Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ Իսլամապատի մէջ ընդունած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, կողմերը քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարները, թէ՛ ռազմական, թէ՛ ալ տնտեսական եւ ուժանիւթային ոլորտներուն մէջ:
«Նշուած է, որ բոլոր ոլորտներուն մէջ Ազրպէյճան-Փաքիստան-Թուրքիա եռակողմ համագործակցութեան ձեւաչափի աշխուժութեան ամրապնդումը յատուկ ներդրում պիտի ունենայ փոխշահաւէտ համագործակցութեան մէջ եւ պիտի ծառայէ երեք երկիրներու շրջանային եւ համաշխարհային դիրքերու ամրապնդման», նշուած է ազրպէյճանական կողմի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:


