Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով իր հայաստանցի պաշտօնակիցին հետ վերջին բանակցութիւններու արդիւնքները որակած է «դրական»` մերժելով, սակայն, մանրամասնութիւններ յայտնել: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը` յղում կատարելով ազրպէյճանական «Ռիփորթ» կայքին:
Պայրամով ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Մալթայի արտաքին գործոց նախարար Եան Պորճի հետ Պաքուի մէջ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է. «Ինչ կը վերաբերի խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններուն, ըսեմ, որ փետրուարէն աշխուժ բանակցութիւնները վերսկսած են: Ատկէ առաջ փաստաթուղթերու եւ պայմաններու փոխանակումներ տեղի ունեցած են, սակայն դէմ առ դէմ հանդիպում չեղաւ, թէեւ հոլովոյթը շարունակուեցաւ Միւնիխի, Պերլինի եւ Ալմաթիի մէջ:
«Վերջին հանդիպումին ընթացքին մեծ քննարկում տեղի ունեցած է, թէեւ չեմ ալ ուզեր մանրամասնել, սակայն բանակցութիւնները դրական կը գնահատեմ»:
Ըստ անոր, երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը պէտք է ներկայացնէ փաստաթուղթ մը, որ բաց կէտեր պիտի չունենայ եւ պիտի չներառէ հարցեր, որոնք որոշ ժամանակ ետք կրկին բանակցութիւններու նիւթ պիտի դառնան:


