Իսթպոռնի (Բրիտանիա) թենիսի աղջկանց մրցաշարքին նախապատրաստական հանգրուանին, Էրինա Աւանեսեան 7-6 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց դանիացի Քլարա Տաուսընին (թիւ 68) եւ հասաւ աւարտական մրցաշարք, որ պատրաստութիւն մը պիտի ըլլայ Ուիմպըլտընի մրցաշարքերուն համար:
Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հալըի տղոց մրցաշարքը, ուր աւարտականին աշխարհի թիւ 1 թենիսմեն Եաննիք Սինըր 7-6 եւ 7-6 արդիւնքով կրցաւ պարտութեան մատնել թիւ 9 լեհ թենիսմեն Հուպերթ Հուրքաչը:
Կիսաւարտականին, թիւ 5 դասուած Հուրքաչ 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով դուրս ձգած էր թիւ 2 դասուած (աշխարհի թիւ 4) Ալեքսանտր Զվերեւը, մինչ Սինըր դուրս ձգած էր թիւ 42 չինացի Ժինժեն Ժանկը` 6-4 եւ 7-6 արդիւնքով: