Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան պահպանումը Թուրքիոյ առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Թուրքիոյ ղեկավարը ցանկութիւն յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեամբ շրջանին մէջ նոր դարաշրջան կը սկսի:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան «Անատոլու»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, որ երկու կարեւոր հարցերու շուրջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մօտեցումները տարբեր են:
«Այդ խնդիրներէն առաջինը կապուած է երկու երկիրներու սահմաններու որոշման սկզբունքներուն, իսկ միւսը` շրջանային հաղորդակցութեան եւ փոխադրամիջոցային գիծերու ապաշրջափակման», ըսած էր ան:


