Վրաստանի վարչապետը հանդիպում ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի դեսպաններուն հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Կրուզիա»-ն:
«Իրաքլի Քոպախիծէն Աշոտ Սմբատեանի եւ Ֆայիկ Կուլիեւի հետ քննարկած է շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող կացութիւնը` ընդգծելով խաղաղութեան եւ կայունութեան կարեւորութիւնը:
«Վրաստանի վարչապետը անոնց հետ խօսած է նաեւ ռազմավարական գործընկերութեան, երկիրներու միջեւ սերտ բարեկամական յարաբերութիւններու եւ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հետագայ խորացման կարեւորութեան մասին»:


