Պայերն Միւնիխի եւ Գերմանիոյ ազգային խումբի ծայրի յառաջապահ Լիրոյ Սանէ կրնայ լքել ակումբը եւ միանալ Լոնտոնի Արսենալին, ըստ «Սքայ Սփորթց» Գերմանիոյ:
Աղբիւրին համաձայն Արսենալ պաշտօնական առաջարկ պիտի ներկայացնէ Պայերնի վարչութեան` մարզիկին ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար:
Նոյնինքն Սանէ մտադիր չէ հեռանալ Միւնիխէն եւ իր ապագան կապած է միւնիխեան ակումբին հետ:
Անցեալ տարեշրջանին Սանէ 42 մրցում կատարած է Պայերնի շապիկով` նշանակելով 10 կոլ եւ կատարելով 13 էսիսթ: