ՄԱՀԱԶԴ
Օրիորդ Արփի Մանկասարեան
Տէր եւ տիկին Ռուբէն եւ Սեդա Մանկասարեան եւ զաւակունք
Մանկասարեան եւ Մելքոնեան ընտանիքներ
Կարապետեան եւ Դերձակեան ընտանիքներ
Հերկելեան եւ Մանուկեան ընտանիքներ
Իշխանեան եւ Տէիրմենճեան ընտանիքներ
Ագլեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր եւ հարազատին`
ՄԱՐԻ ՄԱՆԿԱՍԱՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՄԵԼԻՔԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 15 օգոստոս 2024-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ ուրբաթ, 16 օգոստոսին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, շաբաթ, 17 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
—————————————
ՈՒԽՏԻ ՕՐ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ԵՒ
ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ
Հոգեկան գոհունակութեամբ այսու կու գանք մեր ժողովուրդի զաւակներուն յայտնելու, որ Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի Ս. պատարագը պիտի մատուցուի շաբաթ, 17 օգոստոս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համալիրին մէջ:
Ուխտի Ս. պատարագին պիտի նախագահէ, մատաղօրհնէք կատարէ
եւ հայրապետական իր պատգամը փոխանցէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա.
ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ
Պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
ԾԱՆՕԹ:
Փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ժամը 6:00-ին` հետեւեալ վայրերէն.
– Անթիլիասի մայրավանք
– Զալքա (Թիքօ Թիքօ)
– Ս. Աստուածածին եկեղեցի
– Խալիլ Պատաուի եւ Հաճըն (Օլիմփիք)
– Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
– Ս. Ագնէս վարժարան
– Ազգային ծերանոց
– Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի
– Ս. Երրորդութիւն մատուռ (Ֆանար)
– Ս. Ներսէս Շնորհալի մատուռ (Ռաուտա)
– Ս. Յակոբ (Էշրեֆիէ)
…
ԿԻՐԱԿԻ, 18 ՕԳՈՍՏՈՍ 2024
Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ եւ կատարուի խաղողօրհնէք:
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
…
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 19 ՕԳՈՍՏՈՍ 2024
(ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ)
Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ, որուն աւարտին, նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան կարգ` ազգիս համօրէն ննջեցելոց հոգիներուն ի հանգիստ:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի հաշուապահ-մթերապահի մը: Դիմել` հեռ. 03-164764: