Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հելսպոռն. «Հայաստանի Տարածքին Նկատմամբ Զրպէյճանի Որեւէ Ոտնձգութեան Պարագային Արեւմուտքը Պէտք Է Պատժամիջոցներ Հաստատէ»

July 23, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուէտի խորհրդարանի անդամ Էրիք Հելսպոռն, անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման կարելիութիւններուն եւ այդ ծիրին մէջ Պաքուէն հնչող սպառնալիքներուն, նշած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքին նկատմամբ ոտնձգութիւն կատարելու որեւէ փորձ պէտք է յանգեցնէ Արեւմուտքի կողմէ արագ քայլերու, մասնաւորաբար պատժամիջոցներու:

Շուէտացի երեսփոխանը «Արմէնփրես»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ խորացող յարաբերութիւններուն, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ սահմաններու սահմանազատում կատարելու շուրջ համաձայնութեան, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման կարելիութիւններուն:

«Միջազգային յարաբերութիւնները կարեւոր են որեւէ երկրի համար, սակայն առաւել կարեւոր են այնպիսի փոքր երկիրներու համար, ինչպիսին Հայաստանն է: Վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին կառուցած Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւնները դրական են, եւ այդ աշխատանքը պէտք է շարունակուի: Աւելի սերտ կապերը օգուտ պիտի բերեն երկու կողմերուն ալ», ըսած է Հելսպոռն:

Անդրադառնալով Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիմամբ սահմաններու սահմանազատման հոլովոյթ սկսելու վերաբերեալ Հայաստան-Ազրպէյճան համաձայնութեան` շուէտացի երեսփոխանը յայտնած է. «Սահմանային տարակարծութիւնները, ի հարկէ, պէտք է լուծուին, որպէսզի երկարատեւ խաղաղութիւն ըլլայ: Բայց եւ այնպէս, նման համաձայնագիրի մանրամասնութիւնները, հաւանաբար, բարդ խնդիր պիտի հանդիսանան: Ես հետեւած եմ Հայաստանի եւ հայկական սփիւռքի բանավէճերուն եւ տեղեակ եմ, որ կան մարդիկ, որոնք կը քննադատեն, թէ կառավարութիւնը ինչպէ՛ս կը վարէ կացութիւնը: Ես իրաւունք չունիմ ըսելու, թէ այս պարագային ո՛վ ճիշդ է»:

Ան նաեւ յայտնած է. «Ալիեւի վարչակարգի «Զանգեզուրի միջանցք»-ին վերաբերեալ հռետորաբանութիւնը անընդունելի է: Քննարկուող տարածքը կը պատկանի Հայաստանին, եւ Ազրպէյճանը իրաւունքներ չունի այդ հողին նկատմամբ, իրաւունք չունի նաեւ ատոր վերաբերեալ որեւէ պահանջ ներկայացնելու: Հայկական հողի նկատմամբ վերահսկողութիւն հաստատելու որեւէ փորձ պէտք է յանգեցնէ Արեւմուտքի կողմէ արագ քայլերու, ինչպիսիք պատժամիջոցներն են»:

 

Նախորդը

Շէյխ Քաուք. «Իսրայէլ Շրջանը Դրաւ Մագլցումի Ուղիին Վրայ»

Յաջորդը

Միջազգային Կարմիր Խաչի Կոմիտէի Աշխատակիցները Այցելած Են Բռնագրաւուած Արցախի Նախկին Ղեկավարներուն

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.