Իսրայէլի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ, դատաւոր Նոամ Սոլպերկ, իր կողքին ունենալով իսրայէլեան Ընդհանուր ապահովութեան ծառայութեան` Շապաքի պետ Տաւիտ Զինին եւ կառավարութեան արդարադատական խորհրդատու Կալի Պահարաւ-Միարան, յայտարարեց, թէ ընտրութիւնները արդար էին ու պատշաճ կերպով տեղի ունեցան` նշելով, որ ճիշդ չէ պնդումը, թէ գոյութիւն ունին ապացոյցներ, որոնք ընտրութիւններու ամբողջ արդիւնքը հարցականի տակ կ՛առնեն:
«Ամենայն պատասխանատուութեամբ կ՛ըսենք, թէ Քնեսեթի 26-րդ ընտրութիւնները պատշաճ կերպով տեղի ունեցան, եւ որեւէ բացառութիւն ներկայիս հետաքննութեան ենթակայ է: Ընտրութիւններու արդիւնքները կ՛արտացոլեն ընտրողներու կամքը», յայտարարեց ան:
«Վերջերս ի յայտ եկան հետաքննութիւն պահանջող լուրջ կասկածներ` կապուած ընտրական հոլովոյթին վրայ ազդելու նպատակով օտարերկրեայ ուժերու կողմէ ֆինանսաւորման, եւ անոնք կրնան ապահովական բնոյթ ունենալ: Ինծի ներկայացուած տեղեկութեան հիման վրայ Ընդհանուր ապահովութեան ծառայութեան յանձնարարած եմ օրէնքին համաձայն հետաքննել այս կասկածները: Ինծի համար կարեւոր է յստակացնել կասկածները: Ընտրութիւններուն արդիւնքները վիճարկելու համար անհրաժեշտ են համոզիչ ապացոյցներ», աւելցուց Սոլպերկ:
«Հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է, կառավարութեան արդարադատական խորհրդատուն եւ առնչակից բոլոր կողմերը մասնակից են հետաքննութեան աշխատանքին, անոնք շարունակ տեղեակ կը պահուին հետաքննութեան ընթացքէն ու արդիւնքներէն», ըսաւ ան:
«Ներկայացուած կասկածները լուրջ են, եւ մենք զանոնք մանրակրկիտ կերպով պիտի ուսումնասիրենք, մինչեւ ճշմարտութեան հասնիլը: Միեւնոյն ժամանակ, սխալ է այն պնդումը, որ մեզի ներկայացուած ապացոյցները կրնան ազդել ընտրութիւններու բոլոր արդիւնքներուն վրայ: Իսրայէլի քաղաքացիները անցեալ երեքշաբթի օր մրցանշային թիւով քուէարկած են: Անոնք իրենց կարծիքը արտայայտած են, եւ ատիկա պիտի յարգուի», յայտարարեց Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախագահը:
«Եաշար» կուսակցութեան ղեկավար Կատի Այզենքոթ յանձնարարեց սերտել փոքրամասնական կառավարութիւն մը կազմելու կարելիութիւնը, որ հիմնուած պիտի ըլլայ Միացեալ ցուցակի եւ հարետիմներու ծայրայեղ ուղղափառ «Միացեալ Թալմուտ» կուսակցութեան քուէարկութենէն ձեռնպահ մնալու վրայ, բացառութեամբ Միացեալ ցուցակէն Քնեսեթի անդամ Եոաւ Սեկալովիչի, որ պիտի աջակցի կառավարութեան, այս բոլորը այնպիսի բեմագրութեամբ, որ կ՛արտօնէ յաղթահարել Պենիամին Նեթանիահուի ճամբարի ներկայ թուային առաւելութիւնը, սակայն այս ծրագիրը ընդդիմադիր ճամբարին մէջ խոչընդոտներու կը բախի: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը:
Այզենքոթ արտօնած է ուսումնասիրել այս ընտրանքը, որ Միացեալ ցուցակին հետ բանակցութիւններ չի ներառեր, սակայն կը հիմնուի այն նախատեսութեան վրայ, որ այդ ցուցակը կառավարութեան կազմութեան դէմ պիտի չըլլայ, որովհետեւ ցուցակի պետ երեսփոխան Ահմետ Թիպի յայտարարեց, թէ Նեթանիահուի կառավարութեան տապալման կը ձգտի:
Իսրայէլի նախկին վարչապետ, Միասնաբար կուսակցութեան ղեկավար Նաֆթալի Պենեթ յայտարարեց, թէ Իսրայէլի նախագահ Իսհակ Հերցոկի հետ հանդիպումի ընթացքին պիտի յանձնարարէ Եաշար կուսակցութեան ղեկավար Կատի Այզենքոթին վստահիլ յաջորդ կառավարութեան կազմութիւնը` նշելով, որ իր այս որոշումին մասին տեղեակ պահած է Այզենքոթը:
Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլը մեր տունն է կուսակցութեան ղեկավար Աւիկտոր Լիպըրման իր կարգին Այզենքոթը պիտի առաջադրէ վարչապետի պաշտօնին, իսկ ընդդիմութեան եւ Ապագայ կայ կուսակցութեան ղեկավար Եայիր Լափիտը Քնեսեթի նախագահի պաշտօնին:


