Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անմոռանալի Հերոսներ

May 28, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԵՒԻԿ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղ

Մեր պատմութիւնը լի է խոնարհ եւ  ծանօթ հերոսներով: Հերոսներ, որոնք իրենց կեանքը զոհած են յանուն հայրենիքին,  յանուն ազգին: Շուտով մայիս 28 կը տօնենք: Առաջին հանրապետութիւնը` Ցեղասպանութենէն ետք, ի՜նչ մեծ պատիւ, ի՜նչ մեծ իրագործում: Այս յաղթանակը կերտած են հերոսներ` Դրօ, Արամ Մանուկեան, եւ ուրիշներ, որոնց սխրագործութիւններուն մասին բաւական լսած ենք: Մախլուտոն, այն քիչ հերոսներէն է, որուն մասին շատ չենք լսած` հակառակ անոր կատարած հսկայական գործին: Բուն անունը Սմբատ Բորոյեան էր, զինք «Տարօնի առիւծ» կը կոչէին: Մասնակցած է բազմաթիւ կռիւներու` Առաքելոց վանքի, Սասունի, Զանգեզուրի եւ ուրիշ շա՜տ ու շա՛տ քաղաքներու ինքնապաշտպանութեան մարտերու: Բացառիկ քաջութիւն կը ցուցաբերէր, Ղարաքիլիսէի ճակատամարտին յատկապէս` Սեւանայ լիճի արեւելեան ափերը` Հայաստանի սահմանամերձ շրջանները թուրքերէն պաշտպանելու: Իր փափաքին համաձայն, Սուրբ Գայեանէ վանքի բակը, Խենթին քով թաղուած է: Աւելի առաջ 1900-ականներուն, Մախլուտոն սերտօրէն գործակցած է Անդրանիկի եւ Հրայր Դժոխքին հետ:

Մերօրեայ հերոսները ինչպէ՞ս  չազդուէին այս խոնարհ, բայց բազմաթիւ մարտերու մասնակից հերոսներէն: Շուշիի ազատագրման հերոսներէն Դուշման Վարդանը անոնցմէ մէկն էր: Մենք շատ կը լսենք տարբեր տարբեր ֆետայիներու, նահատակներու մասին, բայց երբ իրենց պարագաներուն ծանօթ ըլլանք, տարբեր ազդեցութիւն կ՛ունենայ մեր վրայ:

Տարիներ առաջ, երբ տակաւին փոքր էի, Երեւանի մէջ առիթը ունեցած էի ծանօթանալու Վարդանին մօր`  տիկին Զարիկին: Մինչեւ հիմա կը յիշեմ անոր ճերմակ մազերը, կարմիր երեսները եւ փայլող աչքերը:Կը խօսէր իր զաւկին մասին, թէ ինչպէ՛ս հանգիստ չէր մնար տունը, թէ ինչպէ՛ս լեռները կը վազէր եւ ուշ տուն կու գար: Ինքը գիտէր, որ Վարդանը նահատակուելու էր, որովհետեւ անոր մէջի կրակը շատ զօրաւոր էր: Երբեք չեմ մոռնար այս խօսքերը, նաեւ` տիկին Զարիկին տաք ձեռքերը` ձեռքերս բռնած: Ամէն անգամ որ Վարդանի յաղթական զէնքը բարձրացուցած ձեռքը տեսնեմ, կը յիշեմ իր մայրը եւ իր տուած թանկարժէք նուէրը մեր հայրենիքին:

Մախլուտոյի եւ Դուշմանի պէս հերոսներ ունեցող ազգ ենք: Չե՛նք ընկրկիր, չե՛նք յուսահատիր, մեր զէնքերը երբեք վար չենք դներ:

 

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ – 28 Մայիս 2024 Հայաստանի Հանրապետութեան 106-րդ Տարեդարձ. «Ա. Համաշխարհային Պատերազմէն Ետք Ոչ Մէկ Ժողովուրդ Այնպիսի Դժուար Պայմաններու Մէջ Անկախութեան Տիրացաւ, Որքան Հայ Ժողովուրդը»

Յաջորդը

Օրհասական Վերածնունդ

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.