Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պորթնիքով. «Ռուս Սահմանապահներու Ժամանակաւոր Խումբերը Հայաստանի Հանրապետութենէն Դուրս Պիտի Բերուին»

May 15, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւան խնդրած է դուրս բերել ռուս սահմանապահներու ժամանակաւոր խումբերը, այս որոշումը ընդունուած է, հաստատած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան ղեկավար Ալեքսանտր Պորթնիքով:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը գրէ, որ ան աւելցուցած է, որ որոշ սահմանապահներ պիտի մնան, անոնք պիտի պահպանեն Հայաստանի սահմանը Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ:

«Միեւնոյն ժամանակ, ռուս սահմանապահները կը մնան Հայաստանի մէջ եւ պիտի պահպանեն Հայաստանի սահմանը Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ: Յառաջիկային պիտի փակենք Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանի սահմանային անցակէտը», ըսած է ան:

Ռուս Սահմանապահները Ներքին
Հանդի Մէջ Չեն Հսկեր Անցուդարձին

Ներքին Հանդի գիւղապետ Խաչատուր Բաղդասարեանի համաձայն, 12 մայիսին նկատած են, թէ ռուս սահմանապահները ինչպէ՛ս կը հաւաքեն դաշտային մալուխները: Ինչպէս կ՛ենթադրէ համայնքապետը` հաւանաբար հեռանալու նպատակով:

Մէկ օր ետք կէսօրին, «Ազատութիւն»-ի տեսախցիկը Ներքին Հանդի սկզբնամասին մէջ արձանագրած է, որ ռուսական անցակէտին վրայ քանի մը ռուս զինուորներ կան, որոնք արդէն կից դիտակէտէն չեն հսկեր անցուդարձին:

Անցակէտի մուտքին մօտ նաեւ հաւաքուած մալուխներ եղած են:

Ռուս սահմանապահները այս տարածքներուն մէջ տեղակայուած էին 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ:

Վերջերս նախագահ Փութինի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով հաստատած էր, որ Հայաստանի շարք մը մարզերէն ռուս զինուորներու եւ սահմանապահներու դուրսբերման շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է 8 մայիսին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու հանդիպումին ընթացքին:

Ռուսական կողմին համաձայն, «Երեւանի խնդրանքով ռուս սահմանապահները պիտի շարունակեն մնալ հայ-թրքական եւ հայ-իրանեան սահմանին վրայ»:

Հայաստանի իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղարը նախքան այդ յստակացուցած էր, որ ռուս սահմանապահները դուրս պիտի գան Գեղարքունիքի, Սիւնիքի, Տաւուշի, Արարատի եւ Վայոց Ձորի մարզերէն, ինչպէս նաեւ «Զուարթնոց» օդակայանէն:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Պիտի Նախագահէ Խորհրդարանի Լիագումար Նիստին

Յաջորդը

Պայրամով. «Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Պէտք Չէ Բաց Կէտեր Ունենայ»

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.