Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կալուզին. «Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութիւնը Փաստացի Վերածուած Է Արեւմտեան Կիսառազմական Գործողութեան` Կասկածելի Նպատակներով»

May 16, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ մտավախութիւնները հաստատուած են` Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը փաստացի վերածուած է արեւմտեան կիսառազմական գործողութեան` ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու ներգրաւումով եւ կասկածելի նպատակներով: Այս մասին ռուսական «Նիուզ» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին:

«Ատոր անձնակազմը արդէն առնուազն երկու անգամ աւելցուած է, եւ նոր յենակէտներ կը բացուին: Բոլորովին վերջերս Երեւանին պարտադրուած է Եւրոպական Միութեան ներկայութեան կարգավիճակի մասին համաձայնագիր, որ առաքելութեան կու տայ առաւել բարենպաստ պայմաններ եւ Հայաստանի տարածքին մէջ գործելու ազատութիւն:

«Այն, որ առաքելութիւնը կը հանդիսանայ Եւրոպական Միութեան խառնածին պատերազմի գործիք, կը հաստատեն ատոր գաղտնիութիւնը, հաշուետուողականութեան բացակայութիւնը եւ վերահսկողութեան բացակայութիւնը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ այլ շահագրգիռ երկիրներու եւ կառոյցներու կողմէ:

«Առաքելութիւնը բացայայտ սադրիչ գործունէութիւն կը ծաւալէ, ամբողջութեամբ կը զբաղի հակառուսական քարոզչութեամբ` հայ հասարակութեան մէջ կեղծ գաղափարներ սերմանելով Եւրոպական Միութեան` իբրեւ Հայաստանի «անվտանգութեան եւ բարգաւաճման աղբիւրի» մասին:

«Աւելի՛ն, Եւրոպական Միութեան գործունէութիւնը հետզհետէ կը ստանայ հակաազրպէյճանական եւ հակաիրանեան բնոյթ: Եթէ խօսինք երկարաժամկէտ շրջանային անվտանգութեան, կայունութեան եւ ընկերային-տնտեսական զարգացման խնդիրներու մասին, ապա շրջանը ռազմականացնելու եւ այնտեղ Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի ռազմաքաղաքական ազդեցութիւնը ընդլայնելու արեւմտեան երկիրներու ծրագիրները լիովին անհամապատասխան են անոնց:

«Հարաւային Կովկասի բարգաւաճման բանալին ներառական երկխօսութիւնն է, մասնաւորաբար «3+3» խորհրդատուական շրջանային հարթակի ծիրին մէջ, ի յայտ եկած խնդիրներու պատասխաններու միացեալ որոնումը եւ արտաշրջանային ուժերու աշխարհաքաղաքական թելադրանքին հակազդելը», ըսած է Կալուզին:

Լրագրողը յիշեցուցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութիւնը, որ Պաքուն եւ Երեւանը աւելի քան երբեւէ մօտ են խաղաղութեան, սակայն այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին շուրջ տարակարծութիւնները կը պահպանուին:

«Կը խնդրենք նկատի ունենալ, որ մենք չենք օգտագործեր «Զանգեզուրի միջանցք» եզրը: Ռուսիան հանդէս կու գայ ոչ թէ որեւէ որոշակի երթուղիի ստեղծման, այլ Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ամբողջական ապաշրջափակման օգտին: Ճիշդ ատով կը զբաղի 2021 թուականին Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու որոշումով ստեղծուած եռակողմ աշխատանքային խումբը` երեք երկիրներու փոխվարչապետներու միացեալ նախագահութեամբ», ըսած է Կալուզին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը, անդրադառնալով Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու առաքելութեան, յայտնած է. «Ռուս խաղաղապահները կատարած են ամէնէն կարեւորը, որ պէտք չէ մոռնալ` անոնք խաղաղութիւն եւ կայունութիւն բերած են հակամարտային շրջան»:

«Սեպտեմբերեան իրադարձութիւնները (19 սեպտեմբեր 2023-ին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի յարձակումը, «Ա.») անհիմն տեղի չեն ունեցած: Հայաստանի իշխանութիւնները հոկտեմբեր 2022-ին Փրակայի մէջ Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ կայացած վեհաժողովի ընթացքին ճանչցած են Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ներառեալ Ղարաբաղը ատոր կազմին մէջ: Ընդ որում, Երեւանը մեզ այդ մասին չէ տեղեկացուցած:

«Այդ ժամանակ շրջանի հայ բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման հարց չէ քննարկուած: Ի հարկէ, Ղարաբաղի վերաբերեալ Հայաստանի ղեկավարութեան այս որոշումը արմատապէս փոխեց այն հիմնարար պայմանները, որոնց պարագային ստորագրուած էր 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմ յայտարարութիւնը, եւ ատիկա ուղղակիօրէն ազդեց խաղաղապահներուն գործունէութեան վրայ», ըսած է Կալուզին:

Նախորդը

Ազրպէյճանի Դատարանը 5 Ամիսով Երկարաձգեց Արկադի Ղուկասեանի Եւ 2 Այլ Պաշտօնատարներու Կալանքը

Յաջորդը

Զախարովա. «Հայաստանի Մէջ Զանգուածային Ձերբակալութիւններու Լոյսին Տակ Քար Լռութիւն Է, Իսկ Վրաստանի Պարագային Ուաշինկթընն Ու Պրիւքսելը Ցուցարարներու Պատճառով Ամէն Օր Կը Յարձակին Իշխանութիւններուն Վրայ»

RelatedPosts

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպեցաւ Եւրոպայի  Ընկերվարականներու Կուսակցութեան  Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալին
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպեցաւ Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութեան Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալին

October 16, 2026
Ալիեւ. «Եւրոպական Խորհրդարանը Մշտապէս  Կը Թիրախաւորէր Շարունակուող Յարձակումի Զոհ  Դարձած Ազրպէյճանը Եւ Կը Խրախուսէր  Նախայարձակը` Հայաստանը»
Հայկական

Ալիեւ. «Եւրոպական Խորհրդարանը Մշտապէս Կը Թիրախաւորէր Շարունակուող Յարձակումի Զոհ Դարձած Ազրպէյճանը Եւ Կը Խրախուսէր Նախայարձակը` Հայաստանը»

October 16, 2026
Իշխան Սաղաթէլեան Եւրոպական Խորհրդարանի  Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հայաստանի  Եւրոպական Համարկման Գործընթացը
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեան Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հայաստանի Եւրոպական Համարկման Գործընթացը

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.