Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. «Ազդակ»-ի 67-րդ Առցանց Լսարանին Առիթով «Սփիւռքի Քաղաքական Գործօնի Վերաիմաստաւորման Հրամայականը»

Մայիս 27, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ինչպէս միշտ, «Ազդակ»-ի լսարանները հետաքրքրական են եւ կը քրքրեն մեր ուշադրութիւնը: 67-րդ առցանց լսարանին (23 մայիս 2024) դասախօսը` Միհրան Քիւրտօղլեան, առարկայական մօտեցումով այս բարդ նիւթը ներկայացուց: Զրոյցէն կարելի է եզրակացնել հետեւեալը (1).

1.- Հայկական սփիւռքը կերպարանափոխուած է վերջին 30 տարիներուն, եւ Հայաստանէն արտագաղթած հայերը, որոնց թիւը, քանի մը անգամով կը գերազանցէ շատ մը գաղութներու «բնիկներուն» թիւը, ընդհանրապէս հեռու կը մնան սփիւռքահայ կեանքէն ու կառոյցներէն: Իմ կողմէս աւելցնեմ նաեւ, որ անոնք իրենց ուրոյն կազմակերպական կառոյցնե՛րն ալ չունին:

2.- Սփիւռքի հայապահպանումի ամենակարեւոր միջավայրը հայ դպրոցն է, սակայն անոնց թիւը երբե՛ք բաւարար չէ սփիւռքահայ աշակերտներուն համար: Մի՛այն չնչին տոկոս մը կը գոհացնէ, աւելի՛ն, հնարաւորութիւն ալ չկայ սփիւռքի մէջ աշակերտական տարիքի բոլոր երեխաներուն թիւին համեմատ դպրոցներ բանալու:

1. «Հայաստանը կը պարպուի, իսկ սփիւռքը կը մաշի». ահազանգ հնչեցուց Արամ Ա. կաթողիկոս՝ Համահայկական 6-րդ համաժողովին, 2017-ին:

3.- Սփիւռքահայ կառոյցները մնալով պահպանողական` քայլ չպահեցին եւ չօգտագործեցին համացանցին արդիական ընկերային ցանցերու ընձեռած միջոցները` ի շահ հայահաւաքին եւ հայապահպանումին:

4.- Մեր կառոյցները առիթ չտուին երիտասարդ ուժերուն, որպէսզի մասնակից դառնան սփիւռքի զանազան բնագաւառներու ղեկավարումին ու արդիականացման:

5.- Քաղաքական գործօնին պարագային, պիտի աւելցնեմ, որ մեր դասական թշնամիներուն` թուրք-ազերի եւ անոնց սատարող սիոնիզմին կողքին, գոյութիւն ունին (տես` «Այժմու աշխարհը եւ զայն ղեկավարողները անտարբեր են Կազայի մէջ տեղի ունեցող, բջիջայինի պաստառներուն վրայ բոլորին տեսանելի Իսրայէլի կողմէ պաղեստինցիներու ցեղասպանութեան, քանի որ ցեղասպան թուրքը եւ Արցախի ցեղասպան ազերին կը մնան անպատիժ, ինչպէ՞ս այս նոյն սիոնիզմը զօրավիգ կանգնեցաւ ջարդարար սուլթան Համիտին, Թալէաթին եւ քեմալականներէն մինչեւ այժմու Ազրպէյճանին եւ Երուսաղէմի հայկական հողը պղծողին» (2), այլ յայտնի ու գաղտնի հզօր կազմակերպութիւններուն մնայուն ներկայութիւնն ու յատուկ ճիգերը` տկարացնելու եւ պառակտելու սփիւռքը:

Այսքան էր իմ տպաւորութիւնս:

Սփիւռքի մասին ահազանգը Արամ Ա. կաթողիկոսը հնչեցուց Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Համահայկական 6-րդ համաժողովին, 18-20 սեպտեմբեր 2017-ին, որուն խորագիրն էր` «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն»: Իր ելոյթին մէջ Արամ Ա. ըսաւ.  «Եկէք` ըլլանք իրապաշտ ու անկեղծ: ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԿԸ ՊԱՐՊՈՒԻ, ԻՍԿ ՍՓԻՒՌՔԸ ԿԸ ՄԱՇԻ: Այս վտանգալից իրականութեան դիմաց պատահական նախաձեռնութիւններ չեն կրնար մեր տագնապները լուծել եւ վէրքերը դարմանել: Ժամանակի նշանները պէտք է ճիշդ կարդալ, ախտաճանաչումը պէտք է ճիշդ կատարել եւ համապատասխան կողմնորոշումներ ճշդել ու ազդու միջոցներու դիմել: Անհրաժեշտ է Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը դուրս բերել պատահական տնտեսական ներդրումներու ու զբօսաշրջային այցելութիւններու շրջագիծէն եւ զայն դարձնել մեր ազգային քաղաքականութեան կարեւոր հիմքերէն մէկը… եւ կ՛եզրակացնէ. «Սակայն չմոռնանք երբեք, որ ազգ մը միացնողը, ամրացնողն ու յաւերժացնողը իր հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներն են: Հետեւաբար թոյլ չտանք, որ մեր ազգին արժէքները ապականին, մեր արժէքներու համակարգը խախտի»:

Այս մասին տեղին է Եսայի Հաւաթեանին «Չարտասանուած խօսքը Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովին», որ նախատեսուած ու պատրաստած էր ժողովին համար, սակայն անոր ելոյթին առիթ չէր տրուած (3): Հաւաթեան հինգ կէտերով հիմնաւորուած առաջարկներ կը ներկայացնէր: Նոյնպէս նոյն նիւթով ես ալ անդրադարձ կատարած եմ (4):

Գալով լսարանի մեր նիւթին եւ առհասարակ սփիւռքը յուզող բոլոր այսպիսի քննարկումներուն` գլխաւոր խնդիրը կը մնայ գաղափարներուն եւ շինիչ առաջարկներուն, եթէ կան, գործադրութիւնը: Այսինքն, ինչպէս Քիւրտօղլեանը նշեց, երբ բեմէն վար իջնենք, իրական գետնի վրայ ի՞նչ կրնանք ընել: Որո՞ւ կողմէ եւ ինչպէ՞ս պիտի գործադրուին այդ գործնական առաջարկները այսքան ընդարձակ սփիւռքին մէջ եւ փորձել հասնիլ ամէն մէկ սփիւռքահայու:

Սփիւռքի մասին Արամ Ա. վեհափառը 2022-ը եւ 2023-ը «Սփիւռքի տարի»-ներ հռչակեց: Այդ առիթով յօդուածներ գրուեցան, իմ պարագայիս` թիւով 17 յօդուածներ պատրաստեցի, առաջինը` 3 փետրուար 2022-ին, որոնք լոյս տեսան «Ազդակ»-ի էջերուն, վերջինը` 18 դեկտեմբեր 2023-ին, որ կ՛ամփոփէր յօդուածաշարքը, որուն խորագիրն էր` «Սփիւռքի տարի 2023 – ԺԷ. Հայկական գաղութներու հզօրացման մարտավարութիւն, սփիւռքահայութեան հայ մնալու հիմնական միջոցներ` հայերէնի շարունակական գործածութիւն, արմատներու հետ կապ եւ հայկական միջավայրի ապահովում» (5):

Այս յօդուածներուն կարեւոր մասը գիտական հետազօտութիւններու արդիւնք էին` սկսելով մարդկային ուղեղին լեզուամտածողութեան վերջին յայտնութիւնէն, արմատներու եւ ծագումի ծինային փնտռտուքէն, ժառանգութիւն, լեզու, մշակոյթ, ազգային նկարագիր եւ այլն: Այս շարքին համար օգտուած եմ 118 հայ եւ օտար աղբիւրներէ եւ ներկայացուցած` 12 գործնական առաջարկներ, մեծամասնութիւնը` համացանցով գործադրելի, որոնց առանցքը կամ համադրող մարմինը առաջարկած եմ նոյնինքը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը: Յատուկ բաժիններ յատկացուցած եմ` հայերէնով համակարգիչ օգտագործելու միջոցներուն, առցանց բառարաններու, հայերէն սրբագրիչներու եւ այլն: Իր ամբողջութեան մէջ որոշ չափով` համապարփակ եւ լրացուցիչ:

Յօդուածներէն քանի մը օրինակներ. Բ. մասին մէջ ահազանգ հնչեցուցինք Հայաստան հայրենիքէն դէպի Ամերիկա գաղթել դիմողներուն ահաւոր թիւը` 160 հազար 965 հոգի, 2021-ին: Այլ խօսքով, սփիւռքը, փոխանակ համախմբուելու հայրենիք Հայաստանի մէջ, յաւելեալ պարտաւորութիւններու կ՛ենթարկուի հոգալու համար նորեկ հայերը: Մինչ անկախ Հայաստանը երբե՛ք ներգաղթի նախարարութիւն կամ որեւէ այդպիսի մարմին չստեղծեց կանոնաւոր ու ծրագրուած կերպով ներգրաւելու համար սփիւռքահայերը:

Զ. մասին մէջ հայրենիքէն, հողէն հեռու ծնունդով հայը մէկ, կամ մէկէ աւելի հայկական պորտակապերու կը կարօտի իր պատկանելիութիւնը եւ պահանջատէրի կարգավիճակը չկորսնցնելու, այլ, ընդհակառակը, աւելի՛ ամրապնդելու համար: Այդ պարտականութիւններէն են` Հայ դատով մնայուն հետաքրքրութիւնը, հայերէնի վարժութիւնը պահելու համացանցային հետաքրքրական խաղերը, որոնցմէ երկու օրինակ ներկայացուած էր` «Բառիկ» ու «Մտամարզ» եւ այլն:

Է. մասին մէջ սփիւռքահայերը բաժնեցինք 8 խումբերու` արեւմտահայերէնի իմացութեան եւ ազգային պարտականութիւն մը կատարած եւ կամ դաստիարակութիւն մը ստացած ըլլալու կարգով, առաջարկելով գործնական միջոցներ, այսպէս`

Առաջարկ թիւ 1.- Մարտավարութիւն, ծրագիր:

Առաջին հերթին եւ փուլին, առաջնահերթութեան կարգով, «հայկականութեան» բովէն անցածներն են, որոնցմէ ցանցեր պէտք է կազմուին, գիտակից ու ազգային զանազան ձեւի կրթութիւն ստացածներէն եւ հայերէն գիտցողները փնտռել, գտնել, պահպանել եւ անոնց մաշեցումը կանխել, կամ կասեցնել: Հայերէն չգիտցող եւ հայութենէ հեռու անձերու վրայ առայժմ պէտք չէ արտակարգ ճիգ ու կորով վատնել, այսպէս, կը մէջբերեմ երեք գործադրելի առաջարկներ.

1.- Բոլոր տեսակի հայկական միութիւնները, յատկապէս` հայրենակցական, շրջանաւարտից, սկաուտական, երիտասարդական եւ համալսարանական, նոր թափով մը աշխուժացնել եւ անդամահաւաքով ցանցեր ստեղծել ու նոր անդամներով ընդլայնել ու կապել զանոնք:

2.- Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ «պորտակապով» մը կապել իր մեծ հօր-մօր հայրենի քաղաքին, գիւղին, հողերուն կալուածներուն եւ պապենական տան հետ, հայրենակցական կապերու եւ, եթէ կարելի է, «Կուկըլ քարտէս» ծրագիրին միջոցով: Քաջալերել եւ պահպանել տոհմիկ աւանդը` մշեցի, վանեցի, քիլիսցի, հաճընցի, կիւրինցի, այնթապցի եւ այլն:

3.- Արդի համակարգչային ծրագիրներ օգտագործելով` ազգագրական ծառի (family tree) հիմնարկ մը հաստատել Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մէջ, որուն կրնան դիմել սփիւռքահայեր` յայտնաբերելու համար իրենց ընտանեկան ծառը, եւ այլ տեղեկութիւններ` գտնելով մոռցուած ու կորսուած ազգականներ, աւելի՛ կապուելով իրենց ընտանեկան բնօրրանին ու պատկանելիութեան:

Ը. մաս, առաջարկ թիւ 2.- Սփիւռքի ելեկտրոնային սկզբնաղբիւրը:

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ հաստատել կեդրոնական «Հայ սփիւռքի ծառայութիւն» (Armeniandiasporaservice.org), կամ այլ անունով նոր կայքէջ մը` իբրեւ գլխաւոր աղբիւր սփիւռքահայութեան մաշեցումը կասեցնելու միջոցներուն, ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն: Այս կայքէջը պէտք է մնայուն կերպով ծանուցուի սփիւռքի բոլոր հայկական թերթերուն, պարբերականներուն եւ կայքէջերուն մէջ` ըլլան անոնք հայերէն կամ ոչ, որպէսզի տեսանելի ու մատչելի դառնայ բոլորին: Այնտեղ կրնան դիմել նաեւ ազգագրական ծառի որոնողները:

Մասնաւոր կապերու (link) բաժին մը յատկացնել` արեւմտահայերէն սորվեցնող, հայերէն խաղերու, հայկական նիւթերու, հայերէն լեզուական ծրագիրներու, գիտելիքներու, առցանց գրադարաններու, գիրքերու, հայկական թերթերու, սփիւռքահայութեան բարօրութեան եւ վաւերագրական աշխատանքներ իրականացնող հաստատութիւններու եւ անհատներու կայքէջերուն: Այս կայքէջը պէտք է գրաւիչ, պարզ եւ «արագաշարժ» ըլլայ` հակառակ իր բազմապիսի ենթաբաժանումներուն: Այս կայքէջը պիտի ըլլայ սփիւռքը միաւորող համախմբող միջոցներէն կարեւորագոյնը:

ԺԲ. մասին մէջ. Գործնական առաջարկ 9.- Պատրաստել եւ բաշխել «Սփիւռքահայուն ձեռագիրքը» («The Diasporan Armenian՛s handbook»), ինչպէս հրեաները ունին, ուր նշուած է, թէ ի՛նչ պէտք է ըլլայ նաեւ անոր բովանդակութիւնն ու որակը:

Այսպէս, առաջարկներուն վերջինն էր`  ԺԶ. մասին մէջ. գործնական առաջարկ թիւ 12.- Հայկական նկարագիրի եւ մշակոյթի ամրապնդում եւ տարածում` ծանուցում աշխարհահռչակ հայերու միջոցով: Տիպար օրինակ մըն էր ֆրանսական TV2-ի հայութեան նուիրուած, Վերսայի օփերայէն սփռուած «Լէ կրանտ էշիքիէ» յայտագիրի 31 օգոստոս 2023-ի ծրագիրը, որ ներկայացուցին Քլեր Շազալը եւ Անտրէ Մանուկեանը, բեմադրիչը` Ֆրանսուա Կեթղեպէօր. 2 ժամնոց տեսերիզը դիտել այստեղ (6): Յայտագիրին հիւրերը մեծամասնութեամբ Ֆրանսայի մէջ հանրածանօթ, հռչակաւոր ֆրանսահայ երգիչներ, դերասաններ եւ արուեստագէտներ էին, որոնցմէ երկուքին պարագային տեղեակ չէի, որ անոնց մէկ ծնողը հայ է: Յայտագիրին ընթացքին այս հայ արուեստագէտները հիանալի ելոյթներ ունեցան, Շարլ Ազնաւուրի մասին խօսեցան եւ Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Մանուշեանի մասին եւ անշուշտ` Արցախի շրջափակման մասին:

Ինչպէս զեկուցաբերը նշեց, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով սփիւռքեան անհաւատալի մասնակցութիւն եւ համախմբում տեղի ունեցաւ` առանց այդ առնչութեամբ որեւէ կազմակերպչական ճիգի: Ուրեմն սփիւռքը համախմբելը կարելի՛ է, եթէ դրդապատճառը` պատճառարկումը (motivation), գոյութիւն ունենայ:

Արցախի 44-օրեայ ահաւոր պատերազմին, եւ ապա ցեղասպանական շրջափակումին, սփիւռքը 100-ամեակի նոյն ուժականութեամբ չգործեց, այլ խայթուածի նման` ապշահար, ցնցուած ու կաթուածահար մնաց, ինչո՞ւ:

1.- Քանի որ Հայաստանի այժմու հակահայ վարչակարգը մեղսակից էր աղէտին այնքա՛ն մը, որ նոյնի՛սկ երբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ՄԱԿ-ի ամպիոնէն կը ներկայացնէր արցախահայութեան դէմ Ազրպէյճանին գործադրած ցեղասպանութիւնը, ազերի ներկայացուցիչը վկայակոչեց Հայաստանի տխրահռչակ վարչապետը, որ յայտարարած էր, թէ Արցախի մէջ ցեղասպանութիւն տեղի չ՛ունենար…

2.- Միջազգային համապատասխան կառոյցներն ալ մեղսակից էին Արցախի դէմ պատերազմին, ապա շրջափակումին եւ հայաթափումին` ցեղասպանութեան:

Ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս ընել, ո՞վ պիտի սկսի: Եթէ այս հարցումներուն պատասխան չտրուի այս խորհրդաժողովներն ու լսարանները մտքի մարզանքէն անդին գործնական քայլերու չե՛ն վերածուիր: Պէտք է տեղէ մը սկսի՛նք` գործնականացնելով ընդունելի առաջարկները:

27 մայիս 2024
haroutchekijian.wordpress.com

—————————–

  1. https://www.youtube.com/watch?v=Pcw_sSaDkCk&authuser=0
  2. https://www.aztagdaily.com/archives/612566
  3. https://www.aztagdaily.com/archives/370176
  4. https://www.aztagdaily.com/archives/366103
  5. https://www.aztagdaily.com/archives/601790

6. https://www.youtube.com/watch?v=zsKAN9hp4SE

Նախորդը

Աղեղնաբառ – 156

Յաջորդը

Ճգնաժամային Պահը՝ Հայաստանի Մէջ Փախստականներու Նախարարութեան Մը Հիմնումի Անմիջական Հրամայականը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?