Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Հայաստանի Մէջ Զանգուածային Ձերբակալութիւններու Լոյսին Տակ Քար Լռութիւն Է, Իսկ Վրաստանի Պարագային Ուաշինկթընն Ու Պրիւքսելը Ցուցարարներու Պատճառով Ամէն Օր Կը Յարձակին Իշխանութիւններուն Վրայ»

May 16, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ատիկա գերիշխան պետութեան ներքին գործն է: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա այսպէս մեկնաբանած է Հայաստանի մէջ սկսած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումն ու բողոքի ցոյցերը:

Ան համեմատած է Արեւմուտքի արձագանգները Վրաստանի մէջ այսպէս կոչուած «օտարերկրեայ գործակալներու մասին» օրինագիծին դէմ սկիզբ առած բողոքի ցոյցերուն եւ Հայաստանի մէջ սկսած շարժումին նկատմամբ:

«Գիտէք` մենք միշտ կ՛ըսենք, որ այս կամ այն երկրին մէջ ներքաղաքական կեանքը գերիշխան պետութեան ներքին գործն է: Սակայն տուեալ պարագային Արեւմուտքի արձագանգը կ՛ապշեցնէ իր կայունութեամբ: Հարցը այն է, որ խօսքը հերթական երկակի չափանիշերու մասին է, եւ այս օրինակը լաւագոյնս կը ցուցադրէ այդ ամէնը: Տեսէ՛ք` Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական ներկայացուցիչները բառացիօրէն ամէն օր կը յարձակին Վրաստանի իշխանութիւններուն վրայ` իբրեւ թէ ցուցարարներուն նկատմամբ դաժան վերաբերմունքին համար… Իսկ ի՞նչ կը տեսնենք Հայաստանի պարագային. Արեւմուտքի քար լռութիւնը երկրին մէջ տեղի ունեցող զանգուածային ձերբակալութիւններու լոյսին տակ. այնտեղ նոյնպէս բիրտ ուժ կը կիրարկուի: Կարծէք թէ Արեւմուտքը մէկ կոճակը անջատած է», ըսած է Զախարովան:

«Արեւմտեան յայտնի լրատուամիջոցները հրահանգով կը թեժացնեն Վրաստանի ցոյցերու նիւթը, այնպիսի մակարդակի տեղեկագրութիւններ կը պատրաստեն, որ ցուցարարները իբրեւ հերոսներ կը ներկայացնեն, իբրեւ ցուցարարներ, որոնք կը գործեն օրէնքի ծիրին մէջ, կը ներեն անոնց ամէն իրաւախախտում եւ անոնց որեւէ հակաօրինական գործողութիւն կ՛արդարացնեն», ընդգծած է ան:

«Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ բազմահազարանոց բողոքի ցոյցերուն, ապա արեւմտեան յառաջատար լրատուամիջոցները կարծես թէ ատոնք ստուերի մէջ կը ձգեն` ձեւացնելով, որ այնտեղ ոչինչ տեղի կ՛ունենայ: Կամ ալ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող այս զարգացումները արեւմտեան լրատուամիջոցները կը մատուցեն իբրեւ հայ ժողովուրդի կամքը չարտայայտող եւ իբրեւ թէ դուրսէն համակարգուող իրադարձութիւն», ըսած է Զախարովա:

Նախորդը

Կալուզին. «Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութիւնը Փաստացի Վերածուած Է Արեւմտեան Կիսառազմական Գործողութեան` Կասկածելի Նպատակներով»

Յաջորդը

Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու Տունը Միաձայնութեամբ Որդեգրած Է 24 Ապրիլը Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր Հռչակող Օրինագիծը

RelatedPosts

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպեցաւ Եւրոպայի  Ընկերվարականներու Կուսակցութեան  Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալին
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպեցաւ Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութեան Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալին

October 16, 2026
Ալիեւ. «Եւրոպական Խորհրդարանը Մշտապէս  Կը Թիրախաւորէր Շարունակուող Յարձակումի Զոհ  Դարձած Ազրպէյճանը Եւ Կը Խրախուսէր  Նախայարձակը` Հայաստանը»
Հայկական

Ալիեւ. «Եւրոպական Խորհրդարանը Մշտապէս Կը Թիրախաւորէր Շարունակուող Յարձակումի Զոհ Դարձած Ազրպէյճանը Եւ Կը Խրախուսէր Նախայարձակը` Հայաստանը»

October 16, 2026
Իշխան Սաղաթէլեան Եւրոպական Խորհրդարանի  Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հայաստանի  Եւրոպական Համարկման Գործընթացը
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեան Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հայաստանի Եւրոպական Համարկման Գործընթացը

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.