իր փարթամ եւ հարուստ վարսերով կը ծածկէր իրենց մերկ մարմինները` հետաքրքիր աչքերէ թաքնուելու համար: Իսկ երբ իր միւս եղբայրը` Սեթը (չարութեան խորհրդանշան) սպաննելէ ետք Օզիրիսին անոր մարմինը պատառ պատառ ընելով Նեղոս գետին մէջ նետեց, Իսիտան իր վարսերով փակեց աչքերն ու առհասարակ դէմքը եւ յատուկ «Ծիսական ողբով» կրցաւ յարութիւն տալ Օզիրիսին, որովհետեւ անոր վարսերը երկնային կախարդական ուժերով օժտուած էին: Ողբասաց երկարամազ կիները միեւնոյն պատճառով եւ նոյն ծիսակատարութեամբ կը դիմէին Իսիտային, որպէսզի վերակենդանացնէր իրենց ննջեցեալը կամ յաւիտենական կեանք պարգեւէր անոր անդենական կեանքի մէջ: Իսկ Իսիտայի քրմուհիները ոչ միայն երկար մազեր կը պահէին, այլ հարկ եղած պարագային կը հիւսէին կամ որոշ հանգոյցներ կը կազմէին բնութեան ուժերը սանձելու եւ իրենց կամքին ենթարկելու համար:

Թէեւ Հաթոր դիցուհին եւս ունէր երկար եւ շքեղ մազեր, որոնք ննջեցեալներուն անդենական կեանքի մէջ յաւիտենական կեանք պարգեւելու կախարդական ուժը կը պարունակէին իրենց մէջ, սակայն անոր բնոյթը կը տարբերէր Իսիտայէն: Ան իբրեւ երկնքի եւ արեւու ներկայացուցիչ` գեղեցկութեան, զուարճանքի, երաժշտութեան, պարարուեստի, սիրոյ եւ կիրքի դիցուհին էր, սակայն միաժամանակ մեծապէս կը մեծարուէր ու կը պաշտուէր իբրեւ տռփանքի, բեղմնաւորութեան եւ մայրութեան դիցուհի: Անոր գլխաւոր տաճարը յայտնաբերուած է Լուքսոր չհասած Նեղոսի ափին, Տենտերայի մէջ, զոր այցելելու եւ ուսումնասիրելու բախտն ու առիթը ունեցած եմ: Հին եգիպտական արուեստի համեմատաբար լաւ պահպանուած ճարտարապետական գեղեցիկ նմուշներէն մէկն է Տենտերայի սրբազան համալիրը, որ օժտուած էր բեղմնաւորութեան եւ ծննդաբերութեան նուիրուած յատուկ սրահներով: Սիրային եւ սեռային տեսարաններով յարդարուած այս համեմատաբար փոքր սրահները, իրենց հերթին, սրբազան նշանակութիւն ունէին, որովհետեւ երկար վարսերու մասնակցութեամբ սեռային յարաբերութեան եւ սիրոյ ծիսական արարողութիւններ տեղի կ՛ունենային այս սրահներէն ներս, որպէսզի հաւատացեալ աղջիկներն ու կիները բեղմնաւորուին եւ կամ յաջող ու հեշտ ծննդաբերութիւն ունենան: Հաթոր դիցուհին բազմիցս քանդակուած է նաեւ իբրեւ սիւներու խոյակ` միշտ դէպի մերկ կուրծքերը իջած երկար եւ հիւսուած վարսերով եւ մեծաւ մասամբ էգ առիւծի գլուխով: Անոր խորհրդանշանները, առիւծէն բացի, եղած են նաեւ` քոպրա օձը, կովն ու ժանտաթզենին: (Ի դէպ, ժանտաթզենին կամ մոլաթզենին փարաւոնական մշակոյթին մէջ կը յիշուի նաեւ իբրեւ կենաց ծառ): Եւ որովհետեւ Հաթորը` իբրեւ երկնքի աստուածութիւն, Հորուս աստուծոյ մայրն էր, ան կը համարուէր նաեւ աստուածային էութեամբ օժտուած փարաւոններու մայրը:
Եւ այսպէս, հին եգիպտական մշակոյթին մէջ վարսերը այնքան շատ մեծարուած էին ու գնահատուած, որ ինը տարբեր գաղափարագիրներ ունէին անոնց տեսակն ու նշանակութիւնը բնութագրելու համար, ինչպէս` սիրոյ, տռփանքի, բեղմնաւորութեան, մայրութեան, երկնային ուժի, կախարդանքի, յարութեան, ազնուականութեան եւ պաշտպանողական ուժի…
Երեւան, 2025, աշուն

Երեկոյեան առանձինս Հիւսիսային պողոտայէն կը բարձրանայի երթալու համար «Կասկատի» անկիւնը գտնուող «Սորիսօ» սրճարանը: Երբ Ազատութեան հրապարակը մտայ, նշմարեցի, որ խումբ մը պարմանուհիներ, որոնք կը փութային դէպի օփերայի դարպասը, բոլորն ալ երկարամազ էին եւ ուղխինահոս սանտրուածքով: Անմիջապէս բջիջայինս հանեցի եւ լուսանկարեցի զիրենք: Երբ Թումանեանի յուշարձանի դիմաց հասայ, անոնցմէ երկուքը զատուեցան խումբէն եւ դիմացս կտրեցին: Մէկը ըսաւ.
– Պարոն, դուք հետեւո՞ւմ էք մեզ…
– Ոչ, ի՞նչ է պատահել:
– Ես տեսայ, որ դուք մեզ նկարեցիք, ինչո՞ւ էք նկարել մեզ եւ այն էլ գաղտնի եւ մեր ետեւից…
– Ճիշդ է, նկարել եմ, բայց ոչ թէ ձեզ, այլ ձեր երկար վարսերը, որոնք բոլորն էլ երկար են, ուղխինահոս եւ չափազանց գեղեցիկ ու գրաւիչ…
– Ինչո՞ւ համար…
– Ինձ հետաքրքրում են վարսերի գեղագիտական նշանակութիւնն ու անոնց դերը արուեստի եւ առհասարակ կեանքի մէջ: Ես արուեստաբան եմ, այս մասին յօդուած եմ գրելու… ուրախ եմ, որ հայրենիքի նոր սերունդը գիտէ վարսերու արժէքը, եւ ոչ միայն չեն կտրում, այլ յատուկ խնամում են ուղխինահոս սանտրուածքով: Ժամանակին մազ կտրելը նորաձեւութիւն էր, այսօր երկար մազերը նորաձեւութեան մաս են կազմում գրեթէ բոլոր քաղաքակիրթ երկրներում… Ուզո՞ւմ էք ձեր երկուքին էլ առանձին լուսանկարեմ…

Մինչ երկրորդը կ՛ուզէր զրոյցը շարունակել եւ բան մը պիտի ըսէր, միւսը թեւանցուկ ըրաւ զինք, ու հեռացան: Երբ տեղ հասայ, հոն ինծի կը սպասէին` Հենրիկ էդոյեանը, Էդուարդ Միլիտոնեանը, Աւիկ Իսահակեանն ու Գագիկ Բաղդասարեանը: Հազիւ տեղաւորուած, երբ սկսայ ճանապարհին հանդիպած երկարամազ աղջիկներու պատմութիւնը պատմել իրենց, յանկարծ երեք գեղեցկուհիներ տեղ գրաւեցին ճիշդ մեր քովի սեղանը: Նախ Հենրիկը նշմարեց զիրենք ու ըսաւ.
– Մովսէ՛ս, սրանք էլ երկարամազ են եւ գեղեցիկ, չե՞ս ուզում սրանց էլ լուսանկարել:
– Կ՛ուզենայի, սակայն թոյլ կը տա՞ն…
Պատասխանի փոխարէն` ան սկսաւ զրուցել իրենց հետ եւ պարզուեցաւ, որ մայր մը իր դուստրներուն հետն է, եւ ի վերջոյ համաձայնեցան, որ լուսանկարեմ զիրենք…
Գեղեցիկի հանդէպ ակնածանք եւ տկարութիւն ունեցող իմ ընթերցող,
Նկարելէ ետք այդ երկարամազ գեղեցկուհիները, սկսանք զրուցել անոնց հետ, եւ վկայեցին, որ իրենց շրջապատին մէջ գրեթէ բոլորն ալ երկարամազ են եւ սիրով ու հաճոյքով ժամանակ կը տրամադրեն իրենց ծամերը խնամելու եւ յարդարելու, որովհետեւ գիտեն անոնց դերն ու նշանակութիւնը թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին կանացի գեղեցկութեան առումներով:
Այնուհետեւ մեր զրոյցը ընթացաւ կիներու երկար վարսերու շուրջ, եւ պարզուեցաւ, որ ոչ միայն աշակերտներն ու ուսանողուհիները իրենց մազերը կ՛երկնցնէին ու կը խնամէին, այլեւ ժամանակակից հայ դերասանուհիներ, երգչուհիներ, պարուհիներ, բանաստեղծուհիներ, լրագրողներ, արուեստաբաններ թէ այլ տեսակի արուեստագէտներ կամ կին մտաւորականներ` գրեթէ բոլորն ալ ունեցած են եւ ունին խնամուած ու երկար վարսեր: Թէեւ օրինակները շա՜տ շատ են, սակայն անոնցմէ միայն մաս մը կրնանք հրատարակել այս առիթով:
Եկէք, այսօր այսքանով բաւարարուինք` միաժամանակ խոստանալով շարունակել այս թեման եւ խօսիլ երկար վարսերու գեղագիտական արժէքի մասին` ըլլայ հին ու նոր թէ՛ միջազգային, թէ՛ հայ կերպարուեստի ու գրականութեան մէջ:
Այնճար, 2026, հոկտ.


