Քոփա Ամերիքայի մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին, եւ Արժանթինի 2-0 արդիւնքով յաղթանակէն ետք, Ա. խմբակին մէջ, Չիլի եւ Փերու ճերմակ հաւասարութեամբ աւարտեցին իրենց մրցումը:
Բ. խմբակի իր առաջին մրցումին, Վենեզուելա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Էքուատորը: Էներ Վալենսիա 22-րդ կարմիր քարտը ստացաւ, բայց Էքուատոր 10 մարզիկներով կրցաւ նշանակել 40-րդ վայրկեանին, շնորհիւ Ժերեմի Սարմիենթոյի:
Բ. կիսախաղին, Վենեզուելա 10 վայրկեաններու ընթացքին 2 կոլ նշանակեց` շնորհիւ Ժոնտըր Քատիսի եւ Էտուարտ Պելլոյի (64-րդ եւ 74-րդ վայրկեաններուն)` 3 կէտ ձեռք ձգելով:
Նոյն խմբակին մաս կազմող Մեքսիքա 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ժամայքան` շնորհիւ Ժերարտօ Արթէակայի կոլին (69-րդ վայրկեանին):