Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Խօսքը

June 28, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարական հիմնական սիւներէն մէկը ազգային կուսակցութիւն ըլլալն է: 134 տարիներու ընթացքին, ցուցական, պետականաշինութեան, սփիւռքի կազմաւորման, զինեալ պայքարի եւ քաղաքականացման իր բազմաթիւ փուլերուն ՀՅԴ-ն աշխատեցաւ` ի մտի ունենալով ազգային շահերը: Հետեւաբար բնական է, որ նման ազգային դիմագիծով կուսակցութեան մը երիտասարդական թեւը եւ ապագայի ղեկավարներու կերտման դաստիարակչական միաւորը ըլլայ նաեւ ազգային շահերու պահպանման հիմնական ուժ:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ը իր հիմնադրութեան առաջին օրէն ձգտեցաւ իր հովանիին տակ միաւորել լիբանանահայ երիտասարդութիւնը` առանց սեռի խտրութեան, որպէսզի կարենայ ստեղծել այն միջավայրը, ուր սերունդներ միասնական աշխատանքով եւ երկաթեայ կարգապահութեամբ աշխատին նախ եւ առաջ Հայ դատի պահանջատիրութեան, գաղութի պաշտպանութեան եւ զարգացման, ինչպէս նաեւ հայրենիքի բարօրութեան ի խնդիր: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ տարիներուն ազգային իր սկզբունքները վերածեց գործի` նկատելով, որ հայուն ինքնութիւնը վտանգուած է:

Համաշխարհայնացման ալիքի սկզբնական երեւոյթները արդէն նկատելի էին: Վտանգաւոր էր նաեւ դանդաղ քայլերով զարգացող օտարամոլութիւնը: Այս հոսանքին դէմ պայքարելու համար ՀՅԴ ԼԵՄ-ը սատար հանդիսացաւ հայ վարժարաններու առաքելութեան եւ ձգտեցաւ զանոնք ամբողջացնել` հիմնելով գիշերային դպրոց, ուր հայերէնի կողքին, կը դասաւանդուէին տեղական կամ միջազգային այլ լեզուներ: Այս բոլորին կողքին, ՀՅԴ ԼԵՄ-ը յստակօրէն անդրադարձաւ այն իրականութեան, որ հայ վարժարանէն անդին` բազմաթիւ երիտասարդներ նոյնիսկ առիթը չունին իրենց տուներուն մէջ հայեցի կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն ստանալու: 1983-ին «Ռազմիկ» պաշտօնաթերթի եւ 2000-ին «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն սփռուող «Արծիւ» յայտագիրի հիմնումով ՀՅԴ ԼԵՄ-ը իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ այն մեքենաները, որոնք պիտի հանդիսանային դաստիարակչական հարթակներ այն բոլոր ԼԵՄ-ական կամ ոչ ԼԵՄ-ական երիտասարդութեան համար` ծանօթանալու ԼԵՄ-ին ու այդ ճամբով նաեւ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի առաքելութիւնը իր հիմնադրութենէն  եղած է միշտ դաստիարակչական: ԼԵՄ-ականը քաջ կը գիտակցի, որ ներկայ պայմանները` տեղական կամ միջազգային մակարդակներու վրայ, արդէն վատ են, յատկապէս` հայ ժողովուրդին համար: Հետեւաբար երբ նոյնիսկ հայու դիմագիծը վտանգուած է, ԼԵՄ-ականը իր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր զէնքերը պիտի օգտագործէ ապազգային հոսանքներուն դէմ յաջող պայքար մղելու համար: Աւանդականը եւ յառաջդիմականութիւնը սեւի ու ճերմակի, վատի ու լաւի միջեւ պայքար չէ:

ԼԵՄ-ը եւ ԼԵՄ-ականը պահպանելով աւանդականը` իր բոլոր սկզբունքներով, կը ձգտի իւրացնել յառաջադէմ բոլոր զէնքերը ու այս երկուքին միացումով կը նպատակադրէ պայքարիլ հայ ժողովուրդի ազգային դիմագիծը, նկարագիրը եւ ինքնութիւնը խաթարող բոլոր երեւոյթներուն դէմ:

Նախորդը

Հայկական Ինքնութիւնը

Յաջորդը

«Ամէն Բան Կորսուած Է` Տունը, Իրերը, Ինքնաշարժները, Բայց Ես Կը Վերադառնամ, Նոյնիսկ Եթէ Այնտեղ Ապրիմ Վրանի Մէջ». Ալմա Շաապի Բնակիչ

RelatedPosts

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ
Անդրադարձ

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը Նշանաւոր Դերասան Սիմոն Աբգարեանին Հետ

November 13, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խօսողին Լսող Է Պէտք

November 13, 2026
Ապրուած Օրեր. ԺԳ.- Օրիորդ Գարմէնը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԳ.- Օրիորդ Գարմէնը

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.