Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զատիկը՝ Յոյսի Վառ Խորհրդանիշ

Մարտ 29, 2024
| Յօդուածներ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տ․ ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ․ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Հայ մամուլի յարգարժան ներկայացուցիչներ, սիրելի՛ հարազատներ եւ բարեկամներ, Այսօրուան աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ տիրող կործանարար պատերազմներու եւ սուր հակամարտութիւններու օրերուն, բոլորս միասնաբար պիտի ուզենք անձկագին դիմել Քրիստոսով մեզի շնորհուած յոյսի աղբիւրին: Ս. Զատիկը՝ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը, մեզի կը յիշեցէ, մեր կեանքի նոյնիսկ ամենամութ պահերուն, հաւատքի եւ փրկութեան անստուեր լոյսը, որ կը շողայ մեր հոգիի երկնակամարին վրայ։

Հակառակ մեր առջեւ ծառացած պատերազմներուն եւ նիւթաբարոյական բազմատեսակ մարտահրաւէրներուն, մենք պէտք չէ կորսնցնենք հաւատքը նամանաւանդ աւելի լաւ ապագայի մը հանդէպ: Քանզի մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը կը խորհրդանշէ կեանքին յաղթանակը մահուան դէմ ու մեզ կը ներշնչէ այն ամուր երաշխիքով, որ կեանքը աւելի զօրեղ է, քան իւրաքանչիւր արհաւիրք, կործանում եւ յուսահատութիւն:

Ամէն խաչ մեզ դէպի լոյս կ’առաջնորդէ, դէպի նոր կեանք, եւ իւրաքանչիւր Աւագ ուրբաթ՝ դէպի նորահրաշ Ս. Զատիկ։ Քրիստոնէութեան անիմանալի խորհուրդն է այս, որ հաւատազգած մարդիկ, թէկուզ իրենց ամենախոր տանջանքներուն եւ ամենասեւ գիշերուան մէջ, իրենց բոլոր դժուարութիւններուն եւ տառապանքներուն ընդմէջէն յանկարծ իրենց ներսիդին կը զգան յարուցեալ Քրիստոսի փրկարար եւ իրական ներկայութիւնը։

Թող այս տարուան Զատիկը մեզ կրկին յորդորէ, որ մեր պապերուն մեզի աւանդած հաւատքին եւ յոյսին շնորհիւ մենք մեր հոգիին խորքը ունինք մշտանորոգ եւ անսպառ ներուժ մը՝ միշտ յարատեւելու եւ անխախտ շարունակելու մեր ազգային գոյապայքարը նոյնիսկ մեր դէմ ծառացած ներհակ ուժերուն՝ յանուն խաղաղ կեանքի, սիրոյ եւ արարչագործ աշխատանքի։

Զատկական յառաջիկայ տօնակատարութեան այս ոգիով տոգորուած՝ ձեզի կը յղեմ իմ սրտաբուխ եւ ամենաջերմ շնորհաւորանքները։ Թող մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան բերկրանքը լեցնէ ձեր սիրտը եւ տայ ձեզի քաջութիւն ու յոյս ապագայի նկատմամբ։

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց – Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։

Ամենայն բարեաց մաղթանքով մնամ ձերդ՝
Տ․ ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ․ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Ժընեւ, Ս․ Զատիկ 2024

 

Նախորդը

Իսրայէլ Ռաֆահի Դէմ Գործողութեան Կը Նախապատրաստուի

Յաջորդը

Միքաթի – Մելոնի Հանդիպում

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?