ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Խալիլ փաշան իր առաջին այցելութենէն քիչ ժամանակ ետք, (հոկտեմբեր 1918, ՅՉ) գաղտնի եւ թուագրեալ հեռագիր ուղարկեց: Հեռագիրը կարդացնել տուի, եւ ի յայտ եկաւ, որ ան կ՛ուզէր երկրորդ անգամ այցելել Արամին` Երեւան, բայց անյայտ վայրի մը մէջ եւ բոլորովին գաղտնի, ըսելով, որ Արամին կարեւոր յայտնութիւն մը պիտի կատարէ:
Հեռագիրը հաղորդեցի Արամին: Ան շատ զարմացաւ եւ խորհուրդս հարցուց ոչ թէ ընդունելութեան մասին, որուն համար անմիջապէս իր համաձայնութիւնը տուաւ, այլ` այն մասին, թէ` ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պէտք էր տեղի ունենար:
Ես խորհուրդ տուի այդ տեսակցութիւնը կազմակերպել Երեւանէն դուրս, գիշերուան ժամը երկուքին:
Արամը համաձայնեցաւ եւ իսկոյն, թուագրեալ (ծածկագիր, ՅՉ) եղանակով հեռագրեցի Խալիլին` յայտնելով նշանակուած վայրը (եւ ժամը, ՅՉ):
Խալիլ իր ինքնաշարժով եկաւ Երեւանի կայարանէն կէս ժամ հեռու, ամայի ժամադրավայրը: Բացի Արամէն եւ ինձմէ` ոչ ոք կար այնտեղ:

Խալիլը առաջնորդեցի իր կառքին քովի ինքնաշարժս: Ան յուզուած ու ջղագրգիռ երեւոյթ մը ունէր: Հակառակ ասոր` նորէն ողջագուրեց Արամը եւ ըսաւ. «Ինծի մեծ ծառայութիւն մատուցեցիր»:
Արամը հարցուց, թէ բանը ինչո՞ւմն էր:
Խալիլ մէկական ծխախոտ հանեց եւ Արամին ու ինծի տուաւ: Մենք ըսինք, որ չենք ծխեր, վախնալով, որ մի գուցէ ծխիկները թոյն կը պարունակէին: Բայց Խալիլ նոյն տուփէն ծխեց: Դեռ չէր խօսէր եւ մտատանջ կ՛երեւէր:
Արամը կրկին հարցուց. «Բարեկա՛մ Խալիլ, բանը ինչո՞ւմն է. շատ մտատանջ կ՛երեւիս»:
«Արա՛մ ջան, լուրերը մեզի համար շատ վատ են: Անգլիացիները (եւ ֆրանսացիները, 19 սեպտեմբեր 1918-ին, ՅՉ) հայերուն հետ միասին մեծ հարուած տուած են թրքական բանակին Արարայի մէջ (Պաղեստին, Ռաֆաթ-Արարա բարձունք, 5000 հայ լեգէոնականներ պարտութեան մատնեցին 12000 հաշուող թրքական բանակը, ՅՉ): Թրքական բանակը ջախջախուած է, խառնիճաղանճ խուժանի պէս` ցիր ու ցան եղած: Անգլիացիները մեզի կը հետեւին եւ կը մաքրագործեն թրքական ուժերը:
Պուլկարիան (դաշնակից` գերման-օսմանեան-աւստրօ-հունգարական կողմին, ՅՉ) հաշտութիւն խնդրած է արդէն: Մենք ալ հաշտութիւն պիտի խնդրենք: Ուրիշ ելք չկայ, քանի որ դաշնակից բանակներն ալ Ամերիկայէն եկած ահագին նոր` մեծաթիւ թարմ ուժով յարձակած են Հինտենպուրկեան գիծին (գերման արեւմտեան ճակատի ռազմական պատնէշ, ՅՉ) վրայ, ճեղքած են զայն եւ, գերմանացիներուն մեծ հարուած տուած (սեպտեմբեր 29-10 հոկտեմբեր 1918): Անոնք նոյնպէս յուսահատութեան մատնուած են: Մօտ ատենէն անոնք ալ զինաթափ կ՛ըլլան: Յաղթանակը ձերն է: Մենք որոշած ենք այս ճակատէն (Կովկաս, ՅՉ) բոլորովին հեռանալ եւ Էրզրում (Կարին, ՅՉ) քաշուիլ: Մեր նահանջէն ետք դուք կրնաք գրաւել (վերատիրանալ, ՅՉ) մեր լքած վայրերը: Թերեւս Էրզրումը նաեւ ստիպուինք յանձնել ձեզի: Այս գաղտնիքները ձեզի կու տամ` իբրեւ հին բարեկամ»:

Ես կը զարմանայի, որ թուրք մը այնքա՜ն սրտբաց կերպով, տակաւին մեզի համար անյայտ դէպքերու մասին, այսպիսի կարեւոր տեղեկութիւններ կու տար: Թէեւ, միւս կողմէ, կ՛ուրախանայի, որ վերջապէս պիտի հասնէինք մեր սուրբ նպատակին, բայց չէի կրնար բացատրել, թէ ինչո՞ւ թուրք մը մեզի պիտի յայտնէր այդ բոլորը:
Արամը իր պաղարիւնութիւնը պահելով, մտիկ կ՛ընէր` սպասելով վերջաւորութեան: Խալիլ վերջապէս ըսաւ.
«Արա՛մ ջան, ըսի, որ մենք պէտք է փախչինք: Եւ այդ ճիշդ է: Բայց մէկ բան մեզի, մանաւանդ զիս անձնապէս կը մտահոգէ: Կը վախնամ, որ մեր փախուստի ժամանակ հայերը մեր կռնակէն մեզ կը սպաննեն»:
«Հայերը փախչող զինուորին կռնակէն չեն սպաններ», ըսաւ Արամ:
Ես ուրախացայ, որ Արամը այդ հպարտ եւ ազնիւ պատասխանը տուաւ:
«Արա՛մ ջան, եթէ ամէնքը քեզի պէս ըլլային, այդ ըսածդ ճիշդ կ՛ըլլար: Բայց ի՞նչ կ՛ուզէք… Այնքան բան պատահած է, որ հայերը կրնան շփոթել լաւը վատին հետ: Ես եղած եմ միշտ ձեր բարեկամը: Այդ մէկը դուն գիտես»:
«Այո՛, գիտեմ»:
«Բայց կրնան զիս ալ ուրիշներու պէս նկատել եւ սպաննել: Ես քեզմէ մէկ բան կը խնդրեմ»:
«Ի՞նչ: Պատրաստ եմ կատարելու, եթէ ինձմէ կախեալ է»:
«Քեզմէ պիտի խնդրէի, որ երկու-երեք հայ տրամադրէիր ինծի, որ առանձնապէս զիս առաջնորդէին մինչեւ Էրզրում եւ ըսէին. «Սա մեր բարեկամն է, պէտք չէ վնաս հասցնել անոր»:

Ես կը մտածէի, որ որքա՛ն վատ պէտք է ըլլայ զօրավար մը, որ միայն ի՛նք անձնապէս իր ապահով փախչելուն մասին խորհի` լքելով վտանգի ենթակայ իր բոլոր զինուորները: Բայց կը տեսնէի, որ Արամը չէր նկատեր այդ մէկը եւ կ՛ուզէր ամէն կերպով օգտակար դառնալ իր բարեկամին: Ան վայրկեան մը լռութենէ ետք ըսաւ.
«Խալի՛լ ջան, դարձեալ կը կրկնեմ: Հայը կռնակէն չի կրակեր, մանաւանդ` փախչողի ետեւէն: Բայց խօսք մը ըսիր, որ մտածել կու տայ: Այնքա՜ն շատ զուլում (անիրաւութիւն, աղէտ, մեծ չարիք, ՅՉ) գործուած է (ձեր կողմէ, ՅՉ), որ սրտցաւ հայ մը կրնայ իր վրէժը քեզմէ առնել` առանց նայելու թէ ո՛վ ես, լա՞ւն ես, թէ՞ վատը: Այդ մասին իրաւունք ունիս: Ես չեմ կրնար երաշխաւորել, որ ոչինչ կրնայ պատահիլ: Իսկ քեզի առանձինն առաջնորդելու երեք զինուոր տրամադրելու խնդիրը…»:
Այդտեղ Արամ քիչ մը եւս մտածեց` գետին նայելով եւ ինծի նայելով: Ապա շարունակեց.
«Խալի՛լ, դուն ինծի խնդրանք մը ներկայացուցիր կարեւոր յայտնութիւններ կատարելէ ետք: Ես ալ քեզի յայտնութիւն մը ընեմ եւ խնդրանք մը ներկայացնեմ քեզի իբրեւ հին բարեկամ: Եթէ ընդունիս, այն ժամանակ ես ալ քու խնդրանքդ կատարելու խոստում կու տամ»:
Ես զարմացայ այս սակարկութեան վրայ:
Խալիլ աչքերը բացաւ եւ Արամին նայեցաւ քիչ մը յուսալից, քիչ մը մխիթարուած.
«Արա՛մ, ըսիր, թէ` «Սիրով պատրաստ եմ կատարելու, եթէ ինձմէ կախեալ է»: Ես ալ նոյնը կ՛ըսեմ: Եթէ իմ կողմէս բան մը կայ կատարելիք, քեզի համար սիրով կ՛ընեմ: Խնդրանքդ ըսէ»:
«Խալի՛լ, մեզի համար ամէն բանէ աւելի փամփուշտն է, որ կը պակսի»:
Այս յայտնութեան վրայ ակնարկս Արամի դէմքին վրայ սեւեռեցի: Մտքով ըսել կ՛ուզէի. «Այս ի՜նչ անհեռատեսութիւն է, որ այսպիսի յայտնութիւն կ՛ընես»: Բայց ան առանց ինծի նայելու` շարունակեց.
«Սարդարապատի ճակատամարտին մէջ, եթէ դուք 5-6 ժամ եւս դիմանայիք, մենք կը պարտուէինք, որովհետեւ բնաւ փամփուշտ չէր մնացած»:

Կ՛ուզէի դիտողութիւն ընել, բայց արդէն ուշ էր: Արամը հասկցաւ, որ կը դժգոհէի, բայց դարձեալ շարունակեց.
– «Գիտեմ, որ Կարսի մէջ ահագին փամփուշտ ունիք: Այդ փամփուշտները ամբողջապէս իմ ճշդած վայրս կը յանձնէք: Ստանալէս ետք ես ալ երկու-երեք հաւատարիմ պահակներ կու տամ, որ քեզ առաջնորդեն մինչեւ Էրզրում` ողջ առողջ»:
Յաղթանակ տարած ըլլալու երեւոյթով Արամ հպարտութեամբ ինծի նայեցաւ: (Արամի այս ինքնավստահ առաջարկը Խալիլին դրական նախընթաց մը ունէր, տես` վերջին պարբերութիւնը):
Խալիլ պատասխանեց. «Կարսի այդ փամփուշտները ինչպէ՞ս կրնամ յանձնել ձեզի, քանի որ Կարսի զինուորական հրամանատարը` Քէօր Հիւսէյն փաշան հայերուն ամենամեծ թշնամին է»:
«Կարելին ըրէ, Խալի՛լ, ժամ առաջ Հիւսէյն փաշային հեռացուր այլ վայր: Թող առաջին գործդ այդ ըլլայ: Այնուհետեւ փամփուշտի ամբողջ մթերքը մեզի յանձնէ նշանակած վայրիս մէջ, եւ ես զանոնք ստանալէս ետք անմիջապէս քեզի չորս հաւատարիմ եւ քաջ զինուոր կու տամ, որ քեզ ողջ առողջ Էրզրում առաջնորդեն»:
«Լա՛ւ, կը կատարեմ այդ», ըսաւ Խալիլ եւ, դարձեալ Արամին հետ ողջագուրուելէ ետք, նստաւ իր ինքնաշարժը եւ սլացաւ դէպի թրքական սահման:
Արամին հետ քիչ մը վիճաբանեցայ այդ մասին, Խալիլին մեկնելէն ետք: Բայց Արամը չէր ուզէր լսել որեւէ դիտողութիւն: Ան ինչ որ կը վճռէր, կը կատարէր, լաւ կամ ոչ: Ես իմ դիրքովս բնականաբար չէի կրնար անոր հակառակիլ:
Յաջորդ օրը իմացանք, որ Քէօր Հիւսէյն փաշան փոխադրուած էր արդէն ուրիշ վայր: Նոյն օրն իսկ ստացանք քանի մը սնտուկ փամփուշտ:
«Տեսա՞ր», ըսաւ Արամը:
Ես տակաւին կասկածամիտ էի, քանի որ ոչ թէ միայն չորս սնտուկ փամփուշտ, այլ ամբողջը եւ բոլոր ռազմամթերքը մեզի պէտք էր մնար, եթէ պիտի կատարուէր Խալիլին խոստումը:
Երկրորդ օրն ալ եկան բաւական քանակութեամբ սնտուկներ եւ խնդրանք` Արամին յիշեցնող իր խոստումը: Արամը նոյն օրն իսկ հրահանգեց իր չորս քաջ զինուորներուն` Խալիլ փաշան ողջ առողջ Էրզրում հասցնել»: Վերջ Շահխաթունիի յուշագրութեան:
Ռուբէն «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» եօթներորդ հատորին մէջ հետեւեալը կը վկայէ, թէ` Խալիլի առաջին այցելութենէն ետք, նմանապէս` «Արամի անձնական կապին շնորհիւ, Խալիլ փաշան Հայաստանին շնորհեց 25 հազար փութ (409500 քիլօ, կամ 409.5 թոն. ռուսական հին ծանրութեան չափ` մէկ փութ=16 քիլօ 380 կրամ) ցորեն` գաղթականներուն համար եւ հրահանգեց Բաշ Գեառնի շրջանի Միլլի ձորին մէջ բնակող թաթարներուն` հեռանալ (դէպի) տաճկական հողեր, հայ գաղթականներուն տեղ բանալու համար: Ահա այս երկու դրական կարգադրութիւններէն օգտուեցաւ Հայաստանը: Եկած ցորենը բաժնուեցաւ սովահարներուն: Իսկ Միլլի ձորը զօրքով եւ թնդանօթներով դատարկուեցաւ թաթարներէն» (4):
17 փետրուար 2018
(Շար. 3)
—————————————–
(3) «Արամը», հրատարակութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան, 1969, տպարան Համազգային, Պէյրութ, էջ 495-507:
(4) «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Ռուբէն Տէր Մինասեան, 7-րդ հատոր, Բ. հրատարակութիւն, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 1979, Պէյրութ, էջ 145-146:
* Ծանօթ` դժբախտաբար այս եւ այլ յուշագրութիւններու մէջ կը պակսին լրիւ անուններ` անուն-մականուն եւ թուականներ. կարելի միջոցներով երբեմն կը յաջողինք ամբողջացնել եւ վերականգնել պատմութիւնը, նաեւ` լուսանկարներով:


