Լիբանանի ազգային խումբը վերջերս մեկնած է Լիթուանիա` փորձ մրցումներ կատարելու համար, պատրաստուելու` Ողիմպիականի մասնակցելու զտումի 2 մրցումներուն` Սպանիոյ եւ Անկոլայի դէմ, յաջորդաբար 2 եւ 4 յուլիսին:
Սերպ մարզիչ Միոտրակ Փերիսիչ 16 մարզիկներէ ընտրեց 12 վերջնական մարզիկներ, որոնցմէ դուրս մնաց Ասիոյ լաւագոյն մարզիկ ընտրուած Ուաէլ Արաքժին, որուն կինը պիտի ծննդաբերէ, եւ ան կը նախընտրէ իր ընտանիքին մօտ ըլլալ այս ժամանակաշրջանին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք մարզիչ Փերիսիչի ընտրած 12 մարզիկները.
Ալի Մանսուր, Ալի Մըզհեր, Ժատ Խալիլ, Սերժիօ Տարուիշ, Քարիմ Զէյնուն, Ամիր Սէուտ, Ալի Հայտար, Ժերար Հատիտեան, Հայկ Կէօքճեան, Օմարի Սփելմըն, Եուսեֆ Խայյաթ եւ Քարիմ Իզզէտտին:
Դրակւան արդիւնքներ ձեռք ձգելու պարագային, Լիբանանի ազգային խումբը իրաւունք կը ստանայ մասնակցելու Փարիզ Ողիմպիականի մրցումներուն (26 յուլիսէն 11 օգոստոս):