Այս ամրան տեղի ունենալիք Փարիզի Ողիմպիական մրցումներու մասնակցութեան տոմս շահեցաւ լիբանանցի մարզիկ Լեթիսիա Աուն` թայքուանտոյի մրցումներուն:
Արդարեւ, Աուն, որ կը մասնակցէր Ասիոյ թայքուանտոյի ախոյեանութեան 57 քկ կշիռի մրցումներուն, իր տոմսը շահեցաւ կիսաւարտականին յաղթելէ ետք իր մրցակիցին:
Աուն այս ձեւով միացաւ Ռէյ Պասիլին, որ նշանառութեան ախոյեանն է, եւ ճիտոյի մարզիկ ռուս-լիբանանցի Քրամինովին: Անոնք պիտի մասնակցին ամառնային ողիմպիականին:
Աուն Տամուրի շրջանէն պարմանուհի մըն է, որ մաս կը կազմէ Մոն Լա Սալ ակումբին, նախապէս շատ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգած է միջազգային եւ ցամաքամասային մրցաշարքերու:


