18 օգոստոսին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ժողովուրդին ուղղած իր ուղերձին մէջ յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատուած է, եւ թէ «օգոստոսի 8-էն ետք մենք կ՛ապրինք բացարձակապէս ուրիշ Հարաւային Կովկասի մէջ, բացարձակապէս ուրիշ Հայաստանի մէջ: Մենք գործնականօրէն զերոյէն պէտք է սորվինք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ խաղաղ ապրիլ»:
Ան ըսաւ, որ ուաշինկթընեան համաձայնութիւններէն ետք, աւելի քան 30-ամեայ շրջափակումէ ետք Հայաստանը կ՛ապաշրջափակուի, իսկ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու եւ Հայաստանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Ազրպէյճանի ինքնիշխան տարածքներու հարցը պիտի լուծում ստանայ սահմանազատման գործընթացով:
Փաշինեան ըսաւ նաեւ, որ` «առանց Ղարաբաղի հարցը փակելու խաղաղութիւն կարելի չէ, եւ Ղարաբաղէն տեղահանուածներու վերադարձին վերաբերող անոնց պատկերացումները իրատեսական չեն»:
Խօսելով Ազրպէյճանի մէջ գտնուող գերիներուն մասին` Փաշինեան պաշտպանեց իր այն տեսակէտը, որ այս հարցը պէտք չէ ներառուի համաձայնագիրներուն մէջ. «Խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրի բանակցութիւնները սկսած են 2022 թուականի գարունէն, եւ մենք այդ հարցը համաձայնագիրին մէջ ներառելու լրջագոյն ջանքեր գործադրած ենք: Բայց որքան երկարաձգուած են բանակցութիւնները, հասկցած ենք, որ Ազրպէյճանի մէջ անազատութեան մէջ պահուող մեր հայրենակիցներու հարցը համաձայնագիրի բնագիրին մէջ ներառելը կրնայ մեկնաբանուիլ, թէ անոնց վերադարձը համաձայնագիրի ստորագրումէն եւ վաւերացումէն յետոյի հարց է, իսկ մենք այդ կանխավարկածով չենք առաջնորդուած ու չենք առաջնորդուիր: Եւ այդ կանխավարկածով չառաջնորդուելու բերմամբ է, որ Խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին շուրջ բանակցութիւններու մեկնարկէն ի վեր մեր 58 հայրենակիցներ վերադարձած են գերութենէ, եւ եթէ հարցը ձգուած ըլլար Խաղաղութեան համաձայնագիրին, այդ կրնար եւ տեղի չունենալ եւ մեծ հաւանականութեամբ տեղի պիտի չունենար: Այժմ ալ դիւանագիտական ահռելի աշխատանք կը կատարուի այդ խնդիրը ըստ կարելւոյն արագ լուծելու համար, ինչի արտայայտութեան վերջերս ականատես եղաք»: