Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մի՛ Արթնցնէք…

May 28, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Լուսաւոր երաժշտութեան նման,
Երազներուս նկարներուն կարօտովը,
Միտքս տառապող հին ցաւերով,
Հոգեկան տեւական պոռթկումով քնացած,
Մի՛ արթնցնէք.
Թո՛ղ երազեմ յարութիւնը ցեղիս:

Դարերու կնճռոտ ճամբաներու վրայ,
Ազգիս էջերէն ջնջուած պատմութիւններով,
Հերոսներու արեան մէջ թաթխուած դրօշակով,
Իբրեւ միակ ճամբորդը երազներուս.
Մի՛ արթնցնէք.
Թո՛ղ երազեմ յաղթանակը ցեղիս:

Միտքս տառապող ազգիս հին ցաւերով,
Ճակատագրի քովէն անցնող ապրումներով,
Ապերախտ աշխարհին մէջ յոյս-լոյս փնտռելով,
Քալելով օրերուս կաղ շարանով.
Կը խնդրեմ, մի՛ արթնցնէք.
Թո՛ղ երազեմ գիտակցութիւնը ցեղիս:

Կուրծքիս վրայ աղօթք մը սեղմելով,
Արդարութեան եւ խաղաղութեան կանչերով,
Իբրեւ թուղթի եւ գրիչի մոլի,
Միշտ ճշմարտութիւն որսալով,
Մի՛ արթնցնէք.
Թո՛ղ երազեմ միասնութիւնը ցեղիս:

Հաւաքելով մտքիս բոլոր թելերը,
Եւ սրտիս խոր տրոփումով,
Նոր լոյսին բացող մտքերով,
Առանց ոսկեհունչ բառերու,
Զիս արթնցուցէ՛ք, կը խնդրեմ.
Արդ, երազած եմ ազգիս նոր արշալոյսը կրկին:

 

 

Նախորդը

Ճգնաժամային Պահը՝ Հայաստանի Մէջ Փախստականներու Նախարարութեան Մը Հիմնումի Անմիջական Հրամայականը

Յաջորդը

Անդրադարձ – 28 Մայիս 2024 Հայաստանի Հանրապետութեան 106-րդ Տարեդարձ. «Ա. Համաշխարհային Պատերազմէն Ետք Ոչ Մէկ Ժողովուրդ Այնպիսի Դժուար Պայմաններու Մէջ Անկախութեան Տիրացաւ, Որքան Հայ Ժողովուրդը»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախութիւն

September 21, 2026
35 Տարի Առաջ.  Հայաստանի Անկախութեան Յայտարարութեան «Ազդակ» Կ՛անդրադառնար Առանձին Խմբագրականով Եւ Լրատուութեամբ
Անդրադարձ

35 Տարի Առաջ. Հայաստանի Անկախութեան Յայտարարութեան «Ազդակ» Կ՛անդրադառնար Առանձին Խմբագրականով Եւ Լրատուութեամբ

September 21, 2026
Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ժ. Դասարանի Հայաստանագնացութիւնը
Անդրադարձ

Համազգայինի Մելանքթոն Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի Ժ. Դասարանի Հայաստանագնացութիւնը

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.