Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ – 28 Մայիս 2024 Հայաստանի Հանրապետութեան 106-րդ Տարեդարձ. «Ա. Համաշխարհային Պատերազմէն Ետք Ոչ Մէկ Ժողովուրդ Այնպիսի Դժուար Պայմաններու Մէջ Անկախութեան Տիրացաւ, Որքան Հայ Ժողովուրդը»

Մայիս 28, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Այսպէս կը բնութագրէ Սիմոն Վրացեան Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումը 1918-ին, իր «Կեանքի ուղիներով» շարքի Դ. հատորին մէջ (1): «Ո՛չ հոգեբանօրէն, ո՛չ եւս առաւել առարկայօրէն հայութիւնը անկախութեան պատրաստ էր: Հոգեբանօրէն տիրական էր Մեծ եղեռնի ահաւոր ազդեցութիւնը բոլորին միտքերուն վրայ: Առարկայօրէն Եղեռնը, պատերազմը եւ Ռուսիոյ յեղափոխութիւնը քայքայած, ցրուած ու տկարացուցած էին հայութեան ուժերը` «անձեւ քաոս»-ի վերածելով հայ իրականութիւնը:

1. Ձախէն` Մակուցի Մեսրոպ, Արամ Մանուկեան, Վանայ Իշխան` Նիկոլ Պօղոսեան, եւ Շամիրամայ Սողօ` Զամանխան, Վան, 1915: 
2. Դրօ` Դրաստամատ Կանայեան, իր հեծեալ մարտիկներով, 1914:

«Թրքական թնդանօթները ուղղուած էին Հայաստանի մայրաքաղաքին վրայ հազիւ 6-7 քմ հեռաւորութենէն: Վրաստանը կտրած էր Հայաստանի ճանապարհը դէպի Սեւ ծով: Ազրպէյճանը, Նուրի փաշայի բռունցքին տակ, թշնամի էր Հայաստանին: Պաթումի դաշնագրով հազիւ 11 հազար քառ. քմ հող մնացած էր Հայաստանի Հանրապետութեան, որ լեցուած էր տնազուրկ եւ սովահար գաղթականներով: Կարելի՞ է պատկերացնել, թէ ի՛նչ սարսափելի պայմաններու մէջ ծնաւ մանուկ հանրապետութիւնը, եւ ի՛նչ գերագոյն ուժի պէտք կար «անձեւ քաոս»-էն ազգ եւ պետութիւն ստեղծելու համար:

«Այս ուժերը բարեբախտաբար գտնուեցան: Հայ հանճարեղ ժողովուրդի ծոցէն դուրս եկան հանճարեղ տիտաններ` աննման հայրենասիրութեամբ, անձնուէր ու անձնազոհ, որոնք ընդունակ եղան ձեռք առնելու նմանը չտեսնուած հայկական նաւուն ղեկը եւ առաջնորդելու դէպի փրկարար նաւահանգիստ:

«Արամը (Մանուկեան*)` առաջին որմնադիրը Հայաստանի նոր պետականութեան: Թէ պատմութիւնը ի՛նչ կ՛ըսէ անոր կարողութիւններուն ու կատարած դերին մասին, թողնենք պատմութեան: Մեզ` ժամանակակիցներուս համար, Արամը իր անձով խորհրդանիշ է Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան, եւ իրաւամբ կարելի է կոչել Հայաստանի Հայր: Եւ լաւ է, որ հայ նոր սերունդը Հայկ նահապետներու եւ արտաշէսներու շարքին, իբրեւ մեր վերջին նահապետը, դնէ Արամի անունը` հիմնադիր Հայաստանի Հանրապետութեան: Որքա՛ն ուզեն թող ուրանան Հայաստանի այժմու վարիչները, Արամը նաեւ իրենց նահապետն է, որովհետեւ առանց Հայաստանի Հանրապետութեան` կարելի չէր Սովետական Հայաստան գոյութիւն ունենալ:

«Եւ Արամի կողքին` Դրոն (Դրաստամատ Կանայեան): Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի թնդանօթներու որոտով ծնունդ առաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եւ որմէ` Սովետական Հայաստանը, եւ Բաշ Ապարանի սպիտակ ձիաւորը Դրոն է, որ կը խորհրդանշէ Վեհիպ փաշայի բանակին ջախջախիչ հարուած հասցնող հայկական բազուկը: Սովետական գրիչները, անհամարձակ ու վախով արդէն կը յիշեն Սարդարապատի ու Բաշ Ապարանի պատմական ճակատամարտերը: Վաղը պարտաւորուած պիտի ըլլան ճանչնալու դրոներու եւ սիլիկեաններու պատմական գործը:

«Արամ եւ Դրօ` անխզելի զոյգ անուններ` պաշտամունքի եւ ոգեւորութեան անսպառ աղբիւրներ հայ սերունդներուն համար: Արամի պետական կեանքը կարճ տեւեց. Դրոն սկիզբէն մինչեւ վերջ մնաց կենդանի մարմնացում հայ անկախ պետականութեան` իբրեւ մղիչ ուժ»:

Համաշխարհային Ա. պատերազմը` քանի մը տողով:

28 յուլիս 1914-ին Աւստրօ-Հունգարիան պատերազմ յայտարարեց Սերպիոյ դէմ, եւ Եւրոպայի մեծ պետութիւններուն միջեւ դիւրաբեկ խաղաղութիւնը շուտով անէացաւ: Մէկ շաբաթէն Ռուսիան, Պելճիքան, Ֆրանսան, Մեծն Բրիտանիան եւ Սերպիան` «Անթանթը», ճակատ կազմեցին Աւստրօ-Հունգարիոյ եւ Գերմանիոյ դէմ` «Առանցքի ուժեր», ու սկսաւ Ա. համաշխարհային պատերազմը: Սակայն պատերազմին կայծ տուողը 28 յունիս 1914-ին աւստրիացի դուքս` Ֆրանց Ֆերտինանտին սպանութիւնն էր: Օսմանեան կայսրութիւնը 31 հոկտեմբեր 1914-ին միացաւ Աւստրօ-Հունգարիոյ եւ Գերմանիոյ, Պուլկարիան` 14 հոկտեմբեր 1915-ին:

Հայաստանը եւ հայութիւնը արդէն Օսմանեան կայսրութեան դէմ ինքնապաշտպանական պատերազմի մէջ էին. երբ 28 մայիս 1918-ին անկախութիւն հռչակեց ու պաշտօնապէս մաս կազմեց Անթանթին: Հայ կամաւորական գունդերը եւ ռուսական բանակին հայ սպաներն ու զինուորները, հակառակ ռուսական յեղափոխութեան պատճառով տուն կանչուելուն, մեծամասնութեամբ շարունակեցին կռիւը` բացառիկ օգնութիւն մատուցելով եւ նպաստելով պատերազմի արեւելեան ճակատին` իբրեւ ազդու պատնէշ: Այս մասին կը վկայէ Ճէյմըս Ճերըրտ` Հայաստանի անկախութեան Ամերիկայի յանձնախումբին նախագահը` դեմոկրատ, Ազգային պահակագունդի հազարապետ, իրաւաբան, դիւանագէտ եւ Նիւ Եորքի գերագոյն ատեանի դատաւոր (James Watson. Gerard (1867-1951), American Committee for the Independence of Armenia, (ACIA*), որ 1913-1917 Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին եղած է Գերմանիոյ մէջ Ամերիկայի դեսպանը.

