Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»

August 19, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահի Հայաստան այցելութեան նպատակը Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական քարտէսի անփոփոխութեան ապահովումն է: Այս մասին Իրանի պետական ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը վերստին ընդգծած է, թէ Թեհրան կը շարունակէ կտրուկ կերպով դէմ ըլլալ այս շրջանին մէջ սահմաններու որեւէ փոփոխութեան կամ օտարերկրեայ զինուորական ներկայութեան:

Նախարար Արաղչիի համաձայն, նախագահ Փեզեշքիանի Երեւան այցելութիւնը կարելիութիւն պիտի տայ վերահաստատելու Իրանի մտահոգութիւնները, որոնք են` «շրջանի աշխարհաքաղաքականութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն տեղի պիտի չունենայ, օտարերկրեայ ուժեր չմտնեն շրջան»:

Ապպաս Արաղչի նաեւ ընդգծած է, որ Իրանի աշխարհաքաղաքական փոփոխութեան սահմանումը վերացական չէ:

«Աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններով մենք նկատի ունինք միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու փոփոխութիւն, սահմաններու տեղաշարժ կամ շրջանային պետութիւններու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան խաթարում», բացատրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարը` զգուշացնելով, որ Թեհրան «նման բան պիտի չընդունի»:

 

Նախորդը

Փաշինեան. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Տարածքներ Ունին Միմեանց Վերահսկողութեան Ներքեւ, Այս Հարցը Պէտք Է Լուծուի Սահմանազատումով»

Յաջորդը

Փեզեշքիան. «Դրացի Երկիրները Առաջնահերթութիւն Են Յարաբերութիւններու Կառուցման Եւ Զարգացման Համար»

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.