Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսան Տուն Կանչեց Ազրպէյճանի Մէջ Իր Դեսպանը

Ապրիլ 18, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փարիզ յայտարարեց, որ խորհրդակցութիւններու նպատակով տուն կանչած է Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, որոշումին պատճառը «վերջին ամիսներուն Ազրպէյճանի միակողմանի գործողութիւններն են, որոնք վնաս հասցուցած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ այդ առնչութեամբ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնը 16 ապրիլին ընդունած է դեսպան Անն Պուայոն:

«Ան (Մաքրոնը, «Ա.») ափսոսանք յայտնած է Ազրպէյճանի գործողութիւններուն նկատմամբ եւ ցանկութիւն յայտնած լսելու ազրպէյճանական կողմի բացատրութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛աւելցնէ, որ Ֆրանսան կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման` միեւնոյն ժամանակ յարգելով միջազգային օրէնքը եւ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը:

Ազրպէյճանի Արձագանգը

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ, արձագանգելով Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը տուն կանչելու Փարիզի քայլին, յայտնած է. «2020-ի պատերազմէն ետք Ֆրանսայի ակնյայտ հակաազրպէյճանական քայլերը յայտնի են բոլորին»:

«Թէեւ ֆրանսական կողմը Ազրպէյճանը կը մեղադրէ միակողմանի գործողութիւններու մէջ, սակայն Ազրպէյճանի քայլերն ու Ֆրանսային ուղղուած պաշտօնական յայտարարութիւնները միայն պատասխան էին Ֆրանսայի ապակառուցողական գործունէութեան», ըսած է Հաճիզատէ:

«Հակառակ մեր երկիրին դէմ զրպարտիչ արշաւին, մենք միշտ երկխօսութեան համար դռները բաց պահած ենք», եզրափակած է ան:

Նախորդը

Լիբանանի Գծով Միջազգային Հնգեակի Խորհրդակցութեանց Ծիրին Մէջ. Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի. «Պէտք Է Դիմենք Երկխօսութեան Ու Անոր Խորքն Ու Ձեւը Մենք Պէտք Է Որոշենք»

Յաջորդը

Ռուս Խաղաղապահներու Արցախէն Դուրսբերման Հոլովոյթը Սկսաւ

RelatedPosts

Թիրանայի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում
Հայկական

Թիրանայի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում

Մայիս 17, 2025
Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պաքուի  Եւ Երեւանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնութեան  Շուտափոյթ Ստորագրման Կը Սպասէ»
Հայկական

Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնութեան Շուտափոյթ Ստորագրման Կը Սպասէ»

Մայիս 17, 2025
Հաճիզատէ. «Հայաստանի Զինանշանը  Դրացիներուն Նկատմամբ Տարածքային  Պահանջներ Կ՛արտացոլէ»
Հայկական

Հաճիզատէ. «Հայաստանի Զինանշանը Դրացիներուն Նկատմամբ Տարածքային Պահանջներ Կ՛արտացոլէ»

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?