«Իրողութիւնը այն է, որ Ամերիկան եւ դաշնակիցները հայերուն հանդէպ մեծ պարտաւորութիւն ունին, որովհետեւ առանց հայերուն` Ռուսիան չէր կրնար իր յաջող ճակատամարտերը մղել Կովկասի մէջ, եւ թուրքերը պիտի կարենային միանալ Կասպից ծովու երկու կողմերուն գտնուող թուրանականներուն հետ: Այսօր մեր ազգային շահը կը պահանջէ, որ օգնենք Հայաստանին»:

Համաշխարհային Ա. պատերազմը Անթանթին յաղթանակով աւարտեցաւ 11 նոյեմբեր 1918-ին, Հայաստանի անկախութենէն չորս եւ կէս ամիս ետք: Պատերազմին հաշուեյարդարը տեղի ունեցաւ Փարիզի Խաղաղութեան վեհաժողովին Վերսայի մէջ, 18 յունուար 1919-ին եւ տեւեց մինչեւ 21 յունուար 1920, որ պարտուող կողմերուն պարտադրեց ընդհանուր եւ զանազան հաշուեյարդարներ, որմէ բխեցաւ Վերսայի դաշնագիրը Անթանթին եւ Գերմանիոյ միջեւ, իսկ Սեւրի դաշնագիրը` 10 օգոստոս 1920-ին, յաջորդեց 30 հոկտեմբեր 1918-ի Մուտրոսի (յունական Լեմնոս կղզիին նաւահանգիստը)` Անգլիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ զինադադարին:

Հայաստանի Անկախ Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը:

Այսպէս կը նկարագրէ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումի ճիգերը իր անգլերէնով «Հայաստանի Հանրապետութիւնը» եռահատոր կոթողային աշխատասիրութեան Ա. հատորին մէջ (2): «Մինչ Երեւանի մէջ կառավարութիւնը կը դիմագրաւէր ամէն տեսակի տագնապներ, իր ներկայացուցիչները մայրաքաղաքներու մէջ ճանաչում, դիւանագիտական նեցուկ եւ տնտեսական օժանդակութիւն կը հայցէին: Հինգ ամիս շարունակ, մինչեւ Ա. Համաշխարհային պատերազմին աւարտը, անոնք տքնեցան, վարկաբեկիչ պայմաններու մէջ  փորձելով խնդրագրերով` վիճակագրութիւնը եւ տրամաբանութիւնը իբրեւ միակ միջոց, բան մը ապահովելու:

«Պերլինը հայկական ճիգերուն առանցքը դարձաւ, քանի որ անոնք կը հաւատային, որ միայն Գերմանիան կրնար զսպել թուրքերը, որպէսզի անոնք վերադառնային Պրեսթ-Լիթովսքի ճշդուած սահմանը: Պրեսթ-Լիթովսքիի դաշնագիրը 3 մարտ 1918-ի խաղաղութեան պայմանագիրն էր, Խորհրդային Ռուսիոյ նոր պոլշեւիկ կառավարութեան եւ Առանցքի ուժերուն (Գերմանիա, Աւստրօ-Հունգարիա, Պուլկարիա եւ Օսմանեան կայսրութիւն) միջեւ, որ վերջ կը դնէր Ա. Համաշխարհային պատերազմին Ռուսիոյ մասնակցութեան: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաները բազմիցս հաւաստիացուցած են հայ պատուիրակներուն` Համազասպ Օհանջանեանին (ՀՅԴ) եւ Արշակ Զոհրապեանին (Սոցիալ-դեմոկրատ), որ թուրքերը պիտի ենթարկուին, սակայն` ի զուր:

«Հայերուն մօտ նախնական լաւատեսութիւնը շիջեցաւ, քանի որ Գերմանիան ո՛չ թուրքերը կը կարենար զսպել, ո՛չ հայ գաղթականներուն վերադարձը ապահովել եւ ո՛չ ալ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Գերմանա-խորհրդային գաղտնի բանակցութիւնները այն ժամանակ ուղղուած էին դէպի ռուսական գերիշխանութեան վերահաստատումը ամբողջ Կովկասի վրայ, Վրաստանը` Գերմանիոյ, իսկ Պաքուի քարիւղին` բաժնեկից: Ահա Գերմանիոյ երկուութիւնը, թէ՛ հայերուն խոստում տալով, թէ՛ ալ Խորհրդային Ռուսիոյ խոստանալով, որ Հայաստանի անկախութիւնը պիտի չճանչնայ:

3. Թուրքերը ջախջախիչ պարտութեան մատնած Արարայի ճակատամարտին սփիւռքէն եկած հայ կամաւորական լեգէոնականներէն խումբ մը:

Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ, Արամ Մանուկեանը, հոկտեմբեր 1918-ին իրեն գաղտնի այցելութիւն տուած, Ալեքսանդրապոլը գրաւած թուրք հրամանատար Խալիլ Քութէն տեղեկացած էր թուրք-գերման մօտալուտ պարտութեան մասին (3). «Արա՛մ ջան, լուրերը մեզի համար շատ վատ են: Անգլիացիները եւ ֆրանսացիները 19 սեպտեմբեր 1918-ին հայերուն հետ միասին մեծ հարուած տուած են թրքական բանակին Արարայի մէջ (Պաղեստին, Ռաֆաթ-Արարա բարձունք, ուր 5 հազար հայ լեգէոնականներ պարտութեան մատնեցին 12 հազար հաշուող թրքական բանակը):

«Թրքական բանակը ջախջախուած է, խառնիճաղանճ խուժանի պէս` ցիր ու ցան եղած: Անգլիացիները մեզի կը հետեւին եւ կը մաքրագործեն թրքական ուժերը:

Պուլկարիան հաշտութիւն խնդրած է արդէն: Մենք ալ հաշտութիւն պիտի խնդրենք: Ուրիշ ելք չկայ, քանի որ դաշնակից բանակներն ալ Ամերիկայէն եկած ահագին նոր` մեծաթիւ թարմ ուժով յարձակած են Հինտենպուրկեան գիծին (գերմանական արեւմտեան ճակատի ռազմական պատնէշ) վրայ, ճեղքած են զայն եւ գերմանացիներուն` մեծ հարուած տուած: Անոնք նոյնպէս յուսահատութեան մատնուած են: Մօտ ատենէն անոնք ալ զինաթափ կ՛ըլլան: Յաղթանակը ձերն է: Մենք որոշած ենք Կովկասի ճակատէն բոլորովին հեռանալ եւ Էրզրում` Կարին քաշուիլ: Մեր նահանջէն ետք դուք կրնաք վերատիրանալ մեր լքած վայրերուն: Թերեւս Էրզրումը նաեւ ստիպուինք յանձնել ձեզի: Այս գաղտնիքները ձեզի կու տամ` իբրեւ հին բարեկամ», կ՛եզրակացնէ Խալիլ` Արամէն խնդրելով իր անձին ապահով փախուստը…

Մինչ այդ Փարիզի վեհաժողովին մասնակից «մեծերը» հետեւեալ յայտարարութիւնները կը կատարեն.

Մեծ պատերազմէն առաջ եւ ընթացքին թուրքերուն կողմէ հայերուն զանգուածային սպանութիւնները ցնցեցին դաշնակից առաջնորդներուն խիղճը, եւ 1919-ին անոնք մասնակցեցան Փարիզի Խաղաղութեան խորհրդաժողովին` որոշելով, որ հայերը այլեւս պէտք չէ ապրին թրքական տիրապետութեան տակ: Իտալիոյ վարչապետ Վիթթորիօ Օրլանտոն յայտարարեց. «Ըսէք հայերուն, որ ես իրենց դատը պիտի վերածեմ իմ դատիս»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռապըրթ Լենսինկ գրած է, որ հայերուն սպանութիւնները «այս պատերազմի պատմութեան ամենասեւ էջերէն մէկն է»: Ֆրանսայի վարչապետ Ճորճ Քլեմանսօ հռետորաբար կը հարցնէ. «Ճի՞շդ է, որ քսաներորդ դարու լուսաբացին, Փարիզէն հինգ օր հեռաւորութեան, անպատիժ վայրագութիւններ կատարուած են…

«Այնպիսին, որ աւելի վատը կարելի չէ պատկերացնել ամենադաժան բարբարոսութեան ժամանակ իսկ»:

Իսկ Անգլիոյ վարչապետ Տէյվիտ Լլոյտ Ճորճը իր երկրին պատասխանատուութեան մասին կարեւոր խոստովանութիւն մը կը կատարէ` մեծահոգաբար երդում տալով (4). «Մեր հիմնական պայմանը խաղաղութեան, որ մենք պէտք է պարտադրենք, հայկական հովիտները ընդմիշտ ազատագրելն է արիւնալի դաժան կառավարումէն, որոնք  ներկուած են թուրքերուն ոճիրներով: Ռուսերը ստիպուեցան նահանջել, եւ թշուառ հայերը վերստին ենթարկուեցան օսմանեան եաթաղանին` «Հայաբնակ գաւառներուն մէջ բարեկարգում եւ բարեփոխում մտցնելու» գրաւականին տակ: Բոլորս գիտենք, թէ ինչպէ՛ս խախտեցան այդ խոստումները քառասուն տարի շարունակ` հակառակ այն երկրին (Մեծն Բրիտանիոյ*) բազմիցս բողոքներուն, որ առաջին պատասխանատուն էր Հայաստանը թրքական տիրապետութեան տակ վերադարձնելուն: Բրիտանական կառավարութեան գործողութիւնները անխուսափելիօրէն յանգեցուցին 1895-97 եւ 1909 տարիներու հայերուն սարսափելի կոտորածներուն եւ ամենավատը` 1915-ի ողջակիզումներուն: Այս վայրագութիւններով հայ բնակչութեան թիւը նուազեցաւ աւելի քան մէկ միլիոնով»:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջը ճանաչումին մասին հետեւեալը գրած է (5). «1918-ին, պետականութեան վերականգնումին զուգահեռ, Հայաստանը ձեռք բերաւ միջազգային ճանաչում եւ հաստատեց դիւանագիտական կապեր: Հայաստանը դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է` Գերմանիոյ, Աւստրօ-Հունգարիոյ, Պուլկարիոյ, Վրաստանի, Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ, Իրանի եւ այլ երկիրներու հետ: Լիազօր ներկայացուցիչներ (հիւպատոսներ) նշանակուեցան Միացեալ Նահանգներու, Պուլկարիոյ, Ֆինլանտայի, Զուիցերիոյ, Ճափոնի եւ այլ երկիրներու մէջ, Վրաստանը, Ազրպէյճանն ու Իրանը դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ բացին Երեւանի մէջ:

Միացեալ Նահանգներ ճանչցան Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը 23 ապրիլ 1920-ին, երբ արտաքին գործոց նախարար Պէյնպրիճ Քոլպին որոշումը կը հաղորդէ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Գարեգին Փաստրմաճեանին (Արմէն Գարօ)` տեղեկացնելով նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի որոշումը: Ան նշած էր, որ այս ճանաչումը` «Ոչ մէկ կերպով կը կանխորոշէ տարածքային սահմանները, որոնք հետագայի սահմանագծման հարցեր են» (6):

4. Ամերիկեան «Տի Այտահօ Ռիփապլիքըն» օրաթերթը, ինչպէս բոլոր ամերիկեան թերթերը, 26 ապրիլ 1920-ին կը յայտարարէ Հայաստանի Հանրապետութեան ճանաչումը: Այս լրատուութեան մէջ առաջին անգամ կը հանդիպինք Քանատայի կողմէ Հայաստանի հովանաւորութեան հաւանականութեան մասին:

Ամերիկայի այս ճանաչման լուրին հետ, առաջին անգամ ըլլալով, կ՛իմանամ քանատական գործօնի մը մասին: Ամերիկեան «Տի Այտահօ Ռիփապլիքըն» օրաթերթը (7) իր 26 ապրիլ 1920-ի թիւին մէջ «ԱՄՆ-ը կը ճանչնայ նոր հանրապետութիւնը. Պաշտօնական ճանաչում տրուած է Հայաստանի կառավարութեան» խորագիրով լրատուութեան մէջ կը նշէ. «Այս արարքը Ամերիկայի պատասխանն է դաշնակից կառավարութիւններու ծրագիրին` հակումին, ոչ անկախ Հայաստան մը Քանատայի հոգատարութեան յանձնելուն: Կը կարծուի, որ այս «միտումին» դրդապատճառը գրգռել էր ԱՄՆ-ը, որ հոգատարութիւնը ի՛նք ստանձնէ: Ճանչնալով Հայաստանի անկախութիւնը` կանխարգիլեց այդ եւ պիտի ստիպէ, որ դաշնակից միւս պետութիւններն ալ ճանչնան ինքնիշխան Հայաստանի անկախութիւնը եւ վերջ տան հոգատարութեան գաղափարին:

ԱՄՆ-ի պետական պատմագիրին կայքէջը հետեւեալը գրած է Հայաստանը ճանչնալու մասին (8). «4-րդ եւ 19-րդ դարերուն միջեւ Հայաստանը գրաւած եւ կառավարած են, այլոց շարքին, պարսիկները, արաբները, բիւզանդացիները, մոնկոլները եւ թուրքերը: Մինչ Հայաստանը օսմանեան տիրապետութեան տակ կը գտնուէր, 1896-ին Միացեալ Նահանգները հիւպատոսութիւն հիմնեց Հայաստանի մէջ` Էրզրում (այժմ` Էրզրում, Թուրքիա): 1904-ին հիւպատոսութիւնը տեղափոխուեցաւ Տրապիզոն, Թուրքիա»: Միացեալ Նահանգներուն համար հայկական վիլայէթները մի՛շտ իբրեւ Հայաստան ճանչցուած են:

«1918-էն մինչեւ 1920 կարճ ժամանակ Հայաստանը դարձաւ անկախ հանրապետութիւն: 1920-ի վերջին խորհրդային Կարմիր բանակի Հայաստան ներխուժումէն ետք իշխանութեան եկան տեղւոյն համայնավարները, իսկ 1922-ին Հայաստանը դարձաւ Անդրկովկասեան Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան մաս:

Այս եղելութիւններն ու Անգլիոյ պարագային յանցաւոր ըլլալու խոստովանութիւնները որեւէ օգուտ չունեցան հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին: Պատերազմը յաղթած Անթանթը եւ պոլշեւիկ Ռուսիան, իսկոյն Թուրքիոյ հետ դաւադրաբար համաձայնելով, կրկին զոհեցին հայութիւնն ու Հայաստանը: Անգլիոյ վարչապետին` «Մեր հիմնական պայմանը խաղաղութեան, որ մենք պէտք է պարտադրենք, հայկական հովիտները ընդմիշտ ազատագրելն է արիւնալի դաժան կառավարումէն, որոնք  ներկուած են թուրքերուն ոճիրներով», չիրականացաւ: Ու մեր այս օրերուն Արցախն ալ զոհ գնաց ցեղասպանութեան:

Արամներու եւ դրոներու օրինակով, անհուն կամքով, հզօր ու մարտունակ, սեփական բանակին ուժին վստահող առաջնորդներն են, որոնք արժանի են հայ ժողովուրդին իղձերն ու ձգտումները իրականացնելու եւ ղեկավարելու ու պաշտպանելու եւ պահպանելու հայ ազգն ու հայրենիքին ամէն մէկ սանթիմ հողը:

22 մայիս 2024

haroutchekijian.wordpress.com

  1. «Կեանքի ուղիներով` դէպքեր, դէմքեր ապրումներ», Սիմոն Վրացեան, Դ. հատոր, երրորդ տպագրութիւն, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2007, էջ 177-182:
  2. The Republic of Armenia, Volume I, Published, under the auspices of the Near Eastern Center, University of California, Los Angeles, University of California Press, Berkeley and Los Angeles, California University of California Press, Ltd. London, England, 1971
  3. https://www.aztagdaily.com/archives/388004
  4. Memoirs Of The Peace Conference, David Lloyd George, Vol. 2, New Haven
    Yale University Press 1939, p 811-8125
  5. https://www.mfa.am/en/history-ministry/
  6. https://history.state.gov/countries/armenia
  7. The Idaho Republican. 26 April 1920:
  8. https://history.state.gov/countries/armenia
Նախորդը

Մի՛ Արթնցնէք…

Յաջորդը

Անմոռանալի Հերոսներ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?