Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Ինչո՞ւ Լիակատար Մթութեան Մէջ Քնանալը Կրնայ Աւելի Լաւ Ըլլալ Ձեր Առողջութեան Համար
– Գովազդուող Դեղերը Գոյութիւն Ունեցող Տարբերակներէն Այնքան Ալ Աւելի Լաւ Չեն. Ուսումնասիրութիւն

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ

Ինչո՞ւ Լիակատար Մթութեան Մէջ Քնանալը
Կրնայ Աւելի Լաւ Ըլլալ Ձեր Առողջութեան Համար

  • Հետազօտողները պարզած են, որ նոյնիսկ թեթեւ լոյսով քնանալը կրնայ ազդել մարդու առողջութեան վրայ:
  • Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ քնացած ժամանակ լոյսի ազդեցութիւնը կը սպառնայ տարեցներու գիրութեան, շաքարախտի եւ արեան գերճնշման մեծ վտանգով:
  • Նոյն հետազօտողներու տարրալուծարանային նախնական հետազօտութիւնը ցոյց տուաւ, որ վնասակար այս ազդեցութիւնը չի սահմանափակուիր տարեց մարդոցմով:

Շիքակոյի Հիւսիսարեւմտեան համալսարանի Ֆայնպըրկ բժշկական դպրոցի հետազօտութիւնը կ՛ուսումնասիրէ քունի ժամանակ կապը լոյսի ազդեցութեան եւ առողջութեան հետ առնչուած վտանգներուն միջեւ: Հետազօտութիւնը նախազգուշացում մըն է զարգացած երկիրներու մէջ ապրող բազմաթիւ մարդոց համար. այնտեղ, ուր լոյսը հակուած է ըլլալու ամէնուր:

Հետազօտութիւնը կը պարզէ, թէ որեւէ տեսակի լոյսի տակ քնանալը, նոյնիսկ` աղօտ լոյսը,  կապուած է մեծահասակներու մօտ գիրութեան, շաքարախտի եւ արեան գերճնշման բարձր հաւանականութեան հետ:

Հետազօտութեան համահեղինակ, Հիւսիսարեւմտեան բժշկութեան Ֆայնպըրկ բժշկական դպրոցի բժիշկ Մինճի Քիմ մամուլի հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց. «Մենք կ՛ապրինք արհեստական լոյսի առատ քանակութեամբ աղբիւրներու ներքոյ: Անոնք հասանելի են օրը 24 ժամ` ըլլայ այդ մէկը խելացի հեռաձայններէ, գիշերը աշխատած մնացած հեռատեսիլէ մը, կամ մեծ քաղաքի մէջ լոյսի ապականութիւնը: Կը թուի, որ նոյնիսկ չնչին քանակութեամբ լոյսը նկատելի ազդեցութիւն կ՛ունենայ մեր մարմնի արձագանգին վրայ»,  ըսաւ դոկտոր Քիմ «Մետիքըլ Նիուզ Թուտէյ»-ին:

«Անասուններու եւ մարդոց նախկին որոշ ուսումնասիրութիւնները ենթադրել կու տան հաւանական կապ մը անհաւասարակշիռ լոյսի (ցերեկը անբաւարար լոյսի, գիշերը` շատ լոյսի) եւ գիրութեան միջեւ», կ՛ըսէ դոկտոր Քիմ:

«Քիչ տուեալներ կային տարեց մարդոց վրայ լոյսի ազդեցութեան մասին, – կ՛ըսէ ան: – Որովհետեւ տարեց մարդիկ արդէն իսկ ունին սրտանօթային հիւանդութիւններու մեծ վտանգ, մենք կ՛ուզէինք գիտնալ, թէ որքա՛ն յաճախ տարեցները կ՛ենթարկուին «գիշերային լոյսի» ազդեցութեան, եւ արդեօ՞ք գիշերային լոյսը փոխկապակցուած է սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգի գործօններուն հետ»:

Սակայն խոր մթութեան մէջ չքնանալը միայն տարեց մարդոց առողջութեան վրայ չէ որ կ՛ազդէ:

«Մեր խումբին կողմէ կատարուած նախորդ ուսումնասիրութեան մէջ նոյնիսկ մէկ գիշերուան ընթացքին թեթեւ լոյսով քնանալը բարձրացուցած է սրտի զարկերու յաճախականութիւնը եւ արեան կլիւքոզի մակարդակը երիտասարդ, առողջ մեծահասակներու մօտ, որոնք ներկայացած են տարրալուծարան` գիշերային այս փորձարկման համար», բացատրեց դոկտոր Քիմ:

Շուէտի Ուփսալա համալսարանի քունի փորձագէտ դոկտոր Ճոնաթան Սիտրնես, որ ներգրաւուած չէր երկու ուսումնասիրութիւններու աշխատանքներուն մէջ, «Մետիքըլ Նիուզ Թուտէյ»-ին ըսաւ. «Տարեց մարդոց մօտ նման պարագայ նկատուելու փաստը կրնայ ներկայացնել նման մեքենական յարաբերութիւններու կուտակային ազդեցութիւնը: Այլ իմաստով, գիշերային լոյսի ազդեցութեան սրտանօթային նիւթափոխանակութեան (cardiometabolic) բացասական ազդեցութիւնները կրնան ժամանակի ընթացքին աւելի ակնյայտ դառնալ»:

Կիրառական ուսումնասիրութիւն մը

Ի տարբերութիւն խումբի նախորդ հետազօտութեան, նոր հետազօտութիւնը դիտարկած է «գիշերային լոյս»-ի իրական ազդեցութիւնները` հետեւելով 552 տարեց տղամարդոց եւ կիներու քունին:

«Սոյն հետազօտութեան ընթացքին մենք չափած ենք լոյսի ազդեցութիւնը եւ քունի որակն ու տեւողութիւնը տարեցներու (63-84 տարեկան) մօտ եօթը օրուան ընթացքին` օգտագործելով դաստակի սարք մը: Այս տարեց մարդոց «քունի տարրալուծարան» բերելու փոխարէն` մենք տուեալներ հաւաքած ենք իրենց սովորական միջավայրէն», ըսած է տոքթոր Քիմ:

Անոնք պարզած են, որ այս տարեցներու կէսէն նուազը քնացած է մութ սենեակի մէջ` առնուազն հինգ ժամ:

«Մենք անկեղծօրէն զարմացանք, երբ պարզեցինք, որ տարեցներու կէսէն աւելին գիշերը լոյսի ներքոյ կը քնանայ, – ըսաւ տոքթոր Քիմ: Մեծահասակները, որոնք քնացած ժամանակ լոյսի ներքոյ կը քնանային, սովորաբար կ՛ենթարկուէին թեթեւ լոյսի»:

Գիտնականները պարզած են, որ արեան գերճնշման զարգացման հաւանականութիւնը մեծցած է 74 տոկոսով, գիրութիւնը` 82 տոկոսով, իսկ շաքարախտը` 100 տոկոսով: Մասնակիցները նաեւ քննութիւն կատարած են քոլեսթերոլի, սակայն տարբերութիւն չէ նկատուած:

Քունի ժամանակ լոյսի խանգարիչ այս ազդեցութեան որպէս պատճառ` հետազօտութիւնը կը թուարկէ երեք գործիքակազմեր.

  •  Լոյսը մարմնի սիրքատային կշռոյթի կամ կենսաբանական ժամացոյցի հիմնական համաժամադրիչն է (synchronizer): Քունի ժամանակ լոյսը կրնայ խաթարել այս կշռոյթը եւ, հետեւաբար, նոյն ձեւով` ժամացոյցի հետ կապուած որեւէ ֆիզիքական գործընթաց:
  • Խոզակաձեւ գեղձը (pineal gland) մթութեան շրջանին կ՛արտադրէ եւ կ՛արտածորէ մելաթոնինը` «մթութեան հորմոնը»: Լոյսը կրնայ նուազեցնել մելաթոնինի նիւթափոխանակութեան եւ արեան շրջանառութեան գործառոյթը` իր հակաօքսիտային, հակաբորբոքային եւ անօթները լայնցնելու յատկութիւններով: Մելաթոնինի ցած մակարդակը փոխկապակցուած է կիներու մօտ շաքարախտի մեծ վտանգի եւ երիտասարդ կիներու մօտ` արեան գերճնշման:

  • Լոյսը կրնայ աշխուժացնել ինքնավար ջղային համակարգի համակրական (sympathetic) թեւը: «Առողջ քունի» ժամանակ պայքարի կամ փախուստի (fight or flight) արձագանգներու պատասխանատու այս համակարգը կը հանգստանայ` դանդաղեցնելով սրտի զարկերը եւ շնչառութիւնը` ձգելով զանոնք հարահամակրական (parasympathetic) վիճակի մէջ:

Արդեօ՞ք գիշերային աւելի շատ լոյսի ենթարկուողը կ՛ունենայ հիւանդութեան մեծ վտանգ. տոքթոր Քիմ այս հարցումին պատասխանեց` ըսելով. «Մենք գտանք աւելի ուժեղ հնարաւոր կապ մը գիրութեան եւ շաքարախտի հետ կապուած` անհատը գիշերները աւելի շատ լոյսի ազդեցութեան ենթարկուելու պարագային: Յոյսով ենք, որ այս բացայայտումը կը հաստատենք աւելի լայն շրջանակ ներառելով ապագայ ուսումնասիրութիւններուն մէջ»:

Քնանալ` աւելի առողջ դառնալու համար

«Մինչ մենք այստեղ այս կապակցութենէն զատ որեւէ բան չենք կրնար եզրակացնել, ես կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին` փորձելու խուսափիլ գիշերային լոյսի աղբիւրներէ կամ նուազագոյնի հասցնել զանոնք, եթէ կարելի է այդ մէկը, – խորհուրդ տուաւ տոքթոր Քիմ:

– Այդ մէկը կրնայ ըլլալ այնքան պարզ` քնացած վայրին մէջ ելեկտրոնային սարքեր չօգտագործելով եւ քնացած ժամանակ ակնակապով լոյսի մուտքը արգիլելով:

Այնուամենայնիւ, տոքթոր Քիմ նախազգուշացուց. «Եթէ մարդոց ապահովութեան համար անհրաժեշտ է գիշերային լոյս օգտագործելը, անոնք պէտք է փորձեն զայն կարելի եղածին չափ մօտ պահել գետինին, որպէսզի նուազագոյնի հասցնեն անոր մուտքը դէպի աչքեր: Եթէ գիշերը բաղնիք մտնելու կարիք ունին, իսկ լիակատար մթութեան մէջ քալելը վտանգաւոր է, փորձեն օգտագործել թեթեւ լոյս մը` ամենակարճ անհրաժեշտ ժամանակահատուածին»:

Պարզ է նաեւ, որ քնացած ժամանակ լոյսի գոյնն ալ կարեւոր մէկ գործօն է:

«Ես խորհուրդ կու տամ օգտագործել սաթի կամ կարմիր լոյսը գիշերային լոյսի համար` կապոյտ լոյսին փոխարէն: Սաթի կամ կարմիր լոյսը աւելի երկար ալիքի երկարութիւններ ունի, ուստի աւելի քիչ կը խանգարէ մեր սիրքատային ժամացոյցը, քան` աւելի կարճ ալիքի երկարութեամբ լոյսերը, ինչպիսին է կապոյտ լոյսը», բացատրեց տոքթոր Քիմ:

«Որոշ մարդիկ ստիպուած են աշխատելու գիշերը, – աւելցուց դոկտոր Սիտրնես, – եւ պէտք է քնանան ցերեկին: Կան նաեւ լոյսը արգելափակելու ձեւեր, օրինակ` ակնոցներու յատուկ զտիչներ»:

Ան աւելցուց. «Լոյսի ազդեցութեան հակազդելու համար մեզի պէտք են նոր մեթոտներ ու աւելի շատ ուսումնասիրութիւններ` նուազեցնելու համար սրտանօթային այս հիւանդութիւններու վտանգը»:

Աղբիւր` Medical News Today

Գովազդուող Դեղերը Գոյութիւն Ունեցող Տարբերակներէն
Այնքան Ալ Աւելի Լաւ Չեն. Ուսումնասիրութիւն

 

Հեռատեսիլով գովազդուող դեղերուն մեծ մասը գոյութիւն ունեցող այլընտրանքներէն աւելի լաւ չի գործեր, այսպէս ցոյց կու տայ նոր վերլուծութիւնը: Իսկ արտադրողները աւելի շատ գումարներ կը ծախսեն այդ ոչ այնքան օգտակար դեղերը գովազդելու, քան` այն դեղերը, որոնք աւելի լաւ կը գործեն ու գովազդի պէտք չունին:

«Բացատրութիւններէն մէկը կրնայ ըլլալ այն, որ էական բուժական արժէք ունեցող դեղերը հաւանաբար կը ճանչցուին եւ կը նշանակուին` առանց գովազդի, ուստի արտադրողները կը կեդրոնանան աւելի քիչ արժէք ունեցող դեղամիջոցներ խթանելու վրայ», գրած են հեղինակները այս հետազօտութեան, որ հրապարակուած է անցեալ շաբաթ JAMA Open Network-ի վրայ:

Ուսումնասիրուած գովազդուող դեղերու աւելի քան 70%-ը ունեցած է սահմանափակ օգուտ` համեմատած այլընտրանքներու, մինչդեռ 29%-ը` մեծ օգուտ: Վերջին տեսակի դեղերու կարգին էին adalimumab-ը, սիրտի անբաւարարութեան դեղատեսակ (sacubitril/valsartan)-ը եւ թոքերու քաղցկեղի դեղատեսակ pembrolizumab-ը:

Վերլուծութիւնը ուսումնասիրած է բուժական արժէքի գնահատականները 2015-2021 թուականներուն արտադրուող ամենայայտնի 73 դեղերուն: Հետազօտողները բուժական արժէքը սահմանած են որպէս «յառաջընթաց ներկայացնող դեղատեսակ` բաղդատած նախապէս գոյութիւն ունեցող դեղատեսակներուն»:

Ուսումնասիրուած այս դեղերուն գովազդի համար ծախսուած գումարները 6 տարուան ընթացքին գերազանցած են 22 միլիառ տոլարը: Հետազօտողները պարզած են, որ այդ ժամանակահատուածին մէջ քիչ օգուտ ունեցող դեղերու համար միջին ծախսերը կազմած են 338 միլիոն տոլար:

«Ամերիկեան բժշկական միութիւնը եւ հանրային առողջութեան ջատագովները կոչ ըրած են սահմանափակումներ դնելու ուղղակի գնորդին տրուող դեղերու գովազդին վրայ` զգուշացնելով, որ այդ մէկը կը մեծցնէ նոր, աւելի սուղ դեղերու պահանջարկը, եւ այդ մէկը կ՛ըլլայ աւելի քիչ ծախսալից այլընտրանքներու հաշուոյն», կը գրեն հեղինակները:

Աղբիւր` WebMD

Նախորդը

Թէոտոր Ռուզվելթի Այժմէական Պատգամները

Յաջորդը

«88 Թ. Մտաւորականութիւնը Ժողովրդին Ոտքի Հանեց», Մովսէս Հերկելեան

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան. Բաներ, Որոնք Կրնան Ազդել Ձեր Դեղերու Արդիւնաւէտութեան Վրայ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան. Բաներ, Որոնք Կրնան Ազդել Ձեր Դեղերու Արդիւնաւէտութեան Վրայ

Յունիս 13, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?