Հայաստան եւ համաշխարհայնացած սփիւռք(ներ), համագումար` հայ ժողովուրդը, օրնիբուն վէճի հանդէս կը խաղան հայրենիք Հայաստանի կորուստէն փրկուած հողակտոր հանրապետութեան տէր ըլլալու, անոր ճակատագիրը որոշելու եւ զայն ղեկավարելու համար: Այդ հողակտորը փոքրիկ առուի մը կը նմանի, որ ազգը, կամ ինչ որ մնացած է, կ՛ոռոգէ, պէտք է ոռոգէ, տոկալու եւ տեւելու համար անով պէտք է ոռոգուի: Որպէսզի ան իր դերը կատարէ, «պարտիզպան»-ը խոհեմութեամբ պէտք է օգտագործէ առուն, չմսխէ եւ ճիշդ ուղղութիւն տայ անոր, որպէսզի ջուրը կեանք ստեղծէ:
Ի՞նչ կ՛ընենք: Վազած ենք դէպի առուն, մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ուզած ուղղութիւնը կու տայ առուին, եւ ջրտուքը կը դառնայ աւար բաժնելու կագ ու կռիւ, եւ ազգի արտին ջուր չի հասնիր: Ամէն մարդ մշակ չէ: Եթէ փականագործը, վարսավիրը, բանաստեղծը կամ բժիշկը զբաղին ջրտուքով, առուն թեքեն աջ կամ ահեակ, արտերը կը չորնան, գիւղացին կը մատնուի սովի: Մշակը մշակ է, երաժիշտը` երաժիշտ, զինուորը` զինուոր: Երբ ամէնքը ջրտուքով զբաղին, հողակտոր փոքրիկ առուի նմանող Հայաստանը կը չորնայ:
Այս մասին կը մտածեմ ամէն օր, երբ հանրապետութեան հեռատեսիլի երկու ալիքներու լուրերուն կը հետեւիմ եւ պատկերները կը դիտեմ, կը կարդամ Հայաստանի եւ սփիւռքի թերթերը, որոնց վրայ կը գումարուի համացանցի անդուռ դաշտին վրայ խճողում ստեղծող ներազգային խծբծանքներու աղմկարարութիւնը: Այնքա՜ն բացասական բաներ կ՛ըսուին ազգին, պետութեան, հայկական համայնքներու, մեծ ու պզտիկ հոգեւոր եւ աշխարհիկ «առաջնորդներու» մասին, որ կը մտածեմ, թէ մեր թշնամիները հակահայ քարոզչութիւն ընելու կարիք չունին: Արդիւնքը համատարած փոխադարձ վստահութեան խախտում է: Կը լսենք եւ կը կարդանք, նոյնիսկ երբ գիտենք, որ համացանցը, վասն խօսքի ազատութեան, ապատեղեկատուութեան դաշտ է: Մաղ չկայ: Սխալ, վարկաբեկում, գայթակղութիւն, քէն, անորակ փառասիրութիւններ գումարուելով` կը դառնան ախտաւոր հոգիներու բանիմացութեան տիկնիկային հանդէս: Դառնացածներ եւ ոճիր-արկածի եւ «ասէկօսէ»-ի սիրահարներ ձանձրոյթ եւ ամլութիւն բաւարարելու համար անով կը սնանին եւ ծափ կու տան, կը սնուցանեն «սեւացրէքի իմաստունները», որոնք կը կարծեն ծառայել` թատերասրահ շարքերու անցքերուն մէջ աւելցուած ծալուող աթոռակ մը ունենալու համար, փոխան աթոռի:
Հին ժամանակներ գաղթակայաններու մէջ մարդիկ սրճարան կ՛երթային, կամ բակերու մէջ աթոռակներու վրայ նստած` օրուան դէպքերու մասին կը խօսէին, իրենք զիրենք քիչ մը աւելի իմաստուն համարողներ քաղաքական վերլուծումներ կ՛ընէին, թրքերէն կամ հայերէն: Տիրական կարծիք յայտնելու համար անվիճելի ներածական կամ եզրակացութիւն էր ըսել, որ այս կամ հարցին կամ իրադարձութեան մէջ «Անգլիոյ մատը կայ», «ինկիլիզին» մատը»: Սովորական էր նաեւ, որ շաբաթավերջին խմիչքին պատիւ ընծայողներ, ի լուր լսողաց բարձրաձայն, յայտարարեն, որ իրենք Սուրիան, Լիբանանը, կառավարելու չափ խելք ունին, իրենց ափին մէջ կրնան խեղդամահ ընել թուրքը կամ ռուսը: Այսպէս է ամբարտակները քանդող գինիին եւ կուռքի վերածուած եսին միացեալ ուժը:
Հիմա քաղաքական վերլուծումներու, դատումներու եւ տեսութիւններու համար սրճարանի, բակերու, խօսակիցի եւ ունկնդիրի կարիք չկայ: Անոնք եկած եւ խցուած են համակարգիչի էջին վրայ: Մարգարէներ, Սողոմոն իմաստուններ, յապաղած խմբագիրներ, անսխալական հայրենասէրներ, ինքնահռչակ հայրենիքի պաշտպաններ, դատաւորներ, «ինկիլիզին մատը կայ»-ի ամենագէտներ զիրար կը հրմշտկեն կամակարգիչի այդ պզտիկ տարածութեան վրայ: Ոչի՛նչ ըրած, են ոչի՛նչ կ՛ընեն, ըսելիք չունին, անհանգիստ չըլլալու համար ոչ ոքի ծառայութիւն մատուցած են, բայց իրենց ասդիէն անդիէնամէն լսած ճիշդի եւ սխալի մասին վճիռներ կ՛արձակեն, կը դատեն, ըստ նախասիրութիւններու կը գովերգեն կամ սեւցնեն: Ի հարկէ պզտիկ պատուահանին ամայութեան մէջ ոչ ոք իրենց հարց կու տայ, թէ իրենք ի՞նչ ըրած են, ի՞նչ կ՛ընեն: Անոնք «Սուրիա-Լիբանանը կառավարելու» դատարկ կարողութիւններու յաւակնութիւն ունեցող շաբաթավերջի գինովներու աւանդութիւնը կը շարունակեն: Սերունդ փոխուած է, կեանքի մէջ յաջողածներ եւ թերթ ու գիրք կարդացողներ կան, մանաւանդ` օրը քսանչորս ժամ գիտութիւն ջամբող ազատ համալսարան-համացանցի ազատ ունկնդիրներ, որոնք սորված են ամէն բանի մասին, հետեւաբար ամէն բանի մասին կարծիք ունին ու կարծիք կը յայտնեն, եւ կը զարգացնեն դիրք ու պաշտօններ ունենալու «յաւակնութիւններ»: Դասակարգ մըն ալ կայ, որ նոյն աթոռակներու համար տիրոջ ձայնը կը կրկնէ, ինչ որ աւանդութիւն է:
Այսքա՜ն մեծ թիւով կուսակցութիւններ, աթոռակալներ, աթոռի թեկնածուներ, տիրական «կարծիք» ունեցողներ, խորհրդային ժամանակներէն աւանդուած «սեւացրէք»-ի թութակներ բանակ են, եւ աղմուկի հեղեղը կը տանի ճիշդը, նպատակը, ազգը, հայրենիքը, պատմութիւնը, մշակոյթը: Ամէն «կարծիք» յայտնող ինքզինքին շնորհած է ճշմարտութեան աւանդապահի իրաւունք: Cacophonie, կ՛ըսէ ֆրանսացին: Փնտռեցի հայերէնը, կակոֆոնիայ, որ հայերէնը կ՛ուռճացնէ որպէս կակոֆոնիայ, բազմանուն եւ բազմաձայն աղմկահանդէս, որ ինծի կը յիշեցնէ, ինչ որ նախակրթարանի պատմութեան դասագիրքիս մէջ սորված էի: Հռոմէացի Պոմպէոս Հայաստան եկած է, հայկական բանակը պարտուած է: Հայերը բազմամարդ պատուիրակութիւն կը ղրկեն բանակցելու: Այդ տեսնելով` Պոմպէոս ըսած է, որ «Եթէ կռուելու եկած էք, քիչ էք, եթէ խօսելու եկած էք, շատ էք»: Ի տես ներսի եւ դուրսի ղեկավարութիւն խաղցողներուն եւ խաղին մասնակցելու ցանկութիւն ունեցողներուն` հայ Պոմպէոս պիտի գտնուի՞, որ ըսէ. «Եթէ մեզ իրաւազրկած թշնամիներուն դէմ գացող բանակ էք, քիչ էք, եթէ կ՛ուզէք փոքրացած հանրապետութեան աթոռները գրաւել, շատ էք»:
Ֆրանսացի իմաստասէր Տեքարթի խօսքը յաճախ մէջբերած եմ: Ան ըսած է, որ` «Ողջախոհութիւնը աշխարհի մէջ ամէնէն լաւ բաժնուած բանն է»: Իմ կողմէս աւելցուցած եմ, որ եթէ Տեքարթ հայերը ճանչցած ըլլար, նման բան պիտի չըսէր:
Արդարեւ, այսքա՜ն բազմաթիւ կարծիքներով, այսքա՜ն բազմաթիւ ղեկավարներով, տեսութիւններով եւ կարծիքներով ժողովուրդ եւ երկիր ինչպէ՞ս իրենց ճամբան պիտի գտնեն: Միշտ նոր եւ միշտ տարբեր ճամբայ պիտի գտնեն:
Կ՛ուզեմ միտքերու այս սրտմաշուք թափառումները աւարտել` փիլիսոփայութեան մէջ յիշուող ընտրելու հրամայկանին վերաբերող Պիւրիտանի իշուն վերաբերող առակով: Պիւրիտանի էշը ծարաւ է եւ սոված: Իր առջեւ կը դնեն կեր եւ ջուր: Պիւրիտանի էշը կ՛անճրկի եւ չի կրնար ընտրել ջուրին եւ կերին միջեւ: Եւ անօթի ու ծարաւ կը սատկի:
Երբ այսքան ուղղութիւն ցոյց տուողներ կան, ինչպէ՞ս ընտրութիւն պիտի կատարուի, ու՞ր երթալու եւ ազգն ու հայրենիքը ու՞ր տանելու համար: Մեր պարագային ընտրութիւնը երկու ուղղութիւններու միջեւ չէ, այլ`բազմաթիւ: Ինչո՞ւ վստահիլ այս մէկուն, ինչպէ՞ս, որու՞ պիտի վստահինք, որ ընտրէ, ինչու՞ պիտի վստահինք այս մէկուն եւ ոչ միւսին, ի՞նչ ընելով երբ մէկերը եւ միւսները յոգնակի են:
Պիտի յայտնուի՞ ՄԷԿ ստեղծող ալքիմիկոսը (alchimiste): Ոչ շպարողը:
Եթէ ուշանանք, ո՛չ առու կը մնայ ո՛չ արտ: Կը շարունակենք յուշագրութիւններու աւանդութիւնը